Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 47

Ինչպէ՞ս կրնանք մեր սէրը զօրաւոր պահել

Ինչպէ՞ս կրնանք մեր սէրը զօրաւոր պահել

«Մէկզմէկ սիրենք, վասն զի սէրը Աստուծմէ է» (Ա. ՅՈՎՀ. 4։7

ԵՐԳ 73 Սրտանց ու ջերմօրէն սիրենք

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ a

1-2. ա) Պօղոս առաքեալ ինչո՞ւ կրնար ըսել որ սէրը մեծագոյն յատկութիւնն է։ բ) Ի՞նչ հարցումներ նկատի պիտի առնենք։

 ԵՐԲ Պօղոս առաքեալ հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ մասին կը խօսէր, վերջաւորութեան ըսաւ. «Ասոնց [այս յատկութիւններուն] մեծագոյնը սէրն է» (Ա. Կոր. 13։13)։ Ինչո՞ւ այդպէս ըսաւ։ Քանի որ ապագային, մենք այլեւս պէտք պիտի չունենանք հաւատալու նոր աշխարհի նկատմամբ Աստուծոյ խոստումներուն, որովհետեւ այն բաները, որոնց կը յուսայինք, արդէն կատարուած պիտի ըլլան։ Բայց մենք միշտ պէտք պիտի ունենանք Եհովան եւ մարդիկը սիրելու։ Եւ անոնց հանդէպ մեր սէրը պիտի շարունակէ յաւիտեան աճիլ։

2 Քանի՛ որ մենք միշտ պէտք պիտի ունենանք սիրելու, նկատի պիտի առնենք երեք հարցումներ։ Առաջին, ինչո՞ւ պէտք է իրար սիրենք։ Երկրորդ, ինչպէ՞ս իրարու հանդէպ սէր ցոյց կու տանք։ Եւ երրորդ, ինչպէ՞ս կրնանք այդ սէրը զօրաւոր պահել։

ԻՆՉՈ՞Ւ ՊԷՏՔ Է ԻՐԱՐ ՍԻՐԵՆՔ

3. Իրար սիրելու ի՞նչ պատճառներ ունինք։

3 Ինչո՞ւ կարեւոր է որ իրար սիրենք։ Շատ մը պատճառներու կողքին, մենք՝ ճշմարիտ քրիստոնեաներս, սիրով կը ճանչցուինք։ Յիսուս իր առաքեալներուն ըսաւ. «Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք» (Յովհ. 13։35)։ Ասկէ զատ, իրար սիրելը մեզ միացած կը պահէ։ Պօղոս սէրը կոչեց՝ «կատարելութեան կապը» (Կող. 3։14)։ Կայ նաեւ ուրիշ կարեւոր պատճառ մը թէ ինչո՛ւ կարեւոր է որ իրար սիրենք։ Յովհաննէս առաքեալ իր հաւատակիցներուն գրեց. «Ան որ Աստուած կը սիրէ, իր եղբայրն ալ պէտք է սիրէ» (Ա. Յովհ. 4։21)։ Երբ իրար սիրենք, ցոյց կու տանք որ Աստուած կը սիրենք։

4-5. Օրինակով մը բացատրէ, թէ Աստուած սիրելը ինչպէ՞ս կապ ունի մեր հաւատակիցները սիրելուն հետ։

4 Աստուած սիրելը ինչպէ՞ս կապ ունի մեր եղբայրներն ու քոյրերը սիրելուն հետ։ Օրինակ մը տանք։ Նկատի առ թէ ի՛նչ կապ կայ մեր սրտին եւ մեր մարմնի միւս անդամներուն միջեւ։ Երբ բժիշկը մեր բազկերակը կը քննէ, գիտնալու համար եթէ մեր սրտի զարկերը տկար են կամ զօրաւոր, կրնայ որոշ գաղափար մը առնել մեր սրտի վիճակին մասին։ Լաւ, այս սկզբունքով ի՞նչ դաս կրնանք սորվիլ սիրոյ մասին։

5 Ճիշդ ինչպէս որ բժիշկ մը մեր սրտի առողջութեան մասին որոշ գաղափար կ’առնէ՝ մեր սրտին զարկերը քննելով, մենք ալ կրնանք Աստուծոյ հանդէպ մեր սիրոյն զօրաւոր ըլլալուն մասին որոշ գաղափար առնել՝ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ մեր սէրը քննելով։ Եթէ նկատենք որ մեր հաւատակիցներուն հանդէպ մեր սէրը ձեւով մը տկարացած է, ասիկա ցոյց կու տայ որ Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրն ալ սկսած է տկարանալ։ Բայց երբ կանոնաւորաբար մեր հաւատակիցներուն հանդէպ սէր ցոյց կու տանք, ասիկա կարեւոր նշան մըն է որ Աստուծոյ հանդէպ մեր սէրն ալ զօրաւոր է։

