Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 26

Եհովայի սէրը ինչպէ՞ս կ’օգնէ որ մեր վախերը յաղթահարենք

Եհովայի սէրը ինչպէ՞ս կ’օգնէ որ մեր վախերը յաղթահարենք

«Տէրը ինծի հետ է, չեմ վախնար» (ՍԱՂ. 118։6

ԵՐԳ 3 «Աստուած սէր է»

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Ի՞նչ են կարգ մը սովորական վախեր։

 ՆԿԱՏԻ առ իրական կեանքէն առնուած հետեւեալ պարագաները։ Նեսթոր եւ իր կինը՝ Մարիա, ուզեցին ծառայել հոն, ուր աւելի մեծ կարիք կայ քարոզիչներու *։ Սակայն այդ մէկը ընելու համար, պէտք էր փոխէին իրենց կեանքի մակարդակը։ Բայց վախցան որ իրապէս ուրախ չըլլան, եթէ քիչ դրամ ծախսեն։ Պինիամ Եհովայի վկայ եղաւ երկրի մը մէջ, ուր մեր գործը արգիլուած է։ Ան հալածանքէն վախցաւ, բայց ա՛լ աւելի վախցաւ որ իր ընտանիքը ի՛նչ պիտի ընէր, երբ գիտնար որ ինք Վկայ եղաւ։ Վալերին վտանգաւոր քաղցկեղ ունեցաւ, եւ չէր գտներ վիրաբոյժ մը, որ կը յարգէր արիւն չառնելու իր որոշումը։ Ուստի, կը վախնար որ մեռնէր։

2. Ինչո՞ւ պէտք է ջանք թափենք, որ մեր վախերը յաղթահարենք։

2 Այսպիսի վախեր ունեցա՞ծ ես։ Մեզմէ շատեր ունեցած են։ Եթէ չսորվինք մեր վախերը զսպել, հաւանաբար սխալ որոշումներ առնենք, որոնք կրնան նոյնիսկ Եհովային հետ մեր փոխյարաբերութիւնը տկարացնել։ Սատանան ճիշդ ատիկա կ’ուզէ։ Ան նաեւ կը փորձէ մեր վախերը գործածել, որպէսզի չհնազանդինք Եհովայի օրէնքներուն, մէջը ըլլալով բարի լուրը քարոզելու իր պատուէրը (Յայտ. 12։17)։ Սատանան չար, անգութ եւ զօրաւոր է։ Բայց կրնա՛ս դուն քեզ պաշտպանել։ Ինչպէ՞ս։

3. Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ, որ մեր վախերը յաղթահարենք։

3 Երբ համոզուած ենք, որ Եհովան մեզ կը սիրէ եւ միշտ մեզի հետ է, Սատանան պիտի չկարենայ մեզ վախցնել (Սաղ. 118։6)։ Օրինակ, 118–րդ սաղմոսը գրողը շատ մը նեղացուցիչ պարագաներէ անցաւ։ Ան բազմաթիւ թշնամիներ ունէր, մէջը ըլլալով բարձր դիրք ունեցող անհատներ (համար 9, 10)։ Ատեններ, մեծ ճնշումի տակ էր (համար 13)։ Եւ Եհովայի կողմէ զօրաւոր խրատ ստացած էր (համար 18)։ Ասով հանդերձ, ան ըսաւ. «Չեմ վախնար»։ Ի՞նչ բան անոր այսչափ ապահով զգացուց։ Ան գիտէր որ թէեւ իր երկնաւոր Հայրը զինք խրատեց, բայց զինք շատ կը սիրէր։ Սաղմոս գրողը համոզուած էր, որ ի՛նչ պարագայի մէջ ալ ըլլար, իր հոգատար Աստուածը միշտ պատրաստ պիտի ըլլար օգնութեան հասնելու (Սաղ. 118։29

4. Ի՞նչ վախեր կրնանք յաղթահարել, եթէ համոզուինք թէ Աստուած մեզ կը սիրէ։

4 Պէտք է համոզուած ըլլանք, թէ Եհովան մեզ անհատապէս կը սիրէ։ Այդ համոզումը պիտի օգնէ մեզի, որ յաղթահարենք երեք վախեր. 1) ընտանիքին ապրուստը չճարելու վախը, 2) մարդոց հանդէպ վախը եւ 3) մահէն վախնալը։ Առաջին պարբերութեան մէջ յիշուած անհատները կրցան իրենց վախերը յաղթահարել, քանի որ համոզուած էին, թէ Աստուած զիրենք կը սիրէ։

ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ԱՊՐՈՒՍՏԸ ՉՃԱՐԵԼՈՒ ՎԱԽԸ

Եղբայր մը իր ընտանիքին նիւթական պէտքերը ապահովելու համար, իր տղուն հետ որպէս ձկնորս կ’աշխատի (տե՛ս պարբ. 5)

5. Ի՞նչ պարագաներ կրնան պատճառ ըլլալ, որ ընտանիքի գլուխը մեծապէս մտահոգուի (տե՛ս կողքին նկարը)։

5 Քրիստոնեայ ընտանիքի գլուխը իր ընտանիքին նիւթապէս հոգ տանելու պատասխանատուութիւնը լուրջի կ’առնէ (Ա. Տիմ. 5։8)։ Եթէ ընտանիքի գլուխ ես, թերեւս վերջերս հարուածող համավարակին ընթացքին մտահոգուեցար, որ գործդ կորսնցնես։ Թերեւս մտահոգուեցար որ չկարենաս ընտանիքիդ ուտելիք ապահովել եւ տան վարձքը վճարել։ Թերեւս նաեւ վախցար, որ եթէ գործդ կորսնցնես, պիտի չկարենաս ուրիշը գտնել։ Կամ ալ թերեւս Նեսթորին եւ Մարիային պէս, որոնք նախապէս յիշուեցան, մտածեցիր որ չես կրնար նուազ դրամով ապրիլ։ Սատանան կրցած է այսպիսի վախեր շահագործել, որպէսզի ոմանք կեցնէ Եհովայի ծառայելէ։

6. Սատանան ի՞նչ բան կը փորձէ մեզի հաւատալ տալ։

6 Սատանան կը փորձէ մեզի հաւատալ տալ, թէ Եհովան մեզի հոգ չի տանիր եւ թէ պիտի չօգնէ մեր ընտանիքին պէտքերը հոգալու։ Ատիկա կը ձգէ որ մտածենք, թէ ամէն բան պէտք է ընենք, որ մեր գործը պահենք, նոյնիսկ եթէ աստուածաշնչական սկզբունքները պիտի անտեսենք։

7. Յիսուս ի՞նչ բան կը հաստատէ։

7 Յիսուս, որ Եհովան ոեւէ անհատէ աւելի կը ճանչնայ, մեզ կը վստահեցնէ. «Ձեր Հայրը ձեզի պէտք եղածը գիտէ՝ դեռ դուք իրմէ չխնդրած» (Մատ. 6։8)։ Եւ Յիսուս գիտէ, թէ Եհովան պատրաստ է մեր պէտքերը հոգալու։ Իսկ, որովհետեւ Իր ընտանիքին անդամներն ենք, կրնանք վստահ ըլլալ, որ որպէս ընտանիքի Գլուխ, պիտի յարգէ այն սկզբունքը, որ գրել տուաւ Ա. Տիմոթէոս 5։8–ի մէջ։

Եհովան վստահ պիտի ըլլայ, որ մեզի պէտք եղածը ունինք։ Ան թերեւս մեր եղբայրները գործածէ մեզի օգնելու համար (տե՛ս պարբ. 8) *

8. ա) Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ, որ յաղթահարենք մեր ընտանիքին ապրուստը չճարելու վախը (Մատթէոս 6։31-33)։ բ) Ըստ նկարին, ինչպէ՞ս կրնանք ընդօրինակել այն զոյգը, որ քրոջ մը ուտելիք կը բերէ։

8 Երբ համոզուած ենք, որ Եհովան մեզ ու մեր ընտանիքը կը սիրէ, վստահ կ’ըլլանք որ մեզի պէտք եղած բաները պիտի ունենանք (կարդա՛ Մատթէոս 6։31-33)։ Եհովան կ’ուզէ՛ մեր պէտքերը հոգալ, եւ ի՜նչ աղուոր կը հոգայ։ Երբ երկիրը ստեղծեց, ոչ միայն մեզի տուաւ այն հիմնական բաները, որոնց պէտք ունինք ողջ մնալու համար, հապա նաեւ երկիրը լեցուց այնպիսի բաներով, որոնք մեզի մեծ ուրախութիւն կու տան (Ծն. 2։9)։ Նոյնիսկ եթէ ատեններ միայն անհրաժեշտ բաները ունինք, կեդրոնանանք այն գաղափարին վրայ, թէ ատոնք ունինք՝ քանի որ Եհովա՛ն զանոնք ապահովեց (Մատ. 6։11)։ Պէտք է մեր միտքը պահենք, որ որեւէ նիւթական բան, որ ներկայիս կը զոհենք, բան մը չէ՝ բաղդատած այն բոլոր բաներուն, որոնք մեր սիրալիր Աստուածը մեզի պիտի տայ թէ՛ հիմա եւ թէ ապագային։ Նեսթորը եւ Մարիան ասոր անդրադարձան (Եսա. 65։21, 22

