Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՎԵՐԱՊՐԵՑԱՒ

Սուրբ Գիրքը վերապրեցաւ հակառակութենէ

Սուրբ Գիրքը վերապրեցաւ հակառակութենէ

ՎՏԱՆԳԸ։ Շատ մը քաղաքական եւ կրօնական առաջնորդներ ունէին ծրագիրներ, որոնք Սուրբ Գիրքի պատգամին հակառակ էին։ Շատ անգամներ, անոնք իրենց իշխանութիւնը գործածեցին, որպէսզի մարդիկը արգիլեն որ Սուրբ Գիրք ունենան, զայն ընդօրինակեն, տպեն կամ թարգմանեն։ Նկատի առ երկու օրինակ.

  • Շուրջ Ք.Ա. 167–ին։ Սելեւկեան թագաւորը՝ Անտիոքոս Եփիփանոս հրամայեց որ Եբրայերէն Գրութիւններուն բոլոր օրինակները փճացնեն։ Ան կը ջանար հրեաներուն վրայ յունական կրօնքը պարտադրել։ Պատմաբան Հայնրիխ Կրեթց գրեց, թէ անոր պաշտօնեաները «ո՛ւր որ Օրէնքին մագաղաթները գտնէին, զանոնք կը պատռէին եւ կ’այրէին։ Անոնք նաեւ կը սպաննէին ո՛վ որ զայն կարդալով զօրութիւն եւ մխիթարութիւն կը փնտռէր»։

  • Միջին դարեր։ Կարգ մը կաթողիկէ առաջնորդներ «հերետիկոս» (եկեղեցիին որոշ մէկ վարդապետութեան հակառակ) կը կոչէին ո՛վ որ լատիներէն Սաղմոսաց գիրքէն զատ Աստուածաշունչի ուրիշ գիրքեր ունէր։ Անոնք նեղացած էին որ անհատներ կը քարոզէին ինչ որ Սուրբ Գի՛րքը կ’ըսէ, փոխանակ կաթողիկէ վարդապետութիւնները քարոզելու։ Եկեղեցական խորհրդաժողով մը նոյնիսկ պատուիրեց որ իր մարդիկը «ժրաջանութեամբ, հաւատարմութեամբ եւ յարատեւաբար փնտռեն հերետիկոսները. . . մտնելով բոլոր այն տուները եւ գետնին տակի սենեակները, որոնք կասկածի տակ են»։ Նաեւ ըսուեցաւ. «Այն տունը որուն մէջ հերետիկոս մը կը գտնուի, պէտք է քարուքանդ ըլլայ»։

Եթէ Սուրբ Գիրքին թշնամիները յաջողէին զայն կործանել, ատոր պատգամը կ’ոչնչանար։

Ուիլիամ Թինտէյլին անգլերէն Սուրբ Գիրքը վերապրեցաւ, հակառակ որ արգելք կար, Սուրբ Գիրքերը կ’այրուէին եւ Թինտէյլ սպաննուեցաւ՝ 1536–ին

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՎԵՐԱՊՐԵՑԱՒ։ Թէեւ Անտիոքոս թագաւորը փորձեց Իսրայէլի՛ մէջ Սուրբ Գրութիւնները փճացնել, բայց հրեաները արդէն ուրիշ երկիրներու մէջ համայնքներ կազմած էին։ Ուսումնականներ նոյնիսկ կ’ըսեն թէ Ք.Ե. առաջին դարուն, արդէն իսկ հրեաներուն աւելի քան 60 առ հարիւրը Իսրայէլէն դուրս կ’ապրէր։ Անոնք իրենց ժողովարաններուն մէջ ունէին Սուրբ Գրութիւններէն օրինակներ, ինչ որ ապագայ սերունդները շարունակեցին գործածել, մէջը ըլլալով քրիստոնեաները (Գործք 15։21

Միջին դարերուն, Սուրբ Գիրքը սիրողները քաջ կեցան հալածանքին դիմաց, եւ շարունակեցին թարգմանել ու ընդօրինակել Սուրբ Գրութիւնները։ 15–րդ դարու կէսին, Սուրբ Գիրքէն մասեր արդէն իսկ թարգմանուած էին 33 լեզուներով, մինչ տակաւին շարժական տպագրամեքենան չէր հնարուած։ Բայց ետքը, Սուրբ Գիրքը սկսաւ որեւէ ժամանակէ աւելի արագ թարգմանուիլ եւ հրատարակուիլ։

ԱՐԴԻՒՆՔԸ։ Հակառակ որ զօրաւոր թագաւորներ եւ կրօնական առաջնորդներ Սուրբ Գիրքը վտանգի մէջ դրին, ատիկա պատմութեան մէջ ամէնէն շատ տարածուած եւ թարգմանուած գիրքն է։ Ատիկա ազդած է կարգ մը երկիրներու օրէնքներուն եւ լեզուներուն, ինչպէս նաեւ միլիոնաւորներու կեանքին։