Անոնց հաւատքը ընդօրինակենք

Ժամանակագրական ցուցակ

Ժամանակագրական ցուցակը եւ քարտէսները քեզի պիտի օգնեն պատկերացնելու, թէ Աստուածաշունչի այս հաւատարիմները ե՛րբ եւ ո՛ւր ապրեցան։

Նամակ՝ Կառավարիչ մարմինէն

Կառավարիչ մարմինը ջերմօրէն կը քաջալերէ բոլորը որ լիովին օգտուին այս գիրքը կարդալով ու սերտելով, թէ՛ անձամբ եւ թէ ընտանեօք։

Նախաբան

Աստուածաշունչը լեցուն է հաւատարիմ տղամարդոց եւ կիներու պատմութիւններով։ Ինչպէ՞ս կրնանք իրենց օրինակներէն օգտուիլ։

ԱԲԷԼ

«Թէպէտ մեռաւ, բայց տակաւին կը խօսի»

Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աբէլէն եւ անոր հաւատքէն, երբ անոր մասին շատ բան չէ յիշուած Աստուածաշունչին մէջ։

ՆՈՅ

Ան «Աստուծոյ հետ քալեց»

Նոյ եւ իր կինը իրենց զաւակները կրթելու մէջ ի՞նչ մարտահրաւէրներ դիմագրաւեցին։ Տապանը շինելով՝ ինչպէ՞ս հաւատք դրսեւորեցին։

ԱԲՐԱՄ

‘Բոլոր հաւատացողներուն հայրը’

Աբրամ ինչպէ՞ս հաւատք ցուցաբերեց։ Ո՞ր կերպերով կ’ուզես Աբրամի հաւատքը ընդօրինակել։

ՀՌՈՒԹ

«Ո՛ւր որ երթաս՝ հոն պիտի երթամ»

Հռութ ինչո՞ւ պատրաստ էր իր ընտանիքն ու հայրենիքը ձգելու։ Ան ինչպիսի՞ յատկութիւններ դրսեւորեց։

ՀՌՈՒԹ

«Առաքինի կին մը»

Հռութի եւ Բոոսի ամուսնութիւնը ինչո՞ւ նշանակալից է։ Հռութէն եւ Նոյեմիէն ի՞նչ դաս կը քաղենք ընտանիքի մասին։

ԱՆՆԱ

Ան աղօթքով իր սիրտը բացաւ Աստուծոյ առջեւ

Եհովայի հանդէպ հաւատք ունենալը օգնեց Աննային, որ անտանելի թուող պարագայի մը հետ գլուխ ելլէ։

ՍԱՄՈՒԷԼ

Ան «Տէրոջը առջեւ մեծցաւ»

Սամուէլի մանկութիւնը ինչպէ՞ս արտասովոր էր։ Երբ խորանին մէջ կը ծառայէր, ի՞նչը իրեն օգնեց որ զօրաւոր հաւատք կերտէ։

ՍԱՄՈՒԷԼ

Յուսախաբութիւններու ներքեւ տոկաց

Բոլորս յուսախաբութիւններ կը դիմագրաւենք։ Սամուէլի տոկունութենէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

ԱԲԻԳԻԱ

Ան խոհեմութեամբ վարուեցաւ

Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աբիգիայի ամուսնական դժուար կացութենէն։

ԵՂԻԱ

Ան պաշտպանեց մաքուր պաշտամունքը

Ինչպէ՞ս կրնանք ընդօրինակել Եղիան, երբ կը խօսինք անոնց հետ, որոնք համակարծիք չեն Աստուածաշունչին ուսուցումներուն։

ԵՂԻԱ

Ան դիտեց եւ սպասեց

Եղիա մարգարէն ինչպէ՞ս աղօթարար կեցուածք մը ցուցաբերեց, մինչ կը սպասէր Եհովայի խոստումին կատարման։

ԵՂԻԱ

Ան մխիթարութիւն գտաւ իր Աստուծոյն քով

Ո՞ր դէպքերը Եղիան վհատեցուցին այն աստիճան որ ուզեց մեռնիլ։

ՅՈՎՆԱՆ

Ան իր սխալներէն սորվեցաւ

Յովնանէն շատ արժէքաւոր դասեր կը սորվինք Եհովայի համբերութեան եւ ողորմութեան մասին։

ՅՈՎՆԱՆ

Ան ողորմութեան դաս մը սորվեցաւ

Յովնանի պատմութիւնը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ որ անկեղծ ինքնաքննութիւն ընենք։

ԵՍԹԵՐ

Ան պաշտպանեց Աստուծոյ ժողովուրդը

Եսթերի նման, անձնազոհ սէր ցուցաբերելը հաւատք եւ քաջութիւն կը պահանջէ։

ԵՍԹԵՐ

Ան իմաստուն, քաջ եւ անձնուրաց գտնուեցաւ

Եսթեր ինչպէ՞ս Եհովային եւ իր ժողովուրդին համար անձնուրացօրէն գործեց։

ՄԱՐԻԱՄ

«Ահա ես Տէրոջը աղախինն եմ»

Մարիամին հակազդեցութիւնը Գաբրիէլ հրեշտակի ըսածին ի՞նչ կը յայտնէ իր հաւատքին մասին։ Ան ուրիշ ի՞նչ յատկութիւններ ցուցաբերեց։

ՄԱՐԻԱՄ

Ան «իր սրտին մէջ կը մտածէր»

Բեթլեհէմի մէջ Մարիամի փորձառութիւնները Եհովայի խոստումներուն հանդէպ իր հաւատքը ամրացուցին։

ՅՈՎՍԷՓ

Ան պաշտպանեց, ան հայթայթեց, ան յարատեւեց

Յովսէփ ի՞նչ կերպերով իր ընտանիքը պաշտպանեց։ Ան ինչո՞ւ Մարիամը եւ Յիսուսը Եգիպտոս տարաւ։

ՄԱՐԹԱ

«Ես հաւատացեր եմ»

Մարթան ինչպէ՞ս նոյնիսկ վշտալից ժամանակի մը ընթացքին աչքառու հաւատք ցուցաբերեց։

ՊԵՏՐՈՍ

Ան պայքարեցաւ վախի եւ կասկածի դէմ

Կասկածը կրնայ զօրեղ եւ կործանիչ ոյժ ըլլալ։ Բայց Պետրոս Յիսուսին հետեւելու նկատմամբ իր վախն ու կասկածը յաղթահարեց։

ՊԵՏՐՈՍ

Հաւատարիմ մնաց փորձութիւններու դիմաց

Պետրոսի հաւատքն ու հաւատարմութիւնը ինչպէ՞ս իրեն օգնեցին որ Յիսուսի սրբագրութիւնը ընդունի։

ՊԵՏՐՈՍ

Ան Տէրոջմէն ներողամտութիւն սորվեցաւ

Յիսուս Պետրոսին ի՞նչ սորվեցուց ներողամտութեան մասին։ Յիսուս ինչպէ՞ս փաստեց թէ Պետրոսին ներած էր։

Վերջաբան

Ինչպէ՞ս կրնաս շարունակել հաւատքդ ամրացնել եւ յոյսդ մտքիդ մէջ վառ պահել։

Թերեւս քեզ հետաքրքրէ

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԱՆԴԷՊ ՀԱՒԱՏՔ

Անոնց հաւատքը ընդօրինակել

Աստուածաշունչի հաւատարիմ տղամարդիկն ու կիները ընդօրինակէ եւ Աստուծոյ մօտեցիր։