9. Ի՞նչ կրնաս սորվիլ Նեսթորի եւ Մարիայի օրինակէն։

9 Նեսթորն ու Մարիան հանգիստ կեանք մը ունէին Քոլոմպիայի մէջ։ Անոնք կ’ըսեն. «Մեր կեանքը պարզացնելու եւ մեր ծառայութիւնը ընդարձակելու կը նայէինք, բայց կը վախնայինք որ նուազ դրամով ուրախ պիտի չըլլայինք»։ Ի՞նչը իրենց օգնեց, որ իրենց վախը յաղթահարեն։ Անոնք խոկացին այն բազմաթիւ կերպերուն վրայ, որոնցմով Եհովան ցոյց տուած էր, թէ զիրենք կը սիրէ։ Համոզուելով թէ Եհովան զիրենք միշտ պիտի հոգայ, իրենց լաւ վճարումով գործերը ձգեցին։ Իրենց տունը ծախեցին եւ փոխադրուեցան Քոլոմպիայի մէջ շրջան մը, ուր քարոզիչներու աւելի մեծ կարիք կար։ Անոնք իրենց որոշումը ինչպէ՞ս կը նկատեն։ Նեսթոր կ’ըսէ. «Անձամբ շօշափեցի Մատթէոս 6։33–ին ճիշդ ըլլալը։ Նիւթական գետնի վրայ բանէ մը չզրկուեցանք։ Եւ այժմ աւելի ուրախ ենք»։

ՄԱՐԴՈՑ ՀԱՆԴԷՊ ՎԱԽԸ

10. Ինչո՞ւ զարմանալի չէ որ մարդիկ իրարմէ կը վախնան։

10 Ամբողջ պատմութեան ընթացքին, մարդիկ իրարու վնաս հասցուցած են (Ժող. 8։9)։ Օրինակ, կարգ մը մարդիկ իրենց հեղինակութիւնը չարաչար կը գործածեն, ոճրագործներ բռնի արարքներ կ’ընեն, դպրոցին մէջ կարգ մը աշակերտներ իրենց դասընկերներուն կը սպառնան, եւ ոմանք նոյնիսկ իրենց ընտանիքի անդամներուն հետ վայրագօրէն կը վարուին։ Ուստի, զարմանալի չէ որ մարդիկ իրարմէ կը վախնան։ Սատանան ինչպէ՞ս կը փորձէ մարդոց հանդէպ մեր վախը շահագործել։

11-12. Սատանան ինչպէ՞ս կը գործածէ մարդոց հանդէպ վախը մեզի դէմ։

11 Սատանան մարդոց հանդէպ վախը կը գործածէ, որպէսզի մեզ ստիպէ որ զիջումներ ընենք եւ քարոզելէ կենանք։ Սատանային ազդեցութեամբ, կառավարութիւններ մեր գործը արգիլած են եւ մեզ հալածած են (Ղուկ. 21։12. Յայտ. 2։10)։ Ասկէ զատ, շատեր սխալ տեղեկութիւններ եւ խորամանկ սուտեր կը տարածեն Եհովայի վկաներուն մասին։ Անոնք որոնք այս սուտերուն կը հաւատան, թերեւս մեզ ծաղրեն, կամ նոյնիսկ մեր վրայ յարձակին (Մատ. 10։36)։ Սատանային այս մեթոտները մեզ կը զարմացնե՞ն։ Բնաւ երբեք։ Ան արդէն ատոնք գործածեց առաջին դարուն (Գործք 5։27, 28, 40

Նոյնիսկ եթէ ընտանիքի անդամներ մեզի հակառակին, կրնա՛նք վստահ ըլլալ որ Եհովան մեզ կը սիրէ (տե՛ս պարբ. 12-14) *

