Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՁԵՐ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԸ ԳՈՐԾԱԾՈՒԻՆ

Պզտիկ տուփ մը մարդոց կ’օգնէ որ իրենց հաւատքը զօրաւոր պահեն

Պզտիկ տուփ մը մարդոց կ’օգնէ որ իրենց հաւատքը զօրաւոր պահեն

1 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2020

 Որեւէ ժամանակէ աւելի, Եհովայի վկաները Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած շա՛տ ելեկտրոնային հրատարակութիւններ եւ վիտէօներ կը ստանան։ Բայց կարգ մը երկիրներու մէջ, մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն համար Ինթըրնէթ գործածելը շա՛տ սուղի կը նայի։ Ուրիշներ կ’ապրին շրջաններու մէջ ուր ելեկտրականութիւնը շատ կ’երթայ–կու գայ, Ինթըրնէթ չկայ կամ ալ ատիկա շա՛տ տկար է։

 Բայց եւ այնպէս մեր եղբայրներէն եւ քոյրերէն շատեր հիմա կրնան ելեկտրոնային հրատարակութիւններ բեռնել նոյնիսկ առա՛նց Ինթըրնէթ ունենալու։ Ասիկա ինչպէ՞ս կարելի է։

 JW Տուփը կը ղրկուի այն ժողովքներուն՝ որոնք սահմանափակ Ինթըրնէթ ունին։ Այս տուփին մէջ կայ ռաութըր, որ առեւտրական ընկերութենէ մը գնուած է, ծրագրակազմ՝ (software) որ պատրաստուած է Բեթէլի Համակարգիչի բաժանմունքին կողմէ եւ jw.org կայքէն ելեկտրոնային հրատարակութիւններ եւ վիտէօներ։ Ամէն մէկ տուփ կ’արժէ մօտաւորապէս 75 ամ. տոլար։

 Թագաւորութեան սրահին մէջ, եղբայրները եւ քոյրերը կրնան իրենց ելեկտրոնային սարքերով կապուիլ JW Տուփին եւ բեռնել հրատարակութիւններ եւ վիտէօներ։ Նոյնիսկ անոնք՝ որոնք հին կամ աժան սարքեր ունին կրնան ատոր կապուիլ։ Բայց եթէ ժողովք մը Ինթըրնէթ չունի, JW Տուփը ինչպէ՞ս կրնայ վերջին հրատարակութիւնները եւ վիտէօները ունենալ իր մէջ։ Մասնաճիւղը կանոնաւորաբար ժողովքին USB կը ղրկէ, որուն մէջ դրած կ’ըլլայ վերջին հրատարակութիւնները եւ վիտէօները եւ ատիկա կը կապէ JW Տուփին։ Ամէն մէկ USB 4 ամ. տոլար է։

 JW Տուփը ինչպէ՞ս օգնած է մեր եղբայրներուն։ Նաթան Ատրուանտրան հայր մըն է որ կ’ապրի Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան մէջ, կը բացատրէ. «Երկար ժամանակէ ի վեր կը փորձէի բեռնել ‘Ո՛վ Եհովա... քեզի ապաւինեցայ’ եւ Մտքերնիդ բերէք Ղովտին կինը ֆիլմերը, բայց անկարելի էր։ Յոյսս կտրեցի։ Հիմա, կրնամ ատոնք հեռաձայնիս վրայ բեռնել եւ ասիկա մեզի կ’օգնէ որ լաւ ծնողներ ըլլանք եւ մեր զաւակները աւելի լաւ դաստիարակենք»։

 Եղբայր մը, որ Նիկերիոյ մէջ ժողովքներուն կ’օգնէ JW Տուփով կ’ըսէ. «Եղբայրներն ու քոյրերը JW Տուփը յատուկ նուէր կը սեպեն Եհովայէն։ Անոնք շա՛տ կ’ուրախանան որ հիմա կրնան դիւրաւ հրատարակութիւնները եւ վիտէօները բեռնել Ուսուցանելու գործիքներու տուփէն»։

 Աւելի քան 1700 JW Տուփեր ղրկուած են մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն, որոնք կը գտնուին Ափրիկէի, Ովկիանիայի եւ Հարաւային Ամերիկայի մէջ։ Ծրագիրներ կան, որ ատոնք ղրկուին շա՛տ աւելի ժողովքներու։ Այս կարգադրութեան ծախսերը ինչպէ՞ս կ’ապահովուին։ Համաշխարհային նուիրատուութիւններուն միջոցաւ, որոնց մեծամասնութիւնը կ’ըլլայ donate.dan124.com կայքին միջոցաւ։ Շատ շնորհակալ ենք ձեր առատաձեռն աջակցութեան համար։