Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Մաս 2

Իրարու հաւատարիմ եղէք

Իրարու հաւատարիմ եղէք

«Զայն որ աստուած միաւորեց, մարդ թող չզատէ» (Մարկոս 10։9)

Եհովան մեզի կը պատուիրէ. «Անհաւատարիմ մի՛ ըլլաք» (Մաղաքիա 2։16)։ Ասիկա մանաւանդ կարեւոր է ամուսնութեանդ մէջ, քանի որ եթէ հաւատարմութիւն չկայ, վստահութիւն չկայ։ Եւ վստահութիւնը կարեւոր է, որպէսզի սէրը աճի։

Ներկայիս, ամուսնութեան մէջ հաւատարմութիւնը վտանգի տակ է։ Ամուսնութիւնդ պաշտպանելու համար, պէտք է վճռես երկու բան ընել։

1 ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆԴ ՆԱԽԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ ՏՈՒՐ

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Կ’ԸՍԷ. ‘Աւելի կարեւոր բաները ընտրեցէք’ (Փիլիպպեցիս 1։10, ՆԱ)։ Ամուսնութիւնդ կեանքիդ կարեւորագոյն բաներէն մէկն է։ Ուստի կ’արժէ՛ անոր նախապատուութիւն տալ։

Եհովան կ’ուզէ որ կեդրոնանաս կողակիցիդ վրայ եւ միասնաբար ‘կեանքը վայելէք’ (Ժողովող 9։9)։ Ան յստակ կերպով կ’ըսէ թէ բնա՛ւ պէտք չէ անտեսես կողակիցդ. ընդհակառակը, պէտք է զիրար երջանկացնելու կերպեր փնտռէք (Ա. Կորնթացիս 10։24)։ Կողակիցդ թող զգայ որ իրեն պէտք ունիս եւ զինք կը գնահատես։

ՀԵՏԵՒԵԱԼԸ ՓՈՐՁԷ.

  • Վստահ եղիր որ կանոնաւորաբար միասին ժամանակ կ’անցընէք, ամբողջովին կողակիցիդ վրայ կեդրոնանալով

  • Երկուքի՛դ մտածումներն ու զգացումները հաշուի առ

2 ՍԻՐՏԴ ՊԱՀԷ

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Կ’ԸՍԷ. «Ով որ կին մարդու կը նայի անոր ցանկալու համար, ալ անիկա իր սրտին մէջ շնութիւն ըրաւ անոր հետ» (Մատթէոս 5։28)։ Եթէ մէկը շարունակաբար անբարոյ բաներու մասին մտածէ, առումով մը իր կողակիցին հանդէպ անհաւատարիմ կը գտնուի։

Եհովան կ’ըսէ որ պէտք է ‘սիրտդ պահես’ (Առակաց 4։23. Երեմիա 17։9)։ Ասիկա ընելու համար, պէտք է աչքերդ պահպանես (Մատթէոս 5։29, 30)։ Հետեւէ Յոբ նահապետի օրինակին, որ իր աչքերուն հետ ուխտ ըրաւ որ ուրիշ կնոջ մը ցանկութեամբ չնայի (Յոբ 31։1)։ Վճռէ բնա՛ւ պոռնկագրութիւն չդիտել։ Կողակիցէդ զատ, ոեւէ մէկուն հանդէպ ռոմանթիկ զգացումներ մի՛ զարգացներ։

ՀԵՏԵՒԵԱԼԸ ՓՈՐՁԷ.

  • Ուրիշներուն բացայայտ դարձուր որ ամբողջովին կողակիցիդ յանձնառու ես

  • Կողակիցիդ զգացումները հաշուի առ, եւ անմիջապէս վերջ դիր որեւէ փոխյարաբերութեան, որ կրնայ զինք անհանգստացնել