Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ առանց ամուսնանալու միասին ապրելու մասին

Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ առանց ամուսնանալու միասին ապրելու մասին

Աստուածաշունչին պատասխանը

 Աստուածաշունչը կ’ըսէ, թէ Աստուած կ’ուզէ որ մարդիկ ‘ետ կենան պոռնկութենէ’ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։3)։ Աստուածաշունչին մէջ գործածուած «պոռնկութիւն» բառը կ’ակնարկէ շնութեան,– այսինքն՝ սեռային յարաբերութիւն, որ կ’ըլլայ երկու անհատներու միջեւ, որոնցմէ առնուազն մէկը ամուսնացած է,– միասեռականութեան եւ իրարու հետ չամուսնացած տղամարդու մը եւ կնոջ մը միջեւ սեռային յարաբերութեան։

 Ինչո՞ւ Աստուծոյ համար կարեւոր է, թէ զոյգ մը իրարու հետ ամուսնացա՛ծ են կամ ոչ

  •   Ամուսնութիւնը հիմնողը Աստուած է։ Ան ամուսնութիւնը հիմնեց, երբ առաջին տղամարդն ու կինը իրարու միացուց (Ծննդոց 2։22-24)։ Ան ուզեց, որ տղամարդն ու կինը իրարու հետ ամուսնանան եւ իրարու հաւատարիմ մնան, եւ ոչ թէ՝ պարզապէս որոշ ժամանակ իրարու հետ ապրին։

  •   Աստուած գիտէ թէ ի՛նչ է լաւագոյնը մարդոց համար։ Աստուծոյ նպատակն էր, որ ամուսնութիւնը մնայուն ըլլար, քանի որ գիտէր որ ատիկա ընտանիքի բոլոր անդամներուն համար օգտակար պիտի ըլլար։ Օրինակ մը նկատի առ։ Երբ ապրանք մը կը գնենք եւ կ’ուզենք զայն ճշգրտօրէն կազմել, պէտք է շինողին տուած ուղղութիւններուն հետեւինք։ Նոյնպէս, Աստուծոյ ուղղութիւնները մեզի կ’ըսեն, թէ ինչպէ՛ս կրնանք ընտանեկան յաջող փոխյարաբերութիւններ ունենալ։ Անոնք՝ որոնք Աստուծոյ չափանիշներուն կը հետեւին, միշտ կ’օգտուին (Եսայի 48։17, 18

    Երբ ապրանք մը կը գնենք եւ կ’ուզենք զայն ճշգրտօրէն կազմել, պէտք է շինողին տուած ուղղութիւններուն հետեւինք։ Նոյնպէս, Աստուծոյ ուղղութիւնները մեզի կ’ըսեն, թէ ինչպէ՛ս կրնանք ընտանեկան յաջող փոխյարաբերութիւններ ունենալ

  •   Ամուսնութենէն դուրս սեռային յարաբերութիւնը կրնայ գէշ արդիւնքներ ունենալ։ Օրինակ, անոր հետեւանքը կրնայ ըլլալ՝ չծրագրուած յղութիւն, սեռային յարաբերութեամբ փոխանցուող հիւանդութիւններ եւ զգացական տառապանք։

  •   Աստուած տղամարդուն եւ կնոջ կարողութիւն տուած է, որ սեռային յարաբերութեան միջոցով զաւակներ բերեն։ Աստուծոյ աչքին կեանքը սուրբ է, եւ զաւակներ բերելու կարողութիւնը թանկագին նուէր մըն է։ Աստուած կ’ուզէ, որ միայն ամուսնութեան մէջ սեռային յարաբերութիւն ունենանք։ Երբ իրեն հնազանդինք, ցոյց կու տանք որ իր տուած նուէրը կ’արժեւորենք (Եբրայեցիս 13։4

 Ընդունելի՞ է, որ զոյգ մը ամուսնանալէ առաջ իրարու հետ ապրին՝ տեսնելու համար եթէ իրարու յարմար են

 Յաջող ամուսնութիւն մը ունենալու համար, պայման չէ որ զոյգ մը որոշ ժամանակ մը իրարու հետ ապրին՝ իւրաքանչիւրը ազատ ըլլալով, որ ձգէ երթայ ե՛րբոր ուզէ։ Փոխարէնը, զոյգ մը իրարու հետ աւելի լաւ փոխյարաբերութիւն պիտի ունենան, երբ վճռեն իրարու հետ մնալ եւ միասին խնդիրները լուծել։ Ամուսնացած անհատները ուխտ ըրած են։ Անոր համար, աւելի հաւանական է որ շարունակեն իրարու հետ մնալ (Մատթէոս 19։6

 Զոյգերը ինչպէ՞ս կրնան իրենց ամուսնութիւնը զօրացնել

 Կատարեալ ամուսնութիւն չկայ։ Բայց զոյգերը կրնան յաջող ամուսնութիւն ունենալ, հետեւելով Աստուածաշունչի խրատներուն։ Օրինակ՝