Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՍ ԱՒԵԼԻ ՕԳՏՈՒԻԼ ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԷՆ

Սուրբ Գիրքը ինչպէ՞ս կրնայ կեանքս լաւացնել

Սուրբ Գիրքը ինչպէ՞ս կրնայ կեանքս լաւացնել

Սուրբ Գիրքը պարզ գիրք մը չէ։ Ատոր մէջ կան մեր Ստեղծիչին խրատները (Բ. Տիմոթէոս 3։16)։ Ատոր պատգամը կրնայ շատ ազդել մեզի։ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Աստուծոյ խօսքը կենդանի է ու զօրեղ» (Եբրայեցիս 4։12)։ Ատիկա մեր կեանքը երկու գլխաւոր կերպերով կը լաւացնէ. մեր ամէնօրեայ կեանքին նկատմամբ ուղղութիւններ կու տայ եւ մեզի կ’օգնէ որ Աստուծոյ եւ իր նպատակներուն մասին գիտնանք (Ա. Տիմոթէոս 4։8. Յակոբոս 4։8

Հիմա կեանքդ կը լաւացնէ։ Սուրբ Գիրքը կ’օգնէ անձնական հարցերուդ մէջ։ Ատիկա գործնական խրատ կու տայ հետեւեալին մասին։

Ասիոյ մէջ երիտասարդ զոյգ մը Սուրբ Գիրքին խրատներուն արժէքը մեծապէս գիտցաւ։ Անոնք շատ մը նոր ամուսնացած զոյգերու պէս դժուարութիւն ունէին որ իրարու բնաւորութիւններուն վարժուին եւ իրարու հետ միշտ հաղորդակցին։ Բայց անոնք սկսան Սուրբ Գիրքէն իրենց կարդացածները գործադրել։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Ամուսինը՝ Վիսէնդ կ’ըսէ. «Սուրբ Գիրքէն կարդացածներս ինծի օգնած են որ սիրալիր կերպով վարուիմ երբ մեր ամուսնութեան մէջ հարցեր ծագին։ Սուրբ Գիրքին ըսածները գործադրելով՝ մեր կեանքը ուրախ դարձած է»։ Կինը՝ Էննըլու կը համաձայնի իրեն հետ. «Մեզի օգնեցին՝ Սուրբ Գիրքին մէջ անհատներու օրինակները։ Հիմա մեր ամուսնութիւնը եւ նպատակները ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն կու տան ինծի»։

Աստուած ճանչնալ։ Վիսէնդ նաեւ կ’ըսէ. «Սուրբ Գիրքը կարդալով՝ հիմա շատ աւելի մօտիկ եմ Եհովային քան առաջ»։ Վիսէնդի ըսածին մէջ կարեւոր կէտ մը կայ. Սուրբ Գիրքը քեզի կ’օգնէ որ Աստուած ճանչնաս։ Այսպիսով ոչ միայն Իր խրատէն պիտի օգտուիս, այլեւ՝ ան քու բարեկամդ պիտի դառնայ։ Նաեւ պիտի տեսնես որ ան աւելի լաւ ապագայ մը կը խոստանայ, երբ պիտի վայելես իսկական կեանքը որ յաւիտեան պիտի տեւէ (Ա. Տիմոթէոս 6։19)։ Ուրիշ ո՛չ մէկ գիրք կրնայ այս յոյսը տալ։

Դուն ալ կրնաս այս օգուտները քաղել, եթէ սկսիս Սուրբ Գիրքը կարդալ եւ չյանձնուիլ։ Այսպիսով, թէ՛ կեանքդ պիտի լաւանայ եւ թէ Աստուած պիտի ճանչնաս։ Բայց շատ հաւանաբար հարցումներ պիտի ունենաս մինչ Սուրբ Գիրքը կը կարդաս։ Այս պարագային ըրէ ինչ որ եթովպիացի պալատականը ըրաւ 2000 տարի առաջ։ Ան Սուրբ Գիրքին նկատմամբ շատ հարցումներ ունէր։ Յիսուսի աշակերտներէն մէկը՝ Փիլիպպոս, իրեն հարցուց թէ արդեօք իր կարդացածը կը հասկնա՞ր։ Ան պատասխանեց. «Ի՞նչպէս կրնամ հասկնալ, եթէ մէկը ինծի չառաջնորդէ» *։ Ետքը Փիլիպպոս, որ Սուրբ Գիրքը լաւ գիտէր, իրեն օգնեց որ հասկնայ (Գործք 8։30, 31, 34)։ Եթէ դուն ալ կ’ուզես Սուրբ Գիրքին մասին աւելին գիտնալ, քեզ կը քաջալերենք որ խնդրանքդ ղրկես համացանցի միջոցաւ՝ www.dan124.com/hy-latn կայքը գործածելով, կամ ալ այս պարբերաթերթին նշած ամէնէն մօտիկ հասցէին նամակ մը գրես։ Նաեւ կրնաս շրջանիդ մէջ ապրող Եհովայի վկաներուն հետ կապ պահել կամ քեզի մօտ եղող Թագաւորութեան սրահ մը այցելել։ Ի՞նչ կ’ըսես եթէ այսօր սկսիս Սուրբ Գիրքը կարդալ եւ թոյլ տալ որ քեզի օգնէ աւելի լաւ կեանք մը ունենալու։

Եթէ հարց կու տաս թէ արդեօք կրնա՞ս Սուրբ Գիրքին լման վստահիլ, հաճիս դիտէ այս կարճ տեսաերիզը՝ Ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ որ Աստուածաշունչը ճշգրիտ է։ Կրնաս զայն գտնել բանալով www.dan124.com/hy-latn/հրատարակութիւններ/տեսաերիզներ։

^ պարբ. 8 Տե՛ս մեր կայքը՝ jw.org, որպէսզի գործնական ուրիշ խրատներ ալ տեսնես։ Նայէ՛ անգլերէնով՝ BIBLE TEACHINGS > BIBLE QUESTIONS ANSWERED։

^ պարբ. 11 Նաեւ տե՛ս այս պարբերաթերթին մէջ՝ «Պարզապէս պզտիկ սխալ հասկացողութի՞ւն մըն է» յօդուածը։