12 Կառավարական հակառակութեան վախը միակ զէնքը չէ որ Սատանան կը գործածէ։ Ոմանք կը վախնան, որ իրենց ընտանիքի անդամները ի՛նչ պիտի ըսեն, երբ իրենք Վկայ դառնան։ Ատեններ, անոնք ասկէ աւելի՛ կը վախնան քան՝ ծեծ ուտելէ։ Անոնք իրենց ազգականները շատ կը սիրեն եւ կ’ուզեն, որ անոնք ալ Եհովան ճանչնան ու սիրեն։ Անոնք կը տխրին երբ կը լսեն, թէ իրենց ազգականները ինչպէ՛ս ճշմարիտ Աստուծոյ եւ իր ծառաներուն մասին անարգանքով կը խօսին։ Սակայն, կարգ մը պարագաներու, հակառակող ազգականներէն ոմանք ճշմարտութեան եկած են։ Բայց ինչպէ՞ս պիտի հակազդենք, եթէ մեր հաւատալիքներուն պատճառաւ ընտանիքի անդամները ամէն կապ կտրեն մեզի հետ։

13. Համոզուիլը որ Աստուած մեզ կը սիրէ, ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգնել, եթէ մեր ընտանիքը մեզ մերժէ (Սաղմոս 27։10

13 Կրնանք մխիթարուիլ այն գեղեցիկ խօսքով, որ արձանագրուած է Սաղմոս 27։10–ին մէջ (կարդա՛)։ Երբ կը յիշենք, թէ Եհովան մեզ որքա՜ն կը սիրէ, չենք վախնար ի՛նչ որ ալ պատահի, նոյնիսկ եթէ մեր ընտանիքը մեզ մերժէ։ Վստահ ենք որ Ան մեզ պիտի վարձատրէ մեր տոկալուն համար։ Եհովան շա՜տ աւելի լաւ հոգ պիտի տանի մեր ֆիզիքական, զգացական եւ հոգեւոր պէտքերուն, քան ոեւէ մէկը։ Նախապէս յիշուած Պինիամը ճիշդ ասիկա շօշափեց։

14. Ի՞նչ կրնաս սորվիլ Պինիամի օրինակէն։

14 Պինիամը Եհովայի վկայ դարձաւ՝ գիտնալով հանդերձ որ կառավարութիւնը Վկաները դաժանօրէն կը հալածէր։ Տես թէ ինչպէ՛ս գիտնալը, որ Եհովան զինք կը սիրէ, Պինիամին օգնած է որ մարդոց հանդէպ վախը յաղթահարէ։ Ան կ’ըսէ. «Հալածանքը իմ կարծածէս աւելի գէշ էր։ Բայց անկէ ա՛լ աւելի կը վախնայի, որ ընտանիքս ինծի հակառակէր։ Կը վախնայի որ Եհովայի վկայ դառնալու որոշումս հայրս յուսախաբ ընէր եւ ձգէր որ ընտանիքս զիս ձախող մէկը սեպէր»։ Սակայն, Պինիամ համոզուած էր որ Եհովան Իր սիրածներուն միշտ հոգ կը տանի։ Պինիամ կը բացատրէ. «Խոկացի թէ Եհովան ինչպէ՛ս ուրիշներուն օգնած է դիմանալու նիւթական դժուարութիւններու, անարդար վերաբերմունքի եւ բռնութեան։ Գիտէի որ եթէ Եհովայի հաւատարիմ մնայի, ան զիս պիտի օրհնէր։ Երբ զիս կրկին անգամ ձերբակալեցին եւ նոյնիսկ չարչարեցին, անձամբ շօշափեցի որ Եհովան միշտ մեզի կ’օգնէ, եթէ իրեն հաւատարիմ մնանք»։ Եհովան Պինիամին իսկական Հայր եղաւ, իսկ Վկաները իրեն իսկական ընտանիք եղան։

