Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 40

‘Շատերը արդարութեան առաջնորդել’

‘Շատերը արդարութեան առաջնորդել’

«Անոնք որ շատերը արդարութեան կ’առաջնորդեն՝ աստղերու պէս պիտի փայլին յաւիտեանս յաւիտենից» (ԴԱՆ. 12։3

ԵՐԳ 111 Պիտի կանչէ

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Ի՞նչ հիանալի դէպքեր մեզի կը սպասեն Հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին։

 Ի՜ՆՉ հոյակապ պիտի ըլլայ այն օրը, երբ Քրիստոսի հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին երկրի վրայ յարութիւնը սկսի։ Բոլոր անոնք, որոնք սիրելիներ կորսնցուցած են, անհամբեր կը սպասեն, որ զիրենք տեսնեն։ Եհովան ալ այդպէս կը զգայ (Յոբ 14։15)։ Երեւակայէ, թէ ամբողջ աշխարհի մէջ մարդիկ որքա՜ն ուրախ պիտի ըլլան, երբ իրենց սիրելիները յարութիւն առնեն։ Ինչպէս նախորդ յօդուածին մէջ տեսանք, «արդարներ»ը, որոնց անունները կեանքի գիրքին մէջ գրուած են, գերեզմաններէն դուրս պիտի գան «կեանքի յարութեան համար» (Գործք 24։15. Յովհ. 5։29)։ Թերեւս մեր սիրելիներէն շատեր ըլլան այդ արդարներուն մէջ, որոնք Արմագեդոնէն քիչ ետք յարութիւն պիտի առնեն *։ Ասկէ զատ, «մեղաւորներ»ը, ինչպէս անոնք որոնք մեռնելէ առաջ բաւարար առիթ չունեցան Եհովան ճանչնալու կամ հաւատարմօրէն իրեն ծառայելու, ետ կեանքի պիտի գան «դատաստանի յարութեան համար» (ՆԱ

2-3. ա) Ինչպէս Եսայի 11։9, 10–ն ցոյց կու տայ, կրթական ի՞նչ մեծ ծրագիր պիտի տարուի։ բ) Այս յօդուածին մէջ ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։

2 Բոլոր այս յարութիւն առնողները պէտք պիտի ունենան սորվելու (Եսա. 26։9. 61։11)։ Այդ նպատակով, մարդկութեան պատմութեան մէջ կրթական ամէնէն մեծ ծրագիրը պիտի տարուի (կարդա՛ Եսայի 11։9, 10)։ Պատճառներէն մէկը այն է, որ յարութիւն առնող մեղաւորները պէտք պիտի ունենան սորվելու Յիսուս Քրիստոսի, Թագաւորութեան, փրկանքին եւ Եհովայի անուան ու գերիշխանութեան հետ կապ ունեցող տիեզերական հարցին մասին։ Նոյնիսկ արդարները պէտք պիտի ունենան գիտնալու այն նոր բաները, որոնք Եհովան դարերու ընթացքին յայտնած է երկրին նկատմամբ իր նպատակին մասին։ Այդ հաւատարիմներէն ոմանք մեռան Աստուածաշունչը ամբողջանալէն շատ առաջ։ Ուրեմն թէ՛ մեղաւորները եւ թէ արդարները սորվելիք շատ բան պիտի ունենան։

3 Այս յօդուածին մէջ նկատի պիտի առնենք հետեւեալ հարցումները. Այս կրթական մեծ ծրագիրը ինչպէ՞ս պիտի տարուի։ Ի՞նչ պիտի պատահի, եթէ մարդիկ այդ ծրագրին ընդառաջեն եւ ի՞նչ պիտի ըլլայ, եթէ չընդառաջեն։ Մենք այս հարցումներուն պատասխաններով պէտք է որ հետաքրքրուած ըլլանք։ Ինչպէս պիտի տեսնենք, Դանիէլ եւ Յայտնութիւն գիրքերուն մէջ գրուած կարգ մը հիանալի մարգարէութիւններ մեզի պիտի օգնեն, որ ճշդենք մեր հասկացողութիւնը մեռելներու յարութեան ատեն կատարուելիք դէպքերուն նկատմամբ։ Նախ, նկատի առնենք Դանիէլ 12։1, 2–ի մարգարէութեան մէջ նշուած հետաքրքրական դէպքերը։

