Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Դաս 1

Ինչպիսի՞ մարդիկ են Եհովայի վկաները

Ինչպիսի՞ մարդիկ են Եհովայի վկաները

Դանիա

Թայուան

Վենեզուելլա

Հնդկաստան

Քանի՞ Եհովայի վկայ կը ճանչնաս։ Մեզմէ ոմանք՝ թերեւս ըլլան դրացիներդ, պաշտօնակիցներդ կամ դասընկերներդ։ Կամ՝ թերեւս քեզի հետ Աստուածաշունչի քննարկութիւններ ունեցած ենք։ Իրապէս ո՞վ ենք մենք, եւ ինչո՞ւ մեր հաւատալիքները հրապարակաւ կը բաժնենք։

Սովորական մարդիկ ենք։ Մենք այլազան ենթահողերէ եւ ընկերային խաւերէ կու գանք։ Մեզմէ ոմանք՝ նախապէս տարբեր կրօնքի կը պատկանէին, իսկ ուրիշներ Աստուծոյ չէին հաւատար։ Վկաներ ըլլալէ առաջ սակայն, բոլորս ժամանակ տրամադրեցինք Աստուածաշունչի ուսուցումները ուշադրութեամբ քննելու համար (Գործք 17։11)։ Մեր սորվածները ընդունեցինք եւ ապա Եհովան պաշտելու անձնական որոշում կայացուցինք։

Աստուածաշունչը ուսումնասիրելով կ’օգտուինք։ Ուրիշներու նման, խնդիրներու եւ անձնական տկարութիւններու հետ պէտք է գլուխ ելլենք։ Սակայն ջանալով մեր առօրեայ կեանքին մէջ Աստուածաշունչի սկզբունքները կիրարկել, մեր կեանքի որակը աչքառու կերպով բարեփոխուած է (Սաղմոս 128։1, 2)։ Ասիկա պատճառներէն մէկն է, թէ ինչո՛ւ ուրիշներու հետ կը բաժնենք այն լաւ բաները, որոնք Աստուածաշունչէն սորված ենք։

Աստուածային արժանիքներու համաձայն կ’ապրինք։ Աստուածաշունչի արժանիքները յառաջ կը մղեն մեր բարօրութիւնը եւ ուրիշներուն հանդէպ յարգանքը, ինչպէս նաեւ՝ պարկեշտութեան եւ ազնուութեան նման յատկութիւններ։ Այդ արժանիքները ընկերութեան առողջ ու արդիւնաբեր անդամներ մէջտեղ գալուն կը նպաստեն, եւ բարոյականութիւնն ու ընտանեկան միութիւնը կը քաջալերեն։ Համոզուած ըլլալով թէ «Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ», մենք կը պատկանինք միջազգային հոգեւոր եղբայրութեան մը, որ ցեղային ու քաղաքական խոչընդոտներէ զերծ է։ Թէեւ սովորական մարդիկ ենք, սակայն իւրայատուկ ժողովուրդ կը կազմենք (Գործք 4։13. 10։34, 35

  • Եհովայի վկաները ուրիշ մարդոց հետ հասարակաց ի՞նչ բաներ ունին։

  • Աստուածաշունչը ուսումնասիրելով, Վկաները ի՞նչ արժանիքներ սորված են։