ՄԱՀԷՆ ՎԱԽՆԱԼԸ

15. Ինչո՞ւ բնական է որ մահէն վախնանք։

15 Աստուածաշունչը կ’ըսէ, որ մահը թշնամի է (Ա. Կոր. 15։25, 26)։ Թերեւս մահուան գաղափարը մեզ մտահոգէ, մանաւանդ երբ մենք կամ մեր սիրելիները լուրջ հիւանդութիւն մը ունինք։ Ինչո՞ւ մահէն կը վախնանք։ Քանի որ Եհովան մեզ ստեղծեց կեանքը յաւիտեան վայելելու փափաքով (Ժող. 3։11)։ Մահուան նկատմամբ հաւասարակշռուած վախ ունենալը կրնայ մեզի օգնել, որ մեր կեանքը պաշտպանենք։ Օրինակ, անիկա կրնայ մեզ մղել, որ առողջապահական ուտելիքներ ուտենք ու մարզանք ընենք, բժիշկներու օգնութեան դիմենք ու դեղեր առնենք՝ երբ անհրաժեշտ է, եւ անհարկիօրէն մեր կեանքը վտանգի տակ չդնենք։

16. Սատանան ինչպէ՞ս կը շահագործէ մեր բնական վախը մահէն։

16 Սատանան գիտէ որ կեանքը շատ կ’արժեւորենք։ Ան կը պնդէ, որ մենք պատրաստ ենք զոհելու ամէն ինչ որ ունինք,– նոյնիսկ Եհովայի հետ մեր թանկարժէք փոխյարաբերութիւնը,– որպէսզի մեր ներկայ կեանքը ազատենք (Յոբ 2։4, 5)։ Ան որքա՜ն կը սխալի։ Բայց քանի որ «կարող է մահ պատճառել», կը փորձէ մահուան բնական վախը շահագործել, որպէսզի մեզ մղէ Եհովան լքելու (Եբ. 2։14, 15, ՆԱ)։ Ատեններ, Սատանայի ազդեցութեան տակ գտնուող մարդիկ կը սպառնան մեզ սպաննել, եթէ մեր հաւատքը չուրանանք։ Ուրիշ ատեններ, Սատանան կրնայ մեր կեանքին սպառնացող բժշկական պարագայ մը օգտագործել, որպէսզի ձգէ որ տեղի տանք։ Բժիշկները կամ Վկայ չեղող ընտանիքի անդամները կրնան մեզ ճնշել որ արիւն առնենք, ինչ որ Աստուծոյ օրէնքը պիտի կտրէ։ Կամ թերեւս մէկը փորձէ մեզ համոզել, որ ընդունինք դարմանում մը, որ սուրբգրային սկզբունքներուն դէմ է։

17. Հռովմայեցիս 8։37-39–ի համաձայն, ինչո՞ւ պէտք չունինք մահէն վախնալու։

17 Թէեւ չենք ուզեր մեռնիլ, բայց գիտենք որ նոյնիսկ եթէ մեռնինք, Եհովան մեզ սիրելէ պիտի չդադրի (կարդա՛ Հռովմայեցիս 8։37-39)։ Երբ Եհովային բարեկամները մեռնին, ան զիրենք իր յիշողութեան մէջ կը պահէ, կարծես տակաւին ողջ են (Ղուկ. 20։37, 38)։ Ան շա՛տ կ’ուզէ զիրենք ետ կեանքի բերել (Յոբ 14։15)։ Եհովան շատ սուղ գին վճարած է, որպէսզի ‘յաւիտենական կեանք ունենանք’ (Յովհ. 3։16)։ Եւ գիտենք թէ ան մեզ խորապէս կը սիրէ ու կը հոգայ։ Անոր համար, փոխանակ Եհովան լքելու, երբ հիւանդ ենք կամ մահուան առջեւ ենք, իրեն կը դիմենք՝ մխիթարուելու, իմաստութիւն գտնելու եւ զօրանալու համար։ Վալերին ու անոր ամուսինը ճիշդ ասիկա ըրին (Սաղ. 41։3