‘ԵՐԿՐԻ ՀՈՂԻՆ ՄԷՋ ՔՆԱՑՈՂՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ԱՐԹՆՆԱՆ’

4-5. Դանիէլ 12։1–ը ի՞նչ կը յայտնէ վերջին ժամանակին մասին։

4 Կարդա՛ Դանիէլ 12։1։ Դանիէլ գիրքը կը թուէ, թէ ի՛նչ հիանալի դէպքեր պիտի պատահին վերջին ժամանակին ընթացքին։ Օրինակ, Դանիէլ 12։1–ը կը յայտնէ, թէ Միքայէլ, որ Յիսուս Քրիստոսն է, ‘[Աստուծոյ] ժողովուրդին որդիներուն վրայ կը կենայ’։ Մարգարէութեան այդ մասը սկսաւ կատարուիլ 1914–ին, երբ Յիսուս նշանակուեցաւ որպէս Աստուծոյ երկնային Թագաւորութեան Թագաւորը։

5 Սակայն, Դանիէլ նաեւ մարգարէացաւ որ Յիսուս պիտի ‘ելլէր այնպիսի նեղութեան ժամանակ, որուն նմանը ազգ ըլլալէն մինչեւ այդ ատեն եղած չէ’։ Այդ «նեղութեան ժամանակ»ը Մատթէոս 24։21–ի մէջ նշուած «մեծ նեղութիւն»ն է։ Այդ նեղութեան ժամանակին վերջաւորութեան, այսինքն՝ Արմագեդոնին, Յիսուս պիտի ելլէ, կամ գործի պիտի անցնի, Աստուծոյ ժողովուրդը պաշտպանելու համար։ Յայտնութիւն գիրքը անոնց մասին կը խօսի որպէս ‘մեծ նեղութենէն եկող’ մեծ բազմութիւն մը (Յայտ. 7։9, 14

6. Ի՞նչ պիտի պատահի, երբ մեծ բազմութիւնը մեծ նեղութենէն վերապրի. բացատրէ (տե՛ս նաեւ այս թիւին մէջ եղող «Հարցումներ ընթերցողներէն» յօդուածը, որ կը խօսի երկրային յարութեան մասին)։

6 Կարդա՛ Դանիէլ 12։2։ Ի՞նչ պիտի պատահի, երբ մեծ բազմութիւնը այդ նեղութեան ժամանակէն վերապրի։ Այս մարգարէութիւնը չի խօսիր այլաբանական յարութեան մը մասին՝ Աստուծոյ ծառաներուն հոգեւորապէս արթննալուն մասին, որ տեղի կ’ունենայ վերջին օրերուն ընթացքին,– ինչպէս որ նախապէս կը հասկնայինք *։ Փոխարէնը, այս մարգարէութիւնը կը խօսի մեռելներուն յարութեան մասին, որ տեղի պիտի ունենայ գալիք նոր աշխարհին մէջ։ Ինչո՞ւ այսպէս կ’ըսենք։ Յոբ 17։16–ի մէջ ալ կը գործածուի «հող» բառը, ուր կը խօսուի «գերեզման»ի մասին։ Քանի որ «հող» բառը կրնայ նշանակել «գերեզման», Դանիէլ 12։2–ը պէտք է որ բառացի յարութեան մասին ըլլայ, որ տեղի պիտի ունենայ վերջին օրերը վերջանալէն եւ Արմագեդոն պատերազմէն ետք։

7. ա) Ի՞նչ իմաստով ոմանք յարութիւն պիտի առնեն «յաւիտենական կեանքի համար»։ բ) Ինչո՞ւ կրնանք ըսել որ ասիկա «լաւագոյն յարութիւն»ն է։

