Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Սէյշելեան Կղզիներուն Փրասլին կղզին, ուր 1881–ին՝ զօրավար Կորտըն գտաւ իր Եդեմի պարտէզը

Երկրի վրայ Դրախտ. երեւակայութի՞ւն է, թէ ոչ իրականութիւն

Երկրի վրայ Դրախտ. երեւակայութի՞ւն է, թէ ոչ իրականութիւն

Դրախտ։ Ճամբորդութեան վերաբերեալ գունաւոր գրքոյկներու մէջ կը կարդանք համոզիչ առաջարկներ, որ երթանք հեռաւոր «դրախտ» մը, որպէսզի հանգստանանք եւ մոռնանք բոլոր մեր մտահոգութիւնները եւ խնդիրները։ Բայց շատ լաւ գիտենք որ երբ տուն վերադառնանք, կեանքը կը շարունակուի ինչպէս որ էր։

Հակառակ ասոր, բոլորս կ’երեւակայենք դրախտը եւ կը մտածենք. «‘Դրախտը’ պարզապէս հաճելի երեւակայութի՞ւն մըն է։ Եթէ ա՛յո, լաւ ինչո՞ւ այսքա՛ն կը գրաւէ մեր ուշադրութիւնը։ Եւ կրնա՞յ ըլլալ որ օր մը իսկապէս դրախտ ըլլայ»։

ԴՐԱԽՏԻ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ

Մարդիկ դարերու ընթացքին հետաքրքրուած են դրախտի գաղափարով։ Շատերու մէջ հետաքրքրութիւն արթնցած է երբ Սուրբ Գիրքին մէջ կարդացած են՝ «արեւելեան կողմը՝ Եդեմի մէջ՝ պարտէզ»։ Այդ պարտէզը ինչո՞ւ մարդոց ուշադրութիւնը գրաւած է։ Պատմութիւնը կ’ըսէ. «Տէր Աստուած գետնէն՝ տեսնելու հաճելի եւ ուտելու աղէկ ամէն ծառ. . . բուսցուց»։ Այդ պարտէզը աղուոր եւ հաճելի տեղ մըն էր։ Ամէնէն հետաքրքրականը, «պարտէզին մէջտեղը կենաց ծառ»ն ալ կար (Ծննդոց 2։8, 9

Ասկէ զատ, Ծննդոց գիրքը կ’ըսէ թէ այս պարտէզէն կ’ելլէին չորս գետեր։ Ատոնցմէ երկուքը մեզի ծանօթ են՝ Տիգրիս գետը եւ Եփրատ գետը (Ծննդոց 2։10-14)։ Այս երկու գետերը կը հոսին դէպի Պարսից ծոց, անցնելով հիմակուան Իրաքէն, որ անցեալին Պարսկաստանին մաս կը կազմէր։

Յստակ է թէ երկրային դրախտը մաս կը կազմէ Պարսկաստանի մշակութային ժառանգութեան։ 16–րդ դարուն պատկանող պարսկական գորգ մը, որ կը գտնուի Ֆիլատելֆիոյ՝ գեղարուեստի թանգարանին մէջ (Փէնսիլվանիա, ԱՄՆ), կը պատկերացնէ պատուած պարտէզ մը՝ ծառերով եւ ծաղիկներով։ «Պատուած պարտէզ» նշանակող պարսկերէն բառը նաեւ կը նշանակէ՝ «դրախտ», եւ գորգին ցուցուցած տեսարանը նման է Սուրբ Գիրքին նկարագրած գեղեցիկ Եդեմի պարտէզին։

Իրականութեան մէջ, դրախտի մասին պատմութիւններ կը պատմուին՝ աշխարհին չորս կողմը գտնուող բազմաթիւ լեզուներու եւ մշակոյթներու մէջ։ Մինչ մարդկութիւնը կը տարածուէր աշխարհին տարբեր մասերուն մէջ, իրենց հետ տարին բուն պատմութեան մօտ եղող պատմութիւններ, որոնք դարերու ընթացքին խառնուեցան տեղական հաւատալիքներու եւ առասպելներու հետ։ Նոյնիսկ այսօր, մարդիկ շատ գեղեցիկ տեսարաններու մասին առանց զգալու կ’ըսեն թէ դրախտ են։

ԴՐԱԽՏԸ ՓՆՏՌԵԼ

Կարգ մը երկրախոյզներ ըսած են որ կորսուած դրախտը գտած են։ Օրինակ, Չարլզ Կորտըն, որ Բրիտանիոյ բանակի զօրավար էր, 1881–ին այցելեց Սէյշելեան Կղզիները եւ շատ տպաւորուեցաւ Վալի տը Մէյի կանաչութիւնով հարուստ գեղեցկութեամբ, որ հիմա Համաշխարհային ժառանգութիւն է։ Ան յայտարարեց որ ատիկա Եդեմի պարտէզն է։ 15–րդ դարուն, երբ իտալացի նաւավար Քրիստափոր Քոլոմպոս հասաւ Իսպանիոլա կղզին, մտածեց թէ արդեօք Եդեմի պարտէզը գտնելու վրա՞յ էր։ Այդ կղզին հիմա Տոմինիքեան Հանրապետութիւնը եւ Հայիթին է։

Mapping Paradise անունով արդի պատմական գիրքին մէջ կան աւելի քան 190 հին քարտէսներ, եւ ատոնցմէ շատեր կը ցուցնեն Ադամն ու Եւան Եդեմին մէջ։ Հոն կայ յատուկ քարտէս մը, որ կը պատկանի 13–րդ դարու Պեաթուս Լիըպէնացիի ձեռագիրին մէկ օրինակին։ Ատոր վերը դրուած է պզտիկ քառանկիւն մը, որուն մէջտեղը դրախտ կայ։ Հոնկէ կը հոսին չորս գետեր, որոնք կոչուած են՝ «Տիգրիս», «Եփրատ», «Փիսոն» եւ «Գեհոն», ամէն մէկը դէպի անկիւն մը։ Կը կարծուի թէ ատիկա կը ներկայացնէ քրիստոնէութեան տարածուիլը աշխարհի չորս անկիւնները։ Այսպիսի նկարներ կը ցուցնեն, թէ թէեւ ոչ մէկը գիտէ բուն Դրախտին տեղը, բայց ատոր յիշատակները տակաւին նոյնքա՛ն ուշադրութիւն կը գրաւեն։

17–րդ դարու անգլիացի բանաստեղծ Ճոն Միլթըն ճանչցուած է իր Կորսուած դրախտ բանաստեղծութեամբ, որ հիմնուած է Ծննդոց գիրքին պատմութեան վրայ՝ Ադամին գործած մեղքին եւ Եդեմէն վռնտուելուն մասին։ Ատոր մէջ ան շեշտեց որ մարդիկ յաւիտեան պիտի ապրին երկրի վրայ, ինչպէս որ խոստացուած է։ Ան ըսաւ. «Այդ ժամանակ, ամբողջ երկիրը դրախտ պիտի ըլլայ»։ Ետքը, Միլթըն պատմութեան շարունակութիւնը գրեց՝ Վերագտնուած դրախտ անունով։

ՈՒՐԻՇ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Յստակ է թէ ամբողջ պատմութեան ընթացքին մարդիկ հետաքրքրուած էին կորսուած դրախտով։ Բայց հիմա ատիկա ինչո՞ւ մէկ կողմ դրուած է։ Ինչպէս որ Mapping Paradise գիրքը կ’ըսէ, ասոր գլխաւոր պատճառն է, թէ «աստուածաբանները. . . իրենց կռնակը լման դարձուցած են դրախտին ուր ըլլալուն հարցին»։

Եկեղեցի գացողներուն մեծամասնութիւնը կը սորվի, թէ ի վերջոյ երկինք պիտի երթան, եւ ոչ թէ երկրային դրախտի մը մէջ պիտի ապրին։ Բայց Սաղմոս 37։29–ին մէջ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ. «Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին»։ Լաւ, ի՞նչ յոյս կայ որ օր մը այս խոստումը պիտի կատարուի, նայած որ հիմա դրախտին նշոյլը չկայ աշխարհին մէջ *։

ԼՄԱՆ ԵՐԿԻՐԸ ԾԱԾԿՈՂ ԴՐԱԽՏ ՄԸ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ

Եհովա Աստուած, որ բուն Դրախտը ստեղծեց, խոստացած է որ դարձեալ դրախտ ընէ։ Ինչպէ՞ս։ Յիշէ թէ Յիսուս մեզի սորվեցուց այսպէս աղօթել. «Քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ» (Մատթէոս 6։10)։ Այս Թագաւորութիւնը համաշխարհային կառավարութիւն մըն է՝ Յիսուս Քրիստոսի գլխաւորութեամբ, որ բոլոր մարդկային իշխանութիւններուն տեղը պիտի առնէ (Դանիէլ 2։44)։ Այս Թագաւորութեան իշխանութեան տակ պիտի կատարուի Աստուծոյ կամքը, որ երկիրը դրախտի վերածուի։

Աստուած Եսայի մարգարէն մղած էր որ խոստացուած Դրախտին վիճակներուն մասին խօսի, ուր հիմակուան բոլոր սթրեսները եւ իրարանցումները գացած պիտի ըլլան (Եսայի 11։6-9. 35։5-7. 65։21-23)։ Կը քաջալերենք որ քանի մը վայրկեան տրամադրես, որ այս համարները կարդաս քու Սուրբ Գիրքիդ մէջ։ Այսպիսով վստահ պիտի ըլլաս որ Աստուած ի՛նչ օրհնութիւններ պիտի տայ հնազանդ մարդոց։ Այդ ժամանակ ապրողները պիտի վայելեն դրախտը, ինչպէս նաեւ՝ Աստուծոյ հաճութիւնը,– երկու բաներ որ Ադամ կորսնցուց (Յայտնութիւն 21։3

Ինչո՞ւ կրնանք վստահ ըլլալ, որ երկրային Դրախտի յոյսը իրականութիւն է եւ ոչ թէ երեւակայութիւն։ Քանի որ Սուրբ Գիրքը մեզի կ’ըսէ. «Երկինքներու երկինքը Տէրոջն է, բայց երկիրը մարդոց որդիներուն տուաւ»։ Երկրի վրայ Դրախտը՝ «անսուտն Աստուած խոստացած է դարեր առաջ» (Սաղմոս 115։16. Տիտոս 1։2)։ Սուրբ Գիրքը ի՜նչ հոյակապ յոյս մը կու տայ. յաւիտենական Դրախտ պիտի ըլլայ։

^ պարբ. 15 Հետաքրքրական է որ Քուրանին «Մարգարէները» կոչուած 21–րդ հատուածին 105–րդ համարը (Սուրա 21՝ Ալ–Անպիեա, համար 105) կ’ըսէ. «Իմ ծառաներուս մէջ արդար եղողները երկիրը պիտի ժառանգեն»։