18. Ի՞նչ կրնաս սորվիլ Վալերիի օրինակէն։

18 Վալերին 35 տարեկան էր, երբ մէջտեղ ելաւ որ հազուագիւտ ու արագօրէն աճող քաղցկեղ ունէր։ Նկատի առ թէ սէրը ինչպէ՛ս իրեն օգնեց, որ մահուան վախը յաղթահարէ։ Ան կը պատմէ. «Հիւանդութեան լուրը մէկ օրուան մէջ մեր կեանքը փոխեց։ Ողջ մնալու համար, մեծ վիրահատութեան պէտք ունէի։ Բազմաթիւ վիրաբուժներու հետ խօսեցայ, բայց բոլորն ալ չուզեցին գործողութիւն ընել առանց արիւն տալու։ Վախը զիս պատած էր, բայց Աստուծոյ պատուէրին ի տես, վճռած էի արիւն չառնել։ Ամբողջ կեանքիս ընթացքին, Եհովան ցոյց տուած էր, որ զիս շատ կը սիրէր։ Հիմա իմ կարգս էր իրեն հանդէպ սէրս ցոյց տալու։ Ամէն անգամ որ բժիշկներէն գէշ լուր առնէի, աւելի կը վճռէի Եհովայի սիրտը ուրախացնել եւ չձգել որ Սատանան յաղթէ։ Ի վերջոյ, յաջող գործողութիւն ունեցայ առանց արիւն առնելու։ Թէեւ տակաւին առողջապահական խնդիրներ ունիմ, բայց Եհովան միշտ մեզի պէտք եղածը տուած է։ Օրինակ, հիւանդութեանս մասին գիտնալէ առաջ, շաբաթավերջի ժողովին սերտեցինք՝ ‘Այժմու նեղութիւնները քաջութեամբ դիմագրաւենք’ յօդուածը *։ Այս յօդուածը մեզ շա՜տ մխիթարեց։ Կրկին անգամ զայն կարդացինք։ Այսպիսի յօդուածներ եւ հոգեւոր լաւ ռութինը ամուսինիս ու ինծի ներքին խաղաղութիւն տուած են եւ օգնած են, որ հաւասարակշռուած մնանք ու լաւ որոշումներ առնենք»։

ՄԵՐ ՎԱԽԵՐԸ ՅԱՂԹԱՀԱՐԵԼ

19. Մօտ ատենէն ի՞նչ պիտի ըլլայ։

19 Եհովայի օգնութեամբ, համայն աշխարհի մէջ քրիստոնեաները դժուար պարագաներ յաղթահարած են եւ կրցած են Սատանային դէմ դնել (Ա. Պետ. 5։8, 9)։ Դո՛ւն ալ կրնաս։ Մօտ ատենէն, Եհովան պիտի պատուիրէ Յիսուսին ու անոր իշխանակիցներուն, որ ‘Սատանային գործերը քանդեն’ (Ա. Յովհ. 3։8)։ Անկէ ետք, երկրի վրայ Աստուծոյ ժողովուրդը ‘ո՛չ մէկ բանէ պիտի վախնայ’ (Եսա. 54։14, ՆԱ. Միք. 4։4)։ Մինչ այդ, պէտք է շատ ջանք թափենք որ մեր վախերը յաղթահարենք։

20. Ի՞նչը մեզի պիտի օգնէ, որ մեր վախերը յաղթահարենք։

20 Պէտք է շարունակենք զօրացնել մեր վստահութիւնը, որ Եհովան իր ծառաները կը սիրէ եւ կը պաշտպանէ։ Օգտակար պիտի ըլլայ խոկալ, թէ Եհովան ինչպէ՛ս անցեալին իր ծառաները պաշտպանած է, եւ ատոր մասին ուրիշներուն պատմել։ Նաեւ կրնանք մեր միտքը պահել, թէ Եհովան ինչպէ՛ս անհատապէս մեզի օգնած է նեղացուցիչ պարագաներ յաղթահարելու։ Այո, Եհովայի օգնութեամբ, կրնա՛նք մեր վախերը յաղթահարել (Սաղ. 34։4

ԵՐԳ 154 Շարունակենք տոկալ

^ Վախը բնական զգացում մըն է, որ կրնայ մեզ վտանգներէ պաշտպանել։ Բայց ատեններ լաւ չէ որ վախնանք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Սատանան ատիկա մեզի դէմ կը գործածէ։ Ուրեմն, յստակ է որ պէտք է շատ ջանք թափենք, որ զայն զսպենք։ Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ։ Այս յօդուածը կը բացատրէ, թէ երբ վստահ կ’ըլլանք որ Եհովան մեր կողքին է եւ մեզ կը սիրէ, կրնանք որեւէ վախ յաղթահարել։

^ Կարգ մը անուններ փոխուած են։

^ ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Ժողովքէն զոյգ մը ուտելիք կը բերէ աշխատասէր քրոջ մը եւ անոր ընտանիքին։

^ ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Երիտասարդ եղբօր մը ծնողները իր պաշտամունքին կը հակառակին, բայց ան վստահ է որ Աստուած իրեն պիտի օգնէ։