7 Սակայն Դանիէլ 12։2–ը ի՞նչ ըսել կ’ուզէ, երբ կ’ըսէ թէ ոմանք յարութիւն պիտի առնեն «յաւիտենական կեանքի համար»։ Ըսել կ’ուզէ, որ անոնք որոնք յարութիւն պիտի առնեն եւ 1000 տարուան ընթացքին պիտի ճանչնան, կամ պիտի շարունակեն ճանչնալ, Եհովան ու Յիսուսը եւ անոնց պիտի հնազանդին, ի վերջոյ յաւիտենական կեանք պիտի ստանան (Յովհ. 17։3)։ Այս յարութիւնը «լաւագոյն յարութիւն»ը պիտի ըլլայ. աւելի լաւ յարութիւն, քան անցեալին տեղի ունեցած յարութիւնները (Եբ. 11։35)։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անցեալին ապրած այդ անկատար մարդիկը նորէն մեռան։

8. Ի՞նչ իմաստով ոմանք յարութիւն պիտի առնեն «նախատինքի ու յաւիտենական անարգանքի համար»։

8 Բայց ոչ բոլոր յարութիւն առնողները պիտի ընդունին Եհովայի կրթական ծրագիրը։ Դանիէլի մարգարէութիւնը կ’ըսէ, որ ոմանք յարութիւն պիտի առնեն «նախատինքի ու յաւիտենական անարգանքի համար»։ Քանի որ անոնք ըմբոստ կեցուածք պիտի ունենան, անոնց անունները կեանքի գիրքին մէջ պիտի չգրուին եւ անոնք յաւիտենական կեանք պիտի չստանան։ Ընդհակառակը, անոնք պիտի ստանան «յաւիտենական անարգանք», այսինքն՝ պիտի ոչնչացուին։ Ուրեմն, Դանիէլ 12։2–ը կը խօսի, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ բոլոր յարութիւն առնողներուն, յարութիւն առնելէն ետք իրենց ըրածներուն հիման վրայ (Յայտ. 20։12) *։ Ոմանք յաւիտենական կեանք պիտի ստանան, ոմանք՝ ոչ։

‘ՇԱՏԵՐԸ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԵԼ’

9-10. Ուրիշ ի՞նչ պիտի պատահի մեծ նեղութենէն ետք, եւ որոնք «երկնքի հաստատութեանը լոյսին պէս. . . պիտի փայլին»

9 Կարդա՛ Դանիէլ 12։3։ Ուրիշ ի՞նչ պիտի պատահի գալիք «նեղութեան ժամանակ»էն ետք։ Դանիէլ 12։2–էն ետք, 3–րդ համարը կը խօսի բանի մը մասին, որ պիտի պատահի մեծ նեղութենէն ետք։

10 Որո՞նք «երկնքի հաստատութեանը լոյսին պէս. . . պիտի փայլին»։ Մատթէոս 13։43–ը մեզի կ’օգնէ այս մէկը գիտնալու, ըսելով. «Այն ատեն արեւի պէս պիտի փայլին արդարները իրենց Հօրը թագաւորութեանը մէջ»։ Յիսուս կը խօսէր ‘Թագաւորութեանը որդիներուն’՝ իր օծեալ եղբայրներուն, մասին, որոնք իրեն հետ պիտի ծառայեն երկնային Թագաւորութեան մէջ (Մատ. 13։38)։ Ուրեմն, Դանիէլ 12։3–ը պէտք է որ ըլլայ օծեալներուն մասին եւ այն գործին մասին, որ պիտի ընեն Հազարամեայ իշխանութեան ընթացքին։

Օծեալ քրիստոնեաները Յիսուս Քրիստոսին հետ պիտի համագործակցին, որպէսզի առաջնորդեն այն կրթական ծրագիրը, որ պիտի տարուի 1000 տարուան ընթացքին (տե՛ս պարբ. 11)