6. Ինչո՞ւ պէտք է մտահոգուինք, եթէ եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ մեր սէրը կը տկարանայ (Ա. Յովհ. 4։7-9, 11

6 Եթէ եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ մեր սէրը սկսած է տկարանալ, պէ՛տք է մտահոգուինք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ ատիկա կը նշանակէ որ մենք հոգեւոր վտանգի մէջ ենք։ Յովհաննէս առաքեալը այս կէտը յստակ կը դարձնէ, երբ կ’ըսէ. «Ան որ իր եղբայրը չի սիրեր՝ որ կը տեսնէ, Աստուած՝ որ չի տեսներ, ի՞նչպէս կրնայ սիրել» (Ա. Յովհ. 4։20)։ Ասկէ ի՞նչ դաս կը սորվինք։ Եհովան մեզմով ուրախ պիտի ըլլայ, միայն եթէ «մէկզմէկ սիրենք» (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 4։7-9, 11

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ԻՐԱՐՈՒ ՀԱՆԴԷՊ ՍԷՐ ՑՈՅՑ ՏԱԼ

7-8. Ի՞նչ կարգ մը կերպերով կրնանք իրարու հանդէպ սէր ցոյց տալ։

7 Աստուծոյ Խօսքը շատ անգամներ մեզ կը պատուիրէ ‘մէկզմէկ սիրել’ (Յովհ. 15։12, 17. Հռով. 13։8. Ա. Թես. 4։9. Ա. Պետ. 1։22. Ա. Յովհ. 4։11)։ Բայց սէրը բան մըն է, որ մեր սրտին մէջ կը զգանք եւ մէկը չի տեսներ։ Լաւ, ինչպէ՞ս կրնանք ուրիշներուն գիտցնել որ մենք զիրենք կը սիրենք։ Մեր խօսքերով եւ գործերով։

8 Շատ մը կերպերով կրնանք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն ցոյց տալ որ զիրենք կը սիրենք։ Հետեւեալները կարգ մը օրինակներ են. «Ճշմարտութիւնը խօսեցէ՛ք ամէն մէկդ իր ընկերին հետ» (Զաք. 8։16)։ «Իրարու հետ խաղաղութիւն ունեցէք» (Մար. 9։49)։ «Պատուելու մէջ իրարմէ անցէ՛ք» (Հռով. 12։10)։ «Մէկզմէկ ընդունեցէք» (Հռով. 15։7)։ ‘Իրարու ներեցէք’ (Կող. 3։13)։ «Իրարու նեղութիւնները կրեցէք» (Գաղ. 6։2)։ «Մէկզմէկ մխիթարեցէք» (Ա. Թես. 4։17)։ «Շինեցէ՛ք զիրար» (Ա. Թես. 5։11)։ «Աղօ՛թք ըրէք իրարու համար» (Յակ. 5։16

Ինչպէ՞ս կրնանք նեղութեան մէջ եղող հաւատակիցի մը օգնել (պարբերութիւն 7-9)

9. Ուրիշները մխիթարելը ինչո՞ւ սէր ցոյց տալու կարեւոր կերպ մըն է (տե՛ս նաեւ նկարը)։

9 Նկատի առնենք նախորդ պարբերութեան մէջ յիշուած կերպերէն մէկը, որով կրնանք սէր ցոյց տալ ուրիշներուն հանդէպ։ Պօղոս ըսաւ. «Մէկզմէկ մխիթարեցէք»։ Ինչո՞ւ համար ուրիշները մխիթարելը սէր ցոյց տալու կարեւոր կերպ մըն է։ Աստուածաշունչը բացատրող գրքի մը համաձայն, Պօղոսին գործածած «մխիթարել» բառը կը նշանակէ՝ «մէկու մը կողքին կենալ զինք քաջալերելու համար, երբ անիկա խիստ նեղութեան մէջ է։ Ուրեմն, երբ նեղութեան մէջ եղող հաւատակից մը կը մխիթարենք, իրեն կ’օգնենք որ ոտքի կենայ եւ շարունակէ կեանքի ճամբուն մէջ քալել։ Ամէն անգամ որ եղբայր մը կամ քոյր մը կը մխիթարենք, իրեն հանդէպ մեր սէրը ցոյց տուած կ’ըլլանք (Բ. Կոր. 7։6, 7, 13

