Անցնիլ բովանդակութեան

Պէ՞տք է վտանգաւոր մարզանքներ ընել

Պէ՞տք է վտանգաւոր մարզանքներ ընել

Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ

Պէ՞տք է վտանգաւոր մարզանքներ ընել

«ԱՅՍՕՐ, ՇԱՏԵՐ ԱՅԼԵՒՍ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ՄԱՐԶԱՆՔՆԵՐ ՉԵՆ ԴԻՏԵՐ, ԻՆՉՊԷՍ ՕՐԻՆԱԿ՝ ՕԴԱՆԱՒԷ ՄԸ ՎԱՐ ՑԱՏԿԵԼ, ԼԵՌՆԵՐ ՄԱԳԼՑԻԼ, ՋՐՎԷԺՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅԷՆ ՆԱՒԱԿՈՎ ԱՆՑՆԻԼ ԵՒ ՇԱՆԱՁՈՒԿԵՐՈՒ ՀԵՏ ԼՈՂԱԼ. ՀԱՊԱ Կ’ԵՐԹԱՆ ԵՒ ԱՍՈՆՔ Կ’ԸՆԵՆ՝ ԺԱՄԱՆՑԻ ՀԱՄԱՐ» (ՏԸ ՈՒԻԼՕ ԿԼԷՆ ՌԵԶԻՏԸՆԹ ԹԵՐԹ)։

ԱՍ խօսքերը ցոյց կու տան որ վտանգաւոր մարզանքները այսօր երթալով նորոյթ կը դառնան։ Օրինակ, օդանաւէ ցատկելը (skydiving), սառի վրայ մագլցիլը, փարակլայտինկը եւ Պէյս ճամփինկ–ը այնքա՛ն նորոյթ են, որ կը տեսնենք որ աշխարհը վտանգաւոր բաներու մոլին դարձած է։ Ասկէ զատ, մարդիկ շատ վտանգաւոր բաներ կ’ընեն հեծիկներով, սքէյթպորտ–երով, սնոպորտ–երով եւ ինլայն սքէյթ–ներով։ Պարբերաթերթ մը կ’ըսէ, որ աս մարզանքները երթալով նորոյթ կը դառնան, քանի որ շատեր կ’ուզեն վտանգաւոր բաներ ընել՝ որ վախի հետ գլուխ ելլեն եւ իրենց կեանքէն հաճոյք առնեն (Time

Քանի՛ որ երթալով շատեր այս վտանգաւոր մարզանքները կ’ընեն եւ ուրիշներ ալ կ’ուզեն պարզ մարզանքները աւելի վտանգաւոր կերպերով խաղալ, շատեր կը վիրաւորուին։ 1997–ին, Միացեալ նահանգներու մէջ, սքէյթպորտ–երու պատճառով հիւանդանոց վիրաւորուած հասած անհատներուն թիւը 33 առ հարիւր բարձրացաւ, սնոպորտ–երու պատճառով՝ 31 առ հարիւր, եւ լեռ մագլցելու պատճառով՝ 20 առ հարիւր։ Երբեմն, մարդիկ նոյնիսկ կը մեռնին՝ ուրիշ վտանգաւոր մարզանքներու պատճառով։ Անոնք՝ որոնք աս տեսակ մարզանքներ կը սիրեն, գիտե՛ն որ ատոնք վտանգաւոր են։ Կին մը, որ վտանգաւոր տեսակի սքի–ի խաղերու կը մասնակցի, կ’ըսէ. «Միշտ աչքս առած եմ որ կրնայ ըլլալ որ մեռնիմ»։ Սնոպորտինկ–ի մէջ վարպետ մէկը կ’ըսէ. «Եթէ չի վնասուիս, ուրեմն պէտք եղած ջանքը չես թափեր»։

Լաւ, քրիստոնեայ մը պէ՞տք է աս տեսակ մարզանքներ ընէ, հիմա որ գիտցանք թէ ատոնք որքա՜ն վտանգաւոր են։ Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս կրնայ օգնել, որ ասոր մասին որոշում առնենք։ Այս հարցումներուն պատասխանը առնելու համար, տեսնենք որ կեանքը ո՛րքան արժէքաւոր է Աստուծոյ համար։

Աստուած ինչպէ՞ս կը դիտէ կեանքը

Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ Եհովա Աստուած «կեանքի աղբիւրն» է (Սաղմոս 36։9)։ Ան մեզ ստեղծեց եւ մեզի տուաւ բաներ՝ որոնք ցոյց կու տան որ ան կ’ուզէ՛ որ կեանքը վայելենք (Սաղմոս 139։14. Գործք 14։16, 17. 17։24-28)։ Ուրեմն, յստակ է որ Աստուած մեզմէ կ’ակնկալէ որ իր այս տուած նուէրին՝ կեանքին՝ հանդէպ ուշադիր ըլլանք։ Ան իսրայէլ ազգին տուաւ օրէնքներ, որոնք ցոյց կու տան թէ կեանքը որքա՜ն կարեւոր է իրեն համար։

Կարգ մը օրէնքներ կը պահանջէին որ մարդիկ ուրիշներուն կեանքը վտանգի տակ չդնեն։ Եթէ իսրայէլացի մը այդ օրէնքները չյարգէր եւ իր պատճառով մէկը մեռնէր, ան պէտք էր պատժուէր։ Օրինակ, եթէ տան մը տէրը իր նոր տունին տափակ տանիքին չորս կողմը պատ չշինէր եւ մէկը տանիքէն վար իյնար եւ մեռնէր, այդ տան տէրը յանցաւոր կը սեպուէր (Բ. Օրինաց 22։8)։ Եթէ եզ մը անակնկալ կերպով մէկը մեռցնէր, անոր տէրը յանցաւոր չէր սեպուեր։ Բայց եթէ ամէն մարդ գիտէր որ այդ եզը վտանգաւոր է եւ անոր տիրոջ ասիկա ըսուած էր,– բայց ան պէտք եղած քայլերը չէր առած որ իր շուրջինները պաշտպանէ,– եւ եզը մէկու մը վրայ յարձակէր եւ սպաննէր, անոր տէրը պէտք էր մեռցուէր (Ելից 21։28, 29)։ Եհովա Աստուած իսրայէլացիներուն այս օրէնքները տուաւ, քանի որ կեանքը շատ արժէքաւոր է իրեն համար եւ կ’ուզէ որ մարդիկ պէտք եղած քայլերը առնեն, որ ապահով կեանք ունենան։

Անոնք՝ որոնք Աստուած լաւ կը ճանչնային, շատ լաւ հասկցած էին որ նոյնիսկ եթէ մասնաւոր օրէնք մը չըլլար, սխալ էր իրենց եւ ուրիշին կեանքը վտանգել։ Օրինակ, Աստուածաշունչի մէկ պատմութեան մը մէջ կը տեսնենք, որ Դաւիթ փափաքեցաւ ‘ջուր խմել Բեթլեհէմի դուռը եղող ջրհորէն’։ Այդ ատեն Բեթլեհէմը փղշտացիներուն իշխանութեան տակ էր։ Երբ իր զինուորներէն երեքը իր այդ փափաքը լսեցին, գացին եւ փղշտացիներուն բանակավայրէն անցնելով՝ հասան Բեթլեհէմի ջրհորը եւ հոնկէ ջուր բերին Դաւիթին։ Դաւիթ ի՞նչ ըրաւ։ Այդ ջուրը չխմեց. հապա գետին թափեց եւ ըսաւ. «Աստուած չընէ, որ ես այս բանը ընեմ։ Միթէ ես անոնց կենսարի՞ւնը պիտի խմեմ. վասն զի իրենց կեանքը վտանգելով այս ջուրը բերին» (Ա. Մնացորդաց 11։17-19)։ Դաւիթ չուզեց որ իր տղամարդիկը իրենց կեանքը վտանգեն որ իր ուզածը իրեն բերեն։

Երբ որ Սատանան Յիսուսը փորձեց որ տաճարէն վար ցատկէ,– տեսնելու համար որ հրեշտակները իրեն պիտի օգնեն կամ ոչ,– Յիսո՛ւսն ալ մերժեց իր կեանքը վտանգել։ Ան Սատանային պատասխանեց. «Քու Տէր Աստուածդ չփորձես» (Մատթէոս 4։5-7)։ Ուրեմն, թէ՛ Դաւիթը եւ թէ Յիսուս գիտէին որ Աստուած չ’ուզեր որ վտանգաւոր բաներ ընեն, որոնք կրնան իրենց կամ ուրիշին մահուան պատճառ դառնալ։

Այս օրինակներուն մասին մտածելէ ետք, թերեւս հարց տանք. ‘Ինչպէ՞ս կրնանք գիտնալ թէ ո՛ր մարզանքները վտանգաւոր են։ Եւ, քանի՛ որ կարգ մը մարդիկ պարզ մարզանքները վտանգաւոր կերպերով կը խաղան, ինչպէ՞ս կրնանք գիտնալ որ ատոնք խաղալու ապահով կերպը ինչ է’։

Կ’արժէ՞ կեանքս վտանգի տակ դնել՝ մարզանքի մը համար

Լաւ որոշում առնելու համար, պէտք է լաւ մտածենք այն մարզանքին մասին, որ կ’ուզենք ընել։ Օրինակ, կրնանք մենք մեզի հարցնել. ‘Որքա՞ն անգամ կը լսեմ որ մարդիկ կը վիրաւորուին աս մարզանքին պատճառով։ Պէտք եղած մարզումը կամ ապահովութեան համար քայլեր առա՞ծ եմ որ չվիրաւորուիմ։ Եթէ հետս արկած մը ըլլայ կամ ապահովութեան համար գործածած գործիքներս չաշխատին, արդեօք թեթե՞ւ կերպով պիտի վիրաւորուիմ, թէ ոչ կրնայ ըլլալ որ լուրջ կերպով վիրաւորուիմ կամ նոյնիսկ մահանամ’։

Երբ որ քրիստոնեան դիտումնաւոր կերպով վտանգաւոր մարզանքներ ընէ, կրնայ Եհովա Աստուած վիրաւորել եւ ուրիշներուն լաւ օրինակ չըլլալ (Ա. Տիմոթէոս 3։2, 8-10. 4։12. Տիտոս 2։6-8)։ Ուրեմն, յստակ է որ նոյնիսկ ժամանցի ժամանակ, պէտք է մտածենք Եհովա Աստուծոյ մասին եւ թէ կեանքը որքա՜ն արժէքաւոր է իրեն համար։