Անցնիլ բովանդակութեան

Օրուան համարը

Օրուան համարը

Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր գրքոյկին մէջ ամէն օր կը գտնես Աստուածաշունչէն համար մը եւ ատոր բացատրութիւնը։ Այս գրքոյկը քեզի կրնայ օգնել, որ օրդ դրական եւ շինիչ նիւթերով սկսիս։

Օրուան մէջ որեւէ ատեն կրնաս համարը եւ ատոր բացատրութիւնը կարդալ։ Շատեր կը սիրեն առտուները կարդալ, եւ ասանկով օրուան մէջ առիթ կ’ունենան որ այդ տեղեկութիւններուն մասին մտածեն։ Եթէ ընտանիք ունիս, կրնաք օրուան համարը միասնաբար նկատի առնել։

Օրուան համարը կրնաս կարդալ Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ–էն կամ ալ կրնաս աս գրքոյկին PDF–ը բեռնել որ ամբողջ տարուան ամէն մէկ օրուան համարը կարենաս կարդալ։