10. Ի՞նչ կապ կայ կարեկցելուն եւ մխիթարելուն միջեւ։

10 Կարեկցութիւն ցոյց տալը եւ մխիթարելը իրարու հետ սերտօրէն կապուած են։ Ինչպէ՞ս։ Կարեկից անձը կը մղուի ուրիշները մխիթարելու եւ կը փորձէ բան մը ընել որ իրենց նեղութիւնը թեթեւցնէ։ Ուրեմն, նա՛խ մենք կարեկցութիւն կը զգանք եւ ետքն է որ կը մխիթարենք։ Նկատէ թէ Պօղոսը ինչպէ՛ս Եհովային կարեկցութիւնը կը կապէ իր տուած մխիթարութեան հետ։ Ան Եհովան կը նկարագրէ որպէս «գթութեան Հայրը եւ ամէն մխիթարութեան Աստուածը» (Բ. Կոր. 1։3)։ Հոս Պօղոսը կը գործածէ «գթութիւն» բառը՝ նկարագրելու համար ուրիշներուն կարեկցելու զգացումը։ Ուրեմն, Աստուած կը կոչուի գթութեան Հայրը՝ կամ Աղբիւրը, քանի որ զօրաւոր կերպով կը կարեկցի մարդոց։ Եւ այդ կարեկցութիւնը զինք կը մղէ որ մեզ մխիթարէ ‘մեր բոլոր նեղութիւններուն մէջ’ (Բ. Կոր. 1։4)։ Ճիշդ ինչպէս որ աղբիւրէ մը հոսող մաքուր ջուրը կը թարմացնէ ծարաւ անձը, նոյնպէս Եհովան կը թարմացնէ եւ կը մխիթարէ նեղութեան մէջ եղողները։ Ինչպէ՞ս կրնանք Եհովան ընդօրինակել՝ կարեկցութիւն ցոյց տալով եւ ուրիշները մխիթարելով։ Ասիկա ընելու կերպերէն մէկն է՝ մեր սրտին մէջ մշակել յատկութիւններ, որոնք կապ ունին մխիթարելուն հետ։ Լաւ ի՞նչ են այս յատկութիւնները։

11. Կողոսացիս 3։12–ի եւ Ա. Պետրոս 3։8–ի համաձայն, ուրիշ ի՞նչ յատկութիւններ մեզի պիտի օգնեն որ ուրիշները սիրենք եւ մխիթարենք։

11 Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ շարունակենք ամէն օր ‘մէկզմէկ մխիթարել’։ Պէտք է մշակենք յատկութիւններ, ինչպէս՝ կարեկցութիւն, եղբայրսիրութիւն եւ ազնուութիւն (կարդա՛ Կողոսացիս 3։12. Ա. Պետրոս 3։8)։ Այս յատկութիւնները ինչպէ՞ս պիտի օգնեն մեզի։ Երբ կարեկցութիւնը եւ անոր նման յատկութիւններ մեր անձնաւորութեան մէկ մասը դառնան, ինքնաբերաբար պիտի մղուինք նեղութեան մէջ եղողները մխիթարելու։ Ինչպէս Յիսուս ըսաւ, «բերանը սրտին աւելցուքէն կը խօսի։ Բարի մարդը իր սրտին բարի գանձէն բարի բաներ կը հանէ» (Մատ. 12։34, 35)։ Նեղութեան մէջ եղող եղբայրներն ու քոյրերը մխիթարելը անոնց հանդէպ մեր սէրը ցոյց տալու կարեւոր կերպ մըն է։

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆՔ ՄԵՐ ՍԷՐԸ ԶՕՐԱՒՈՐ ՊԱՀԵԼ

12. ա) Ինչո՞ւ պէտք է զգոյշ մնանք։ բ) Ի՞նչ հարցում նկատի պիտի առնենք։

12 Մենք բոլորս կ’ուզենք շարունակել ‘մէկզմէկ սիրել’ (Ա. Յովհ. 4։7)։ Բայց կարեւոր է որ յիշենք այն զգուշացումը որ Յիսուս տուաւ, երբ ըսաւ որ «շատերուն սէրը պիտի պաղ[էր]» (Մատ. 24։12)։ Յիսուս ըսել չէր ուզեր որ իր աշակերտներուն մեծ մասին սէրը պիտի պաղէր։ Բայց եւ այնպէս, պէտք է զգոյշ ըլլանք որ սէր չունեցող մարդիկը մեր վրայ չազդեն։ Ասիկա մեր միտքը պահելով, հիմա նկատի առնենք այս կարեւոր հարցումը. կերպ մը կա՞յ փորձելու եթէ եղբայրներուն հանդէպ մեր սէրը զօրաւոր է, կամ ոչ։

