Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ստեղծագործութիւնը Աստուծոյ մասին կը յայտնէ

Ստեղծագործութիւնը Աստուծոյ մասին կը յայտնէ

«Արժանի ես, Տէ՛ր, փառք. . . առնելու, վասն զի ամէն բան դուն ստեղծեցիր» (ՅԱՅՏ. 4։10բ

1. Մեր հաւատքը զօրաւոր մնալու համար, ի՞նչ պէտք է ընենք։

ՇԱՏԵՐ կ’ըսեն, թէ միայն իրենց տեսածին կը հաւատան։ Ինչպէ՞ս կրնանք այսպիսի անհատներու օգնել որ Եհովայի հաւատան։ Ճիշդ է որ «մէկը երբե՛ք Աստուած տեսած չէ» (Յովհ. 1։18)։ Ուստի, ի՞նչ կրնանք ընել որպէսզի «աներեւոյթ Աստուծոյ» հանդէպ մեր հաւատքը զօրաւոր մնայ (Կող. 1։15)։ Առաջին քայլն է՝ բնորոշել այն ուսուցումները, որոնք Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը կը ծածկեն։ Անկէ ետք, պէտք է սորվինք Աստուածաշունչը լաւ կերպով գործածել, փաստելու համար թէ այդ ուսուցումները «Աստուծոյ գիտութեանը դէմ» են (Բ. Կոր. 10։4, 5

2, 3. Ի՞նչ երկու ուսուցումներ թոյլ չեն տար մարդոց, որ Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը գիտնան։

2 Բարեշրջութիւնը համատարած ուսուցում մըն է, որ մարդոց աչքերը կը կուրցնէ։ Այս մարդկային գաղափարը Աստուածաշունչին կը հակասէ եւ մարդոց յոյսը կը խլէ։ Բարեշրջութիւնը կը բացատրէ, թէ կեանքը ինքնաբերաբար գոյացաւ. եւ այսպէս կը հասկցնէ թէ մարդկային կեանքը աննպատակ է։

3 Միւս կողմէ, Աստուածաշունչի տառացի մեկնաբանները կը սորվեցնեն, թէ տիեզերքը, ներառեալ՝ երկրագունդն ու անոր վրայ գոյութիւն ունեցող ամէն կեանք, միայն քանի մը հազար տարի առաջ մէջտեղ եկաւ։ Անոնք՝ որոնք կը սորվեցնեն այս ուսուցումը,– որ ճանչցուած է որպէս՝ ստեղծականութիւն,– Աստուածաշունչը կը յարգեն, բայց կը պնդեն թէ Աստուած 24 ժամէ բաղկացած 6 օրուան մէջ ամէն բան ստեղծեց։ Անոնք կը մերժեն վստահելի գիտական ապացոյցները, որոնք իրենց տեսակէտը կը հերքեն։ Առ ի արդիւնք, ստեղծականութիւնը կը ներկայացնէ Աստուածաշունչը որպէս անտրամաբանական եւ անճշգրիտ, դժուարացնելով անոր վստահիլը։ Այսպիսի տեսակէտներ յառաջացնող անհատները մեզի կը յիշեցնեն առաջին դարու կարգ մը մարդիկ, որոնք Աստուծոյ հանդէպ նախանձախնդիր էին, բայց անոնց նախանձախնդրութիւնը «հիմնուած չէ[ր] Աստուծոյ ճշմարիտ ծանօթութեան վրայ» (Հռով. 10։2, Անթիլիաս)։ Ինչպէ՞ս կրնանք Աստուծոյ Խօսքը գործածելով՝ բարեշրջութիւնը եւ ստեղծականութիւնը հերքել *։ Ասիկա կարելի է միա՛յն՝ երբ անձամբ ջանանք Աստուածաշունչի սորվեցուցածին մասին ճշգրիտ գիտութիւն ձեռք ձգել։

ՀԱՒԱՏՔԸ ԿԸ ՀԻՄՆՈՒԻ ԱՊԱՑՈՅՑՆԵՐՈՒ ԵՒ ՈՂՋԱՄԻՏ ՏՐԱՄԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ

4. Մեր հաւատքը ի՞նչ բանի վրայ պէտք է հիմնուի։

4 Աստուածաշունչը մեզի կը սորվեցնէ, որ գիտութիւնը արժեւորենք (Առ. 10։14)։ Եհովան կ’ուզէ որ իրեն հանդէպ մեր հաւատքը հիմնուի ապացոյցներու եւ ողջամիտ տրամաբանութեան վրայ, եւ ոչ թէ մարդկային փիլիսոփայութիւններու կամ կրօնական աւանդութիւններու վրայ (կարդա՛ Եբրայեցիս 11։1Աստուծոյ հանդէպ զօրաւոր հաւատք կերտելու համար, պէտք է նախ համոզուած ըլլանք, թէ ան գոյութիւն ունի (կարդա՛ Եբրայեցիս 11։6Եւ մենք իրողութիւններ քննելով ու մեր բանականութիւնը գործածելո՛վ անոր գոյութեան կը հաւատանք,– ոչ թէ պարզապէս հաւատալու սիրոյն (Հռով. 12։1

5. Ի՞նչ պատճառով կրնանք համոզուած ըլլալ, թէ Աստուած գոյութիւն ունի։

5 Պօղոս առաքեալ կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ կրնանք համոզուած ըլլալ թէ Աստուած գոյութիւն ունի, թէեւ Զինք չենք տեսներ։ Եհովային մասին ան գրեց. «Աշխարհի ստեղծումէն ի վեր՝ ստեղծագործութեան ընդմէջէն կ’իմացուին ու կը տեսնուին Աստուծոյ աներեւոյթ յատկանիշները, այսինքն՝ մշտնջենաւոր զօրութիւնը եւ անոր աստուածութիւնը» (Հռով. 1։20, Անթիլիաս)։ Աստուծոյ գոյութեան վրայ կասկած ունեցող անհատի մը ինչպէ՞ս կրնաս օգնել, որ Պօղոսի ներշնչեալ խօսքերուն ճշմարիտ ըլլալը տեսնէ։ Կրնաս ստեղծագործութեան հետեւեալ ապացոյցները նկատի առնել, որոնք կը յայտնեն Ստեղծիչին զօրութիւնն ու իմաստութիւնը։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ ԲԱՑԱՅԱՅՏ Է ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

6, 7. Եհովային զօրութիւնը ի՞նչ երկու բաներու մէջ կ’երեւի։

6 Եհովայի զօրութիւնը բացայայտ է երկու բաներու մէջ, որոնք մեզ կը պաշտպանեն. երկրագունդին մթնոլորտը եւ մագնիսական դաշտը։ Օրինակի համար, երկրագունդին օդը պարզապէս մեր շնչառութեան նպաստելէն աւելի՛ն կ’ընէ։ Ինչպէ՞ս։ Անջրպետին մէջ արագօրէն շարժող հսկայ ժայռեր կրնան մե՜ծ վնաս պատճառել, եթէ երկրագունդին զարնուին։ Բայց այս մէկը յաճախ չի պատահիր, քանի որ մէյ մը որ ժայռերը երկրագունդին մթնոլորտը մտնեն, կ’այրին։ Առ ի արդիւնք, թռչող աստղեր յառաջ կու գան, գիշերուան երկինքը զարդարելով։

7 Երկրագունդին մագնիսական դաշտը նաեւ մեզ վնասէ կը պաշտպանէ։ Անիկա ծագում կ’առնէ երկրագունդին արտաքին կորիզէն, որ մեծաւ մասամբ հալած երկաթէ կազմուած է։ Մագնիսական դաշտը երկիրը կը շրջապատէ եւ դէպի անջրպետ կ’երկարի։ Անիկա մեզ կը պաշտպանէ արեւին վնասակար ճառագայթներէն, զանոնք ներծծելով կամ ետ անջրպետ ուղարկելով։ Անտեսանելի մագնիսական դաշտին ապացոյցը կրնանք տեսնել այն գունաւոր լոյսերուն մէջ, որոնք Հիւսիսային Բեւեռին եւ Հարաւային Բեւեռին մօտ գիշեր աչքով կ’երեւին։ Անկասկած, Եհովան «սաստիկ զօրութիւն» ունի (կարդա՛ Եսայի 40։26

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆԸ ԲԱՑԱՅԱՅՏ Է ԲՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

8, 9. ա) Երկրագունդի վրայ կեանքը ինչպէ՞ս մինչեւ օրս կը գոյատեւէ։ բ) Ասիկա մեզի ի՞նչ կը սորվեցնէ Եհովայի իմաստութեան մասին։

8 Երբ պահ մը խորհրդածենք երկրագունդի վրայ կեանքի գոյատեւման մասին, Եհովայի իմաստութիւնը բացայայտ կը դառնայ մեզի։ Լուսաբանենք. երեւակայէ թէ միլիոնաւորներու հետ կ’ապրիս պարսպապատ քաղաքի մը մէջ, ուր զուլալ ջուր չի ներածուիր եւ աղբերը չեն արտածուիր։ Այսպիսի քաղաք մը շուտով աղտոտ եւ անբնակելի վայր կը դառնայ։ Կարգ մը կերպերով, մեր երկրագունդը այդ պարսպապատ քաղաքին նման է. սահմանափակ քանակով ջուր ունի եւ աղբերը անջրպետ չեն ղրկուիր։ Բայց այս «պարսպապատ քաղաքը» կարելի կը դարձնէ, որ միլիառաւոր էակներ գոյատեւեն, քանի որ հոյակապ կարողութիւն ունի վերամշակելու ամէն բան որ կեանքի համար անհրաժեշտ է։

9 Նկատի առ թթուածինի շրջանը (oxygen cycle)։ Միլիառաւոր էակներ թթուածին կը ներշնչեն եւ ածխաթթու (carbon dioxide) կ’արտաշնչեն։ Ասով հանդերձ, միշտ ու միշտ բաւարար չափով թթուածին գոյութիւն ունի։ Ասիկա կարելի է լուսակազմութեան շնորհիւ։ Ի՞նչ է լուսակազմութիւնը (photosynthesis)։ Կանանչ բոյսերը ներս կ’առնեն ածխաթթու, ջուր, արեւու լոյս եւ սննդանիւթեր, ապա կ’արտադրեն բնածխաջրատ (carbohydrates) եւ թթուածին։ Իսկ մենք թթուածինը ներշնչելով, այս շրջանը կ’ամբողջացնենք։ Այսպէս, Եհովան իր ստեղծած բոյսերը կը գործածէ, որպէսզի «ամենուն կեանք ու շունչ» տայ (Գործք 17։25)։ Ի՜նչ հոյակապ իմաստութիւն։

10, 11. Արքայաթիթեռին եւ վիշապաճանճին կազմուածքը ինչպէ՞ս Եհովայի իմաստութիւնը կը յայտնէ։

10 Երկրագունդի վրայ ապրող բազմաթիւ արարածները նաեւ Եհովայի իմաստութիւնը կը յայտնեն։ Մեր շուրջը 2-100 միլիոն կեանքի տեսակ կայ (կարդա՛ Սաղմոս 104։24Նկատի առ կարգ մը արարածներու բացառիկ կազմուածքը։

Վիշապաճանճին աչքի ծրագրումը կ’ապացուցանէ Աստուծոյ իմաստութիւնը (Տե՛ս պարբերութիւն 11)

11 Օրինակ, արքայաթիթեռը գնդասեղի գլուխին չափ ուղեղ ունի։ Բայց եւ այնպէս, այս թիթեռնիկը կարողութիւն ե՛ւ հմտութիւն ունի՝ արեւը օգտագործելով շուրջ 3000 քմ. գաղթելու, Քանատայէն մինչեւ Մեքսիքայի որոշ մէկ անտառը։ Ան ինչպէ՞ս այս երկար ճամբորդութիւնը կ’ընէ, մինչ արեւը իր դիրքը կը փոխէ։ Եհովան այնպէս մը ծրագրած է այս թիթեռնիկին փոքրիկ ուղեղը, որ կարենայ ճիշդ ուղղութիւնը բնորոշել, նոյնիսկ երբ արեւուն դիրքը փոխուի։ Ա՛յլ օրինակ մըն է՝ վիշապաճանճին աչքը։ Այս արարածը երկու բաղադրեալ աչքերով կը տեսնէ։ Իւրաքանչիւր աչք շուրջ 30,000 ոսպնեակ ունի։ Այսուհանդերձ, անոր ուղեղը կրնայ իւրացնել այն բոլոր տեղեկութիւնները, որոնք միաժամանակ կ’ուղարկուին ոսպնեակներուն կողմէ, եւ իր շուրջ եղած ամէնէն չնչին շարժումը նշմարել։

12, 13. Բջիջներուն նկատմամբ ի՞նչ բան քեզ շատ կը տպաւորէ։

12 Ապրող էակներուն բջիջները ե՛ւս շատ տպաւորիչ են։ Օրինակ, մարմինդ շուրջ 100 եռիլիոն բջիջներէ կազմուած է։ Իւրաքանչիւր բջիջի մէջ շատ փոքր կառոյց մը կայ, որ ծանօթ է որպէս՝ Տի.Էն.Էյ.։ Ան կը մթերէ ամբողջ մարմինդ կազմելու հարկ եղած գրեթէ բոլոր տեղեկութիւնները։

13 Տի.Էն.Էյ.–ը որքա՞ն տեղեկութիւն կը բովանդակէ։ Զայն համեմատենք խտասկաւառակին հետ։ Խտասկաւառակ մը կրնայ ամբողջ բառարանի մը տեղեկութիւնները մթերել, ինչ որ շատ տպաւորիչ բան մըն է։ Միւս կողմէ, մէկ կրամ Տի.Էն.Էյ.–ը կրնայ մէկ եռիլիոն խտասկաւառակներու բովանդակած տեղեկութիւնները մթերել։ Պարզ խօսքով, մէկ պզտիկ դգալ չորցած Տի.Էն.Էյ.–ը կրնայ բովանդակել այն տեղեկութիւնները, որոնք հարկ են 2,5 եռիլիոն մարդ կազմելու։

14. Արդի գիտական գիւտերուն շնորհիւ, Եհովայի հանդէպ ինչպէ՞ս կը զգաս։

14 Դաւիթ թագաւոր նկարագրեց, թէ մարդու մարմինը կազմելու հարկ եղած տեղեկութիւնները, այլաբանական գիրքի մը մէջ գրուած են։ Եհովա Աստուծոյ մասին խօսելով՝ ան ըսաւ. «Քու աչքերդ իմ անկատար կազմուածքս տեսան ու անդամներուս բոլորը քու գրքիդ մէջ գրուած էին, որոնք ժամանակին պիտի կազմուէին, երբ դեռ անոնցմէ մէկը չկար» (Սաղ. 139։16)։ Հասկնալի է որ երբ Դաւիթ իր մարմնին ստեղծուած կերպին վրայ խոկաց, մղուեցաւ Եհովան փառաբանելու։ Մարդկային մարմնին առնչութեամբ գիտնականներու վերջին գիւտերը մեզ ա՛լ աւելի զմայլեցուցած են։ Այս գիւտերը մեզ կը մղեն Դաւիթի խօսքերը երկրորդելու. «Կը գոհանամ քեզմէ, որ ահաւոր ու զարմանալի կերպով ստեղծուեցայ։ Քու գործերդ զարմանալի են ու իմ անձս աղէկ գիտէ» (Սաղ. 139։14)։ Իրապէս, մարդիկ ինչպէ՞ս չեն տեսներ, թէ ստեղծագործութիւնը Աստուծոյ գոյութիւնը կը յայտնէ։

ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ ՕԳՆԷ ՈՐ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՓԱՌՔ ՏԱՆ

15, 16. ա) Մեր հրատարակութիւնները ինչպէ՞ս մարդոց օգնած են, որ Եհովայի ստեղծագործութեան մասին սորվին։ բ) «Արդեօք պատահականութի՞ւն է» խորագրով յօդուածներուն ո՞ր նիւթը ամէնէն շատ քեզ տպաւորեց։

15 Տասնամեակներ շարունակ, Զարթի՛ր պարբերաթերթը միլիոնաւորներու օգնած է, որ գնահատեն ինչ որ ստեղծագործութիւնը Աստուծոյ մասին կը յայտնէ։ Օրինակ, 2006–ին, սեպտեմբեր թիւին խորագիրն էր՝ «Ստեղծիչ մը գոյութիւն ունի՞»։ Ատիկա ամբողջովին պատրաստուած էր բանալու անոնց աչքերը, որոնք բարեշրջութեան եւ ստեղծականութեան ուսուցումներով կուրցած էին։ Այդ մասնայատուկ թիւին նկատմամբ, քոյր մը գրեց Միացեալ Նահանգներու մասնաճիւղին. «Այս մասնայատուկ թիւը ներկայացնելու արշաւը մե՜ծ յաջողութիւն գտաւ։ Կին մը 20 օրինակ խնդրեց։ Ան կենսաբանութեան ուսուցչուհի է եւ ուզեց որ իր աշակերտները զայն ունենան»։ Եղբայր մը գրեց. «1940–ական թուականներու վերջաւորութենէն ի վեր դաշտի ծառայութեան կը մասնակցիմ եւ 75 տարեկան ըլլալու վրայ եմ։ Այս ամիս Զարթի՛ր–ի բացառիկ թիւը ներկայացնելով՝ դաշտի ծառայութեան մէջ աննախընթաց ուրախութիւն վայելեցի»։

16 Վերջերս, Զարթի՛ր–ի թիւերուն մեծամասնութիւնը բովանդակած է «Արդեօք պատահականութի՞ւն է» յատկանշական երեսակը։ Այս հակիրճ յօդուածները կ’ընդգծեն երկիւղ ներշնչող ճարտարագիտութիւնը, որ ստեղծագործութեան մէջ բացայայտ է, եւ կը բնորոշեն կերպեր, որոնց միջոցաւ մարդ արարածը ջանացած է Հմուտ Ծրագրողը ընդօրինակել։ Եհովան փառաւորելու յաւելեալ գործիք ստացանք 2010–ին, Կեանքը ստեղծագործութեա՞մբ գոյացաւ գրքոյկը լոյս տեսնելով։ Այդ հրատարակութեան գունաւոր նկարներն ու ուսուցման ուրուագիրները, Եհովայի ստեղծագործական կարողութեան հանդէպ գնահատութիւն կը կերտեն։ Իւրաքանչիւր բաժինի վերջաւորութեան գտնուող հարցումները ընթերցողին կ’օգնեն, որ իր նկատի առած տեղեկութեան շուրջ խորհրդածէ։ Երբեք կրցա՞ր տունէ տուն ծառայութեան, հանրային կամ անպաշտօն վկայութեան ընթացքին այս գրքոյկը գործածել։

17, 18. ա) Ծնողները ի՞նչ պատասխանատուութիւն ունին։ բ) Ընտանեկան պաշտամունքին ընթացքին, ինչպէ՞ս գործածած ես ստեղծագործութեան վերաբերող գրքոյկները։

17 Ո՛վ ծնողներ, ընտանեկան պաշտամունքին ընթացքին ձեր զաւակներուն հետ այս գունաւոր գրքոյկը նկատի առա՞ծ էք։ Այս գրքոյկին միջոցաւ կրնաք անոնց օգնել, որ Աստուծոյ հանդէպ աւելի՛ գնահատութիւն կերտեն։ Ձեր պատանի զաւակները, որոնք բարձրագոյն վարժարան կը յաճախեն, մասնայատուկ կերպով թիրախ են անոնց, որոնք կ’ուզեն զիրենք համոզել թէ Ստեղծիչը գոյութիւն չունի։ Գիտնականները, ուսուցիչները, բնութեան վերաբերեալ վաւերագրական յայտագիրները եւ նոյնիսկ ժամանցի աշխարհը՝ իր հեռատեսիլի յայտագիրներով եւ ֆիլմերով, յառաջ կը մղեն այն գաղափարը, թէ բարեշրջութիւնը իրողութիւն է։ Կրնաք ձեր պատանի զաւակներուն օգնել, որ այսպիսի փրոփականտի դէմ դնեն, գործածելով ա՛յլ գրքոյկ մը՝ Կեանքին ծագումը. հինգ հարցումներ, որոնք կ’արժէ քննել, որ դարձեալ 2010–ին լոյս տեսաւ (անգլերէնով)։ Կեանքը ստեղծագործութեա՞մբ գոյացաւ գրքոյկին նման, այս հրատարակութիւնը կը քաջալերէ պատանիները, որ իրենց «խոհեմութիւնը» կամ խորհելու կարողութիւնը զարգացնեն (Առ. 2։10, 11)։ Գրքոյկը իրենց կը սորվեցնէ ինչպէ՛ս ստուգել թէ դպրոցին մէջ իրենց սորվածը տրամաբանական է կամ ոչ։

Ո՛վ ծնողներ, ձեր զաւակները պատրաստեցէք, որպէսզի իրենց հաւատքը պաշտպանեն (Տե՛ս պարբերութիւն 17)

18 Երբեմն լրատուամիջոցները տեղեկագիրներ կը ներկայացնեն, որոնք կը դաւանին թէ գիտնականները գտած են բրածոներ, որոնք