11-12. 144,000–ը ինչո՞վ զբաղուած պիտի ըլլան 1000 տարուան ընթացքին։

11 Օծեալները ինչպէ՞ս շատերը ‘արդարութեան պիտի առաջնորդեն’։ Օծեալ քրիստոնեաները Յիսուս Քրիստոսին հետ պիտի համագործակցին, որպէսզի առաջնորդեն այն կրթական ծրագիրը, որ պիտի տարուի երկրի վրայ 1000 տարուան ընթացքին։ 144,000–ը պիտի ծառայեն ոչ միայն որպէս թագաւորներ, հապա նաեւ որպէս քահանաներ (Յայտ. 1։6. 5։10. 20։6)։ Քահանաներ ըլլալով, անոնք պիտի օգնեն որ ‘հեթանոսները բժշկուին’, այսինքն՝ կամաց–կամաց մարդոց պիտի օգնեն որ կատարեալ դառնան (Յայտ. 22։1, 2. Եզեկ. 47։12)։ Օծեալները որքա՜ն պիտի ուրախանան այս մէկը ընելով։

12 Որո՞նք պիտի ըլլան այն «շատեր»ուն մէջ, որոնք արդարութեան պիտի առաջնորդուին։ Անոնց մէջ պիտի ըլլան՝ յարութիւն առնողները եւ անոնք, որոնք Արմագեդոնէն պիտի վերապրին, ինչպէս նաեւ ոեւէ պզտիկ, որ նոր աշխարհին մէջ պիտի ծնի։ 1000 տարուան վերջաւորութեան, երկրի վրայ բոլոր ապրողները կատարեալ պիտի ըլլան։ Բայց ե՞րբ է, որ անոնց անունները կեանքի գրքին մէջ պիտի գրուին մնայուն կերպով, այսինքն՝ մելանով, եւ ոչ թէ մատիտով։

ՎԵՐՋԻՆ ՓՈՐՁԸ

13-14. Երկրի վրայ բոլոր կատարեալ մարդիկը ի՞նչ պէտք է փաստեն, որպէսզի յաւիտենական կեանք ստանան։

13 Պէտք է յիշենք որ կատարեալ ըլլալը ինքնին չի նշանակեր, որ անձը ինքնաբերաբար յաւիտենական կեանք պիտի ստանայ։ Մտածէ Ադամին ու Եւային մասին։ Անոնք կատարեալ էին, բայց յաւիտենական կեանք ստանալէ առաջ պէտք էր փաստէին, որ Եհովա Աստուծոյ հնազանդ էին։ Բայց ցաւօք սրտի, անոնք իրեն հնազանդ չգտնուեցան (Հռով. 5։12

14 Երկրի վրայ մարդոց վիճակը ի՞նչ պիտի ըլլայ 1000 տարուան վերջաւորութեան։ Անոնք բոլորն ալ կատարելութեան հասած պիտի ըլլան։ Բայց արդեօք բոլոր այդ կատարեալ մարդիկը յաւիտեան Եհովայի իշխանութեան լիովին թիկունք պիտի կանգնի՞ն։ Թէ ոչ անոնցմէ ոմանք Ադամին ու Եւային պէս կատարեալ ըլլալով հանդերձ՝ անհաւատարիմ պիտի ըլլա՞ն։ Այս հարցումները պէտք է պատասխանուին, բայց ինչպէ՞ս։

15-16. ա) Ամբողջ մարդկութիւնը ե՞րբ առիթը պիտի ունենայ ցոյց տալու, որ Եհովային հաւատարիմ է։ բ) Այս փորձին վերջնական արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլայ։

15 Սատանան 1000 տարի պիտի բանտարկուի։ Այդ ժամանակամիջոցին, ան պիտի չկարենայ ոեւէ մէկը մոլորեցնել։ Սակայն 1000 տարուան վերջաւորութեան, Սատանան ազատ պիտի արձակուի։ Այն ատեն, ան պիտի փորձէ կատարեալ մարդիկը մոլորեցնել։ Երկրի վրայ ապրող բոլոր կատարեալ մարդիկը այդ փորձին ատեն առիթը պիտի ունենան ցոյց տալու, թէ ի՛նչ կեցուածք ունին Աստուծոյ անուան եւ իր գերիշխանութեան նկատմամբ (Յայտ. 20։7-10)։ Անոնցմէ ամէն մէկուն հակազդեցութիւնը պիտի որոշէ, եթէ անոնց անունները մնայուն կերպով կեանքի գիրքին մէջ պիտի գրուին կամ ոչ։

16 Ոմանք, որոնց թիւը յայտնի չէ, Ադամին ու Եւային պէս պիտի վարուին. անոնք պիտի մերժեն Եհովայի իշխանութիւնը։ Անոնց ի՞նչ պիտի պատահի։ Յայտնութիւն 20։15–ը կ’ըսէ. «Ով որ կեանքի գրքին մէջ գրուած չգտնուեցաւ, կրակի լիճին մէջ ձգուեցաւ» (Յայտ. 20։15)։ Այո, այս ըմբոստները ամբողջովին պիտի ոչնչացուին՝ յաւիտեան։ Բայց կատարեալ մարդոց մեծամասնութիւնը վերջին փորձէն պիտի անցնի։ Այն ատեն անոնց անունները մնայուն կերպով պիտի գրուին կեանքի գիրքին մէջ։

«ՎԵՐՋԻՆ ԺԱՄԱՆԱԿ»ԻՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ

17. Դանիէլին ի՞նչ ըսուեցաւ մեր օրերուն մասին (Դանիէլ 12։4, 8-10

17 Այս ապագայ դէպքերուն մասին մտածելը մեր հետաքրքրութիւնը կը շարժէ։ Սակայն, Դանիէլ նաեւ կարեւոր տեղեկութիւն ստացաւ հրեշտակէ մը մեր ժամանակին նկատմամբ, որ է՝ «վերջին ժամանակը» (կարդա՛ Դանիէլ 12։4, 8-10. Բ. Տիմ. 3։1-5)։ Հրեշտակը Դանիէլին ըսաւ. «Գիտութիւնը պիտի շատնայ»։ Այո, Աստուծոյ ժողովուրդը աւելի լիովին պիտի կարենար հասկնալ անոր գրքին մէջի մարգարէական խօսքերը։ Հրեշտակը աւելցուց, որ այս ժամանակին ընթացքին ‘ամբարիշտները ամբարշտութիւն պիտի ընէին ու բնաւ ամբարիշտ մը պիտի չհասկնար’։

18. Մօտ ատենէն չարերուն ի՞նչ պիտի պատահի։

18 Այսօր կրնայ այնպէս երեւիլ, թէ չարերը չեն պատժուիր իրենց չար գործերուն համար (Մաղ. 3։14, 15)։ Բայց մօտ ատենէն, Յիսուս պիտի դատէ այծանման անհատները եւ զանոնք պիտի զատէ ոչխարանման անհատներէն (Մատ. 25։31-33)։ Այս չարերը մեծ նեղութենէն պիտի չանցնին, ոչ ալ նոր աշխարհին մէջ յարութիւն պիտի առնեն։ Անոնց անունները պիտի չգրուին Մաղաքիա 3։16–ի մէջ նշուած «յիշատակի գիրք»ին մէջ։

19. Հիմա է ժամանակը որ ի՞նչ ընենք, եւ ինչո՞ւ (Մաղաքիա 3։16-18

19 Հիմա՛ է ժամանակը փաստելու, որ մենք չարերուն մաս չենք կազմեր (կարդա՛ Մաղաքիա 3։16-18)։ Եհովան կը հաւաքէ անոնք, որոնք «սեփական գանձ» կը սեպէ, այսինքն՝ շատ թանկագին ստացուածք։ Եւ մենք անշուշտ կ’ուզենք անոնց մէջ ըլլալ։

Որքա՜ն պիտի ուրախանանք, տեսնելով թէ Դանիէլ, մեր սիրելիները եւ ուրիշ շատեր ‘կը կենան’՝ ստանալու իրենց բաժինը՝ նոր աշխարհին մէջ (տե՛ս պարբ. 20)

20. Ի՞նչ է Դանիէլին տրուած վերջին խոստումը, եւ ինչո՞ւ այդ խոստումին կատարման անհամբեր կը սպասես։

20 Իսկապէս հետաքրքրական ժամանակներու մէջ կ’ապրինք։ Բայց մօտ ատենէն, շա՜տ աւելի ուշագրաւ դէպքեր պիտի պատահին։ Շուտով, պիտի տեսնենք թէ ինչպէ՛ս ամբողջ չարութիւնը վերջ պիտի գտնէ։ Ատկէ ետք, պիտի տեսնենք Դանիէլին տրուած Եհովայի խոստումին կատարումը. «Օրերուն վերջը քեզի շնորհուած տեղը պիտի կենաս» (Դան. 12։13)։ Կը սպասե՞ս այն օրուան, երբ Դանիէլը եւ սիրելիներդ ետ պիտի ‘կենան’։ Եթէ այո, ամէն կարելիդ ըրէ հիմա՛, որ հաւատարիմ ըլլաս։ Այդպէս ընելով կրնաս վստահ ըլլալ, որ անունդ գրուած պիտի մնայ Եհովայի կեանքի գիրքին մէջ։

ԵՐԳ 95 ‘Ճաշակեցէ՛ք ու տեսէք, թէ Եհովան բարի է’

^ Այս յօդուածը մեր հասկացողութիւնը կը ճշդէ Դանիէլ 12։2, 3–ի մէջ նկարագրուած կրթական մեծ ծրագրին նկատմամբ։ Պիտի քննենք, թէ ատիկա ե՛րբ տեղի պիտի ունենայ եւ թէ այդ ծրագրին որո՛նք պիտի մասնակցին։ Նաեւ պիտի տեսնենք, թէ այդ ծրագիրը ինչպէ՛ս երկրի վրայ եղողները պիտի պատրաստէ այն վերջին փորձին, որ պիտի ըլլայ Քրիստոսի հազարամեայ իշխանութեան վերջաւորութեան։

^ Թերեւս յարութիւնը սկսի վերջին օրերուն ապրող հաւատարիմներով եւ սերունդ առ սերունդ դէպի ետեւ երթայ։ Եթէ այդ է պարագան, ուրեմն ամէն մէկ սերունդի մարդիկը առիթը պիտի ունենան դիմաւորելու այն անհատները, որոնք անձամբ կը ճանչնան։ Ամէն պարագայի, քանի որ երկնային յարութիւնը «կարգով» պիտի ըլլայ, կրնանք եզրակացնել որ երկրային յարութիւնն ալ կարգով պիտի ըլլայ (Ա. Կոր. 14։33. 15։23

^ Այս բացատրութիւնը կը ճշդէ մեր առաջուան հասկացողութիւնը, որ կը գտնուի Ուշադրութիւն ընծայեցէ՛ք Դանիէլի մարգարէութեան գիրքին 17–րդ գլուխին մէջ, եւ Դիտարան–ի 1 յունուար 1988 թիւին մէջ, էջ 9-13 (արաբ.)։

^ Ինչպէս նախորդ յօդուածին մէջ տեսանք, Գործք 24։15–ի մէջ յիշուած «արդարներ» եւ «մեղաւորներ» բառերը, ինչպէս նաեւ Յովհաննէս 5։29–ի մէջ յիշուած «անոնք որ բարի գործեր են» եւ «անոնք որ չար գործեր են» արտայայտութիւնները կը կեդրոնանան յարութիւն առնողներուն վարքին վրայ՝ իրենց մեռնելէն առաջ։