13. Ի՞նչ բան կրնայ մեր սէրը փորձի տակ դնել։

13 Մեր սիրոյն զօրաւոր ըլլալը գիտնալու կերպերէն մէկն է՝ տեսնել թէ կեանքի կարգ մը պարագաները ինչպէ՛ս ձեռք կ’առնենք (Բ. Կոր. 8։8)։ Պետրոս առաքեալը կը յիշէ այդ պարագաներէն մէկը. «Ամէն բանէ առաջ իրարու հանդէպ սրտանց սէր ունեցէք. վասն զի սէրը մեղքերու բազմութիւնը կը ծածկէ» (Ա. Պետ. 4։8)։ Ուրեմն, ուրիշներուն տկարութիւնները եւ անկատարութիւնները կրնան մեր սէրը փորձի տակ դնել։

14. Ա. Պետրոս 4։8–ի համաձայն, ի՞նչ տեսակ սէր պէտք է ունենանք. բացատրէ։

14 Հիմա մօտէն նկատի առնենք Պետրոսին խօսքերը։ 8–րդ համարին առաջին մասը կը նկարագրէ այն սէրը, որ մենք պէտք է ունենանք. «սրտանց սէր»։ Պետրոսին գործածած «սրտանց» բառը բառացիօրէն կը նշանակէ՝ «լայնցուած»։ Այս համարին երկրորդ մասը կը նկարագրէ թէ սրտանց սէրը ի՛նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ։ Անիկա մեր եղբայրներուն մեղքերը կը ծածկէ։ Կրնանք այս կերպով երեւակայել. կարծես թէ մեր սէրը լաթի կտոր մըն է եւ մենք ատիկա մեր երկու ձեռքերով բռնած կը քաշքշենք՝ լայնցնելու համար, մինչեւ որ ատիկա ծածկէ, ոչ թէ մէկ մեղք, երկու մեղք, հապա՝ «մեղքերու բազմութիւն» մը։ «Ծածկել» բառը ներել ըսելու ուրիշ կերպ մըն է։ Ճիշդ ինչպէս որ լաթի կտոր մը կրնայ ծածկել թերութիւն մը, նոյնպէս սէրը կրնայ ծածկել ուրիշներուն տկարութիւնները եւ անկատարութիւնները։

15. Եթէ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ մեր սէրը բաւական զօրաւոր ըլլայ, ի՞նչ պիտի կարենանք ընել (Կողոսացիս 3։13

15 Ուրիշներուն հանդէպ մեր սէրը այնքա՛ն զօրաւոր պէտք է ըլլայ որ կարենանք անոնց անկատարութիւնները ներել, նոյնիսկ եթէ ատիկա ատեններ շատ ջանք պահանջէ (կարդա՛ Կողոսացիս 3։13)։ Եթէ յաջողինք ուրիշներուն ներել, ցոյց կու տանք որ մեր սէրը զօրաւոր է, եւ միեւնոյն ատեն Եհովան կ’ուրախացնենք։ Ուրիշ ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել որ ուրիշներուն նեղացուցիչ բնաւորութիւնները եւ սխալները անտեսենք։

Ճիշդ ինչպէս որ լաւագոյն նկարները կը պահենք եւ մնացեալը կը ջնջենք, նոյնպէս մեր հաւատակիցներուն հետ լաւ յիշատակները կը ձգենք եւ գէշ յիշատակները կը մոռնանք (տե՛ս պարբերութիւն 16-17)

16-17. Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ ուրիշներուն ըրած պզտիկ սխալները անտեսենք. բացատրէ (տե՛ս նաեւ նկարը)։

16 Կեդրոնացիր եղբայրներուդ ու քոյրերուդ լաւ բնաւորութիւններուն վրայ եւ ոչ թէ գէշ։ Նկատի առ այս օրինակը։ Երեւակայէ որ հաւաքոյթի մը մէջ ես եղբայրներուդ ու քոյրերուդ հետ։ Լաւ ժամանակ անցընելէ ետք, հաւաքոյթին վերջաւորութեան, խումբով կը նկարուիք։ Դուն երեք անգամ կը նկարես, հաշիւ ընելով որ թերեւս առաջին նկարը լաւ չելլէ։ Այդպէս ալ կ’ըլլայ։ Կը նկատես որ նկարներէն մէկուն մէջ եղբայր մը չի ժպտար։ Այդ նկարը ի՞նչ կ’ընես։ Կը ջնջես։ Քանի որ ունիս երկու ուրիշ նկարներ, ուր ամբողջ խումբը, մէջը ըլլալով՝ այդ եղբայրը, կը ժպտան։

17 Հիմա եկէք մեր այդ պահած երկու նկարները նմանցնենք մեր յիշատակներուն։ Սովորաբար մենք հաճելի յիշատակներ ունինք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ։ Բայց ենթադրենք որ այդ առիթներէն մէկուն ընթացքին, եղբայր մը կամ քոյր մը նեղացուցիչ բան մը կ’ըսէ կամ կ’ընէ։ Այդ յիշատակը ի՞նչ պիտի ընենք։ Ճիշդ ինչպէս որ օրինակին մէջի նկարներէն մէկը ջնջեցինք, լաւ կ’ըլլայ որ փորձենք այս եղածն ալ մեր յիշողութենէն ջնջել (Առ. 19։11. Եփ. 4։32)։ Կրնանք մեր հաւատակիցին ըրած պզտիկ սխալին յիշատակը ջնջել, քանի որ այդ անձին հետ շատ մը ուրիշ աղուոր յիշատակներ ունինք։ Եւ մենք կ’ուզենք այս տեսակ յիշատակներ մեր մտքին մէջ պահել։

ԻՆՉՈ՞Ւ ՄԱՆԱՒԱՆԴ ՀԻՄԱ ՊԷՏՔ ՈՒՆԻՆՔ ՍԻՐԵԼՈՒ

18. Այս յօդուածին մէջ սիրոյ մասին ի՞նչ կարեւոր բաներ սորվեցանք։

18 Ինչո՞ւ պէտք է իրարու հանդէպ մեր սէրը զօրաւոր պահենք։ Ինչպէս որ նկատի առինք, երբ մեր եղբայրներն ու քոյրերը սիրենք, Եհովան սիրած կ’ըլլանք։ Ինչպէ՞ս մեր սէրը ցոյց կու տանք մեր հաւատակիցներուն հանդէպ։ Կերպերէն մէկն է՝ զիրենք մխիթարել։ Մենք պիտի կարենանք մէկզմէկ մխիթարել, եթէ կարեկցութենէ մղուինք։ Իսկ ինչպէ՞ս կրնանք իրարու հանդէպ մեր սէրը զօրաւոր պահել։ Երբ որ մեր ամէն կարելին կ’ընենք որ ուրիշներուն սխալները ներենք։

19. Ինչո՞ւ մանաւանդ հիմա պէտք է որ իրար սիրենք։

19 Ինչո՞ւ մանաւանդ հիմա պէտք է իրար սիրենք։ Նկատի առ թէ Պետրոս ի՞նչ պատճառ կու տայ. «Ամէն բանի վախճանը մօտեցեր է. ուստի. . . ամէն բանէ առաջ իրարու հանդէպ սրտանց սէր ունեցէք» (Ա. Պետ. 4։7, 8)։ Մինչ այս չար աշխարհը իր վերջաւորութեան կը հասնի, ի՞նչ բան կրնանք ակնկալել։ Երբ Յիսուս իր հետեւորդներուն հետ կը խօսէր, ան մարգարէացաւ. «Իմ անուանս համար բոլոր ազգերուն ատելի պիտի ըլլաք» (Մատ. 24։9)։ Այս ատելութեան տոկալու համար, պէտք է միացած մնանք։ Եթէ ասիկա ընենք, Սատանան պիտի չկրնայ մեզ բաժան–բաժան ընել, քանի որ մենք իրարու միացած ենք սիրով, որ «միութեան կատարեալ կապն է» (Կող. 3։14, ՆԱ. Փլպ. 2։1, 2

ԵՐԳ 77 Ներողամիտ ըլլանք

a Ամէն ժամանակէ աւելի, հիմա կարեւոր է որ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ սէր ցոյց տանք։ Ինչո՞ւ, եւ ինչպէ՞ս կրնանք մեր սէրը աւելի լման կերպով ցոյց տալ։