Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏԱՆԻՆԵՐԸ ԿԸ ՀԱՐՑՆԵՆ

Բերանային սեռը իրապէս սեռային յարաբերութի՞ւն է

Բերանային սեռը իրապէս սեռային յարաբերութի՞ւն է

Ա.Մ.Ն.–ի Հիւանդութիւններ հակակշռելու եւ կանխարգիլելու կեդրոններու տեղեկագրի մը համաձայն, հարցազրոյցին մասնակցող 15-19 տարեկան եղողներուն շուրջ կէսը բերանային սեռ ըրած է։ Oral Sex Is the New Goodnight Kiss գիրքը գրող Շարլին Էյզամ կ’ըսէ. «Պատանիներ կ’ըսեն, որ բերանային սեռ ընելը բնական բան մըն է։ Իրենց կարծիքով, ատիկա նոյնիսկ սեռային յարաբերութիւն չէ»։

 Քու կարծիքդ ի՞նչ է

Այս հարցումներուն «այո» կամ «ոչ» պատասխանէ։

  1. 1. Աղջիկ մը կրնա՞յ յղի մնալ, եթէ բերանային սեռ ընէ։

    1. Ա. Այո

    2. Բ. Ոչ

  2. 2. Բերանային սեռը կրնա՞յ առողջապահական խնդիրներու պատճառ ըլլալ։

    1. Ա. Այո

    2. Բ. Ոչ

  3. 3. Բերանային սեռը իրապէս սեռային յարաբերութի՞ւն է։

    1. Ա. Այո

    2. Բ. Ոչ

 Ճիշդ պատասխանները ի՞նչ են

Տե՛ս շիտակ պատասխանները։

  1. 1. Աղջիկ մը կրնա՞յ յղի մնալ, եթէ բերանային սեռ ընէ։

    Պատասխան. Ո՛չ, չի կրնար։ Ատոր համար շատեր կը կարծեն, թէ բերանային սեռը անվնաս է։

  2. 2. Բերանային սեռը կրնա՞յ առողջապահական խնդիրներու պատճառ ըլլալ։

    Պատասխան. Այո՛։ Անհատ մը, որ բերանային սեռ ընելու սովորութիւնը ունի, կրնայ հետեւեալ հիւանդութիւններով վարակուիլ՝ լերդաբորբ A կամ B (hepatitis), սեռային անդամներու կոծիծ (wart), սերմնակաթութիւն (gonorrhea), սողնախտ (herpes), մարդկային դիմադրողականութեան անբաւարարութեան ժահրը (HIV) եւ ֆրանկախտ (syphilis)։

  3. 3. Բերանային սեռը իրապէս սեռային յարաբերութի՞ւն է։

    Պատասխան. Այո՛։ Սեռային յարաբերութիւն է՝ որեւէ բան որ անհատ մը կ’ընէ, որ կապ ունի ուրիշին սեռային անդամներուն հետ, ինչպէս՝ բնական սեռային յարաբերութիւն, բերանային սեռ, յետոյքային սեռ եւ ուրիշին սեռային անդամները շոյել։

 Ինչո՞ւ կարեւոր է գիտնալ, թէ Սուրբ Գիրքը ի՛նչ կ’ըսէ

Նկատի առ քանի մը համարներ, որոնք բերանային սեռի նիւթին հետ կապ ունին։

Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Աստուած կը կամենայ որ դուք սուրբ ըլլաք, ետ կենաք պոռնկութենէ» (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։3

«Պոռնկութիւն» թարգմանուած յունարէն բառը կ’ակնարկէ ամուսնութենէն դուրս եղած ամէն տեսակ սեռային վարքի, մէջը ըլլալով բնական սեռային յարաբերութիւնը, բերանային սեռը, յետոյքային սեռը եւ ուրիշին սեռային անդամները շոյելը։ Ան որ սեռային անբարոյութիւն կ’ընէ, Աստուծոյ հետ իր փոխյարաբերութեան կը վնասէ եւ ուրիշ գէշ հետեւանքներ կը կրէ (Ա. Պետրոս 3։12

Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Ան որ կը պոռնկանայ, իր մարմնին դէմ կը մեղանչէ» (Ա. Կորնթացիս 6։18

Բերանային սեռը կրնայ հիւանդութեան պատճառ ըլլալ եւ Աստուծոյ հետ անհատին փոխյարաբերութեան վնասել։ Անիկա կրնայ նաեւ անհատին վնասել զգացական գետնի վրայ։ Talking Sex With Your Kids գիրքը կ’ըսէ որ այն անհատը, որ ամուսնանալէ առաջ սեռային յարաբերութիւն կ’ընէ, կրնայ զղջալ կամ գործածուած եւ չսիրուած զգալ։ Եւ նոյնը կրնանք ըսել սեռային միւս արարքներուն մասին։ Սեռային որեւէ արարք սեռային յարաբերութիւն է։

Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, որ քեզի օգտակար եղածը կը սորվեցնեմ» (Եսայի 48։17

Կը հաւատա՞ս որ սեռային յարաբերութեան նկատմամբ Աստուծոյ օրէնքները իրապէս օգտակար են քեզի, թէ ոչ՝ կը զգաս որ ազատութիւնդ կը սահմանափակեն։ Պատասխան տալու համար, մտածէ խճողուած մայրուղիի մը մասին, ուր կան արագութիւնը սահմանափակող նշաններ, երթեւեկի լոյսեր եւ կանգ առնելու նշաններ։ Այդ նշանները սահմանափակումնե՞ր կը նկատես, թէ ոչ՝ պաշտպանութիւն։ Ի՞նչ պիտի պատահէր եթէ դուն կամ ուրիշ վարորդներ զանոնք անտեսէիք։

Երթեւեկի օրէնքները ազատութիւնդ կը սահմանափակեն, բայց քեզ կը պաշտպանեն։ Նոյնպէս Աստուծոյ օրէնքները սահմանափակումներ կը դնեն, բայց քեզ ապահով կը պահեն

Նոյնն է պարագան Աստուծոյ չափանիշներուն։ Վստահ եղիր, որ եթէ զանոնք անտեսես, պիտի հնձես այն ինչ որ կը ցանես (Գաղատացիս 6։7, 8Sex Smart գիրքը կ’ըսէ. «Ո՛րքան աւելի անտեսես այն բաները, որոնց կը հաւատաս, եւ ընես բաներ, որոնք կը խորհիս որ ճիշդ չեն, ա՛յնքան աւելի անձիդ հանդէպ յարգանքդ պիտի պակսի»։ Փոխարէնը, եթէ Աստուծոյ չափանիշներուն համաձայն ապրիս, ցոյց պիտի տաս, որ իսկապէս բարոյականութեան տէր անձ մըն ես։ Եւ աւելի կարեւորը, խիղճդ մաքուր պիտի մնայ (Ա. Պետրոս 3։16