Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Գիտէի՞ր

Գիտէի՞ր

Արդեօք «շուներուն» մասին Յիսուսին տուած օրինակը անարգակա՞ն էր։

Պզտիկ մը՝ շնիկ բռնած, յունական կամ հռոմէական արձան (շինուած՝ Ք.Ա. առաջին դարուն եւ Ք.Ե. երկրորդ դարուն միջեւ)

Անգամ մը, երբ Յիսուս Իսրայէլի սահմաններէն դուրս էր, հրեայ չեղող կին մը իր քովը եկաւ որպէսզի օգնութիւն խնդրէ։ Յիսուս անոր պատասխանելով օրինակ մը բերաւ, որով հրեայ չեղողները կը բաղդատէր «շուներուն» հետ։ Ըստ Մովսիսական օրէնքին՝ շուները անմաքուր կենդանիներ էին (Ղեւտացւոց 11։27)։ Բայց Յիսուս այդ խօսքով կ’ուզէ՞ր անարգել կինը եւ ուրիշ ոչ–հրեաներ։

Բնա՛ւ։ Յիսուս բացատրեց աշակերտներուն, որ ինք եկած էր նախ հրեաներուն օգնելու համար։ Այդ միտքը յստակացնելու համար Յիսուս ըսաւ կնոջ. «Աղէկ չէ տղոց հացը առնել ու շուներուն ձգել» (Մատթէոս 15։21-26. Մարկոս 7։26)։ Յոյներուն եւ հռոմայեցիներուն քով շունը շատ սիրուած կենդանի էր, որ իր տիրոջ տունը կ’ապրէր եւ պզտիկներուն հետ կը խաղար։ Այսպիսով, Յիսուսին գործածած «շուն» բառը ջերմ զգացումներ բերաւ մարդոց միտքը։ Կինը ըմբռնեց Յիսուսին խօսքը եւ պատասխանեց. «Այո՛, Տէ՛ր, վասն զի շուները իրենց տիրոջ սեղանէն ինկած փշրանքներով կը կերակրուին»։ Յիսուս գովեց կինը իր հաւատքին համար եւ բժշկեց անոր աղջիկը (Մատթէոս 15։27, 28

Պօղոս առաքեալին տուած առաջարկը, որ ծովային ճամբորդութիւնը յետաձգուի, իմաստո՞ւն էր։

Բեռնատար մեծ նաւի ցայտաքանդակ մը (Ք.Ե. առաջին դար)

Պօղոսը Իտալիա տանող նաւը հովերու դէմ կը պայքարէր։ Երբ նաւը նաւահանգիստ մը հասաւ, առաքեալը առաջարկեց որ ճամբորդութիւնը չշարունակեն, հապա՝ յետաձգեն (Գործք 27։9-12)։ Ինչի՞ն հիման վրայ Պօղոս այդ խրատը տուաւ։

Հին դարերուն նաւաստիները լաւ գիտէին, որ ձմրան ամիսներուն Միջերկրական ծովուն վրայ նաւարկութիւնը վտանգաւոր էր։ Նոյեմբերի կէսէն մինչեւ մարտի կէսը սովորաբար չէին նաւարկեր այդ ծովուն վրայ։ Բայց Պօղոսին ակնարկած ճամբորդութիւնը սեպտեմբերին կամ հոկտեմբերին տեղի պիտի ունենար։ Ք.Ե. չորրորդ դարու հռոմայեցի գրող Վեճիթիոս իր գիրքին մէջ բացատրեց, թէ ճամբորդութիւնը ինչպէ՛ս կ’ըլլար այդ ծովուն վրայ. «Որոշ ամիսներ շատ յարմար են նաւարկելու համար, որոշ ամիսներ՝ վտանգաւոր, իսկ մնացեալ ամիսներուն անկարելի է նաւարկել» (Epitome of Military Science)։ Վեճիթիոս ըսաւ որ նաւարկելը ապահով կ’ըլլար մայիս 27–էն սեպտեմբեր 14, բայց երկու վտանգաւոր ժամանակամիջոցներն էին՝ սեպտեմբեր 15–էն նոյեմբեր 11 եւ մարտ 11–էն մայիս 26։ Պօղոս, որ փորձառու ճամբորդ մըն էր, անկասկած շատ լաւ գիտէր այսպիսի իրողութիւններ։ Շատ հաւանաբար, նաւավարը եւ նաւատէրը նոյնպէս գիտէին ատոնց մասին, բայց Պօղոսին խրատը մտիկ չըրին։ Առ ի արդիւնք՝ նաւը կործանուեցաւ (Գործք 27։13-44