Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուած քանի՞ անուն ունի

Աստուած քանի՞ անուն ունի

Աստուածաշունչին պատասխանը

 Աստուած միայն մէկ անձնական անուն ունի։ Եբրայերէնով ատիկա կը գրուի՝ יהוה եւ հայերէնով ատիկա ընդհանրապէս կը թարգմանուի «Եհովա» a։ Աստուած իր մարգարէին՝ Եսայիին՝ միջոցաւ ըսաւ. «Ես Եհովան եմ. իմ անունս այս է» (Եսայի 42։8)։ Այս անունը կ’երեւի մօտ 7000 անգամ Աստուածաշունչի հին ձեռագիրներուն մէջ։ Ատիկա Աստուծոյ տրուած որեւէ տիտղոսէ եւ ուրիշ որեւէ անձնական անունէ աւելի՛ կը նշուի Աստուածաշունչին մէջ b։

Աստուած ուրիշ անուններ ունի՞

 Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ որ Աստուած մէկ անձնական անուն ունի։ Բայց Աստուածաշունչին մէջ անցած են նաեւ շատ մը տիտղոսներ եւ Աստուած նկարագրող արտայայտութիւններ։ Այս ցանկը ցոյց կու տայ որ ինչպէ՛ս ամէն մէկ արտայայտութիւն կը յայտնէ Եհովային անձնաւորութեան մէկ երեսակը։

Տիտղոս

Աստուածաշնչական համարներ

Նշանակութիւն

Ալլահ

 

«Ալլահ» արաբերէն բառը անձնական անուն չէ, հապա տիտղոս մը՝ որ կը նշանակէ «Աստուած»։ Աստուածաշունչի արաբերէն եւ ուրիշ լեզուով թարգմանութիւններ կը գործածեն «Ալլահ» բառը։

Ալֆան եւ Օմէղան

Յայտնութիւն 1։8, 21։6, 22։13

«Առաջինը ու Վերջինը» կամ «Սկիզբը եւ Վախճանը». ինչ որ կը նշանակէ որ Եհովայէն առաջ չկար ամենակարող Աստուած մը եւ իրմէ վերջ ալ պիտի չ’ըլլայ (Եսայի 43։10)։ Ալֆան եւ Օմէղան յունարէն այբուբենի առաջին եւ վերջին տառերն են։

Աղօթքի Լսող

Սաղմոս 65։2

Անձամբ մտիկ կ’ընէ ամէն աղօթքի, որ հաւատքով կը ներկայացուի։

Ամենակարող

Ծննդոց 17։1

Ա՛յնքան զօրութիւն ունի, որ մէկը չի կրնար իր դէմը կենալ։ Եբրայերէն Էլ Շատ·տայ արտայայտութիւնը, որ կը նշանակէ «Ամենակարող Աստուած» եօթը անգամ կ’երեւի Աստուածաշունչին մէջ։

Ամենասուրբ

Առակաց 9։10

Ոեւէ արարածէ աւելի սուրբ (բարոյապէս մաքուր եւ անարատ)։

Աստուած

Ծննդոց 1։1

Ան՝ որ կը պաշտուի, հզօր։ Եբրայերէն Էլօ·հիմ բառը յոգնակի է. ինչ որ ցոյց կու տայ Եհովային մեծութիւնը, բարձրաստիճան դիրքը կամ գերազանցութիւնը։

Աստուածներուն Աստուածը

Բ. Օրինաց 10։17

Գերագոյն Աստուածը որ տարբեր է «կուռքերէն» կամ չաստուածներէն, որ ոմանք կը պաշտեն (Եսայի 2։8

Բարձրեալ

Սաղմոս 47։2

Ամէնէն բարձր դիրքը կը գրաւէ։

Բրուտ

Եսայի 64։8

Հեղինակութիւն ունի անհատներու եւ ազգերու վրայ, ճիշդ ինչպէս որ բրուտը հեղինակութիւն ունի կաւին վրայ (Հռովմայեցիս 9։20, 21

Ես եմ ՈՐ ԷՆ

Ելից 3։14

Պէտք եղածը կը դառնայ որ իր նպատակը իրագործէ։ Աստուածաշունչի ուրիշ թարգմանութիւններ այս արտայայտութիւնը կը թարգմանեն՝ «Ես պիտի ըլլամ ինչ որ կ’ուզեմ ըլլալ»։ Այս նկարագրութիւնը կ’օգնէ բացատրելու Աստուծոյ անձնական անունը, որ յաջորդ համարին մէջ կ’երեւի (Ելից 3։15

Հայր

Մատթէոս 6։9

Կեանք տուող։

Հինաւուրց/յաւիտեան կենդանի

Դանիէլ 7։9, 13, 22

Սկիզբ չունի։ Ամէն ապրող էակէ եւ ամէն բանէ առաջ գոյութիւն ունեցած է (Սաղմոս 90։2

Հովիւ

Սաղմոս 23։1

Իր երկրպագուներուն հոգ կը տանի։

Յաւիտենական թագաւոր

Ա. Տիմոթէոս 1։17

Իր իշխանութիւնը ո՛չ սկիզբ ունի, ոչ ալ վերջ։

Նախանձոտ

Ելից 34։14

Պաշտամունքի մէջ մրցակցութիւն չի հանդուրժեր։ Աստուածաշունչի ուրիշ թարգմանութիւններ այս բառը կը թարգմանեն «մրցակիցի չի հանդուրժեր» եւ «ճանչցուած է որպէս բացարձակ պաշտամունք պահանջող»։

Պարիսպ, վէմ

Սաղմոս 18։2, 46

Ապահով ամրոց եւ փրկութեան աղբիւր։

Սաբաւովթ

Եսայի 47։4

Հրեշտակներու հզօր բանակի հրամանատար։ Աստուածաշունչին մէջ «Սաբաւովթ» նաեւ թարգմանուած է՝ երկնային «զօրքերու Տէր» (Եսայի 1։9

Ստեղծիչ

Եսայի 40։28

Իրմով ամէն բան գոյութիւն ունեցաւ։

Տէր

Սաղմոս 135։5

Տէրն ու տիրական, սեփականատէր։ Եբրայերէն՝ Ա·տոն եւ Ատո·նիմ։

Փրկիչ

Եսայի 45։21

Վտանգէ կամ կործանումէ կ’ազատէ։

Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ վայրերու անուններ

 Աստուածաշունչին մէջ, կարգ մը վայրերու անուններ իրենց մէջ կը պարփակեն Աստուծոյ անձնական անունը, բայց ատոնք Աստուծոյ անունները չեն։

Վայրի անուն

Աստուածաշնչական համարներ

Նշանակութիւն

Եհովայիրէ

Ծննդոց 22։13, 14

«Տէրը (Եհովան) պիտի տեսնէ, կամ՝ Տէրը (Եհովան) պիտի պատասխանէ»։

Եհովանիսի

Ելից 17։15

«Տէրը (Եհովան) իմ դրօշակս է»։ Եհովան այն Աստուածն է, որուն մարդիկ կրնան դիմել՝ պաշտպանուելու եւ օգնութիւն ստանալու համար (Ելից 17։13-16

Եհովա–Շալօմ

Դատաւորաց 6։23, 24

«Տէր (Եհովա) խաղաղութեան, կամ՝ Տէրոջը (Եհովայի) խաղաղութիւնը»։

Եհովաշամա

Եզեկիէլ 48։35

«Տէրը (Եհովան) հոն է»։

Ինչո՞ւ պէտք է Աստուծոյ անունը գիտնալ եւ գործածել

  • Յստակ է որ Աստուած իր անձնական անունը՝ Եհովա՝ շատ կարեւոր կը սեպէ, քանի որ այդ անունը հազարաւոր անգամներ կ’երեւի Աստուածաշունչին մէջ (Մաղաքիա 1։11

  • Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուս՝ կրկին անգամ շեշտեց Աստուծոյ անուան կարեւորութիւնը։ Օրինակ, ան Եհովային աղօթեց՝ ըսելով. «Քու անունդ սուրբ ըլլայ» (Մատթէոս 6։9. Յովհաննէս 17։6

  • Անոնք՝ որոնք Աստուծոյ անունը կը ճանչնան եւ կը գործածեն, առաջին քայլերը կ’առնեն որ Եհովային հետ իրենց բարեկամութիւնը կերտեն (Սաղմոս 9։10. Մաղաքիա 3։16)։ Այս բարեկամութիւնը իրենց կ’օգնէ որ Աստուծոյ խոստումէն օգտուին. «Որովհետեւ ինծի կը ցանկայ, անոր համար ես պիտի փրկեմ զանիկա. անոր ամրութիւն պիտի ըլլամ, վասն զի անիկա իմ անունս գիտցաւ» (Սաղմոս 91։14

  • Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Կան շատ աստուածներ ու շատ տէրեր» թէ՛ երկինքը եւ թէ երկրի վրայ (Ա. Կորնթացիս 8։5, 6)։ Բայց ատիկա նաեւ յստակ կերպով կ’ըսէ որ մէկ ճշմարիտ Աստուած կայ, որուն անունը Եհովա է (Սաղմոս 83։18

a Կարգ մը եբրայագէտներ կ’ըսեն որ աւելի ճիշդ է Աստուծոյ անունը «Եահվէ» արտասանել։

b Աստուծոյ անուան կրճատուած ձեւը՝ «Եահ» կ’երեւի մօտ 50 անգամ Աստուածաշունչին մէջ, մէջը ըլլալով «Ալէլուիա» բառին մէջ, որ կը նշանակէ «գովաբանեցէք Եահը» (Յայտնութիւն 19։1