Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Բարեկամներու շրջանակդ մեծցուր

Բարեկամներու շրջանակդ մեծցուր

Խնդիրը

Հեռու մնալը այն մարդոցմէն, որոնց ժխտական աչքով կը նայինք, ա՛լ աւելի կը խորացնէ մեր նախապաշարումները։ Եւ եթէ մեր բարեկամները միայն մեզի պէս եղող մարդիկ են, կրնանք այն մտածելակերպը զարգացնել, թէ մտածելու, զգալու եւ վարուելու միակ ընդունելի կերպը մե՛ր կերպն է։

Սուրբ Գիրքէն սկզբունք

«Լայն բացէք ձեր սրտերը» (Բ. ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 6։13

Ի՞նչ կը նշանակէ։ Մեր «սիրտ»ը կրնայ ակնարկել մեր ջերմ զգացումներուն։ Եթէ ջերմ զգացումներ ունինք միայն մեզի պէս եղողներուն հանդէպ, մեր սիրտը գոց կը մնայ եւ չի լայննար։ Այս խնդիրին մէջ չիյնալու համար, պէտք է պատրաստ ըլլանք բարեկամանալու մեզմէ տարբեր եղող մարդոց հետ։

Բարեկամներու մեր շրջանակը մեծցնելը ինչպէ՞ս կ’օգնէ

Երբ ուրիշները անձամբ կը ճանչնանք, կը սկսինք հասկնալ թէ ինչո՛ւ մեզմէ տարբեր կերպով կը վարուին։ Եւ մինչ անոնց կը մօտենանք, կը սկսինք զանոնք մեր խումբին մէկ մասը նկատել։ Զանոնք երթալով աւելի կ’արժեւորենք եւ անոնց ուրախութիւնն ու ցաւը կը դառնան մեր ուրախութիւնն ու ցաւը։

Նկատի առ Նըզարէ անունով կնոջ մը օրինակը։ Ատեն մը, ան նախապաշարուած էր գաղթականներուն հանդէպ։ Ան կը բացատրէ, թէ ի՛նչը իրեն օգնեց. «Անոնց հետ ժամանակ անցուցի եւ աշխատեցայ։ Ծանօթացայ մարդոց, որոնք ամբողջովին տարբեր էին այն կերպէն, որով զիրենք կը նկարագրէին։ Երբ տարբեր մշակոյթէ մարդոց հետ կը բարեկամանաս, կը գիտնաս որ բոլորը նոյնը չեն եւ կը սկսիս զիրենք սիրել ու գնահատել որպէս անհատներ»։

Ի՞նչ կրնաս ընել

Գտիր առիթներ, որ խօսիս մարդոց հետ, որոնք տարբեր երկիրէ կամ ազգութենէ են եւ կամ տարբեր լեզուով կը խօսին։ Կրնաս՝

  • Անոնցմէ խնդրել, որ քեզի քիչ մը պատմեն իրենց մասին։

  • Զանոնք ճաշի հրաւիրել։

  • Անոնց փորձառութիւնները մտիկ ընել եւ գիտնալ թէ ի՛նչ բաներ կարեւոր են անոնց համար։

Եթէ ջանաս հասկնալ, թէ ի՛նչ փորձառութիւններ կաղապարած են անոնց անձնաւորութիւնը, կրնաս դրական վերաբերմունք զարգացնել անոնց խումբէն եղող մարդոց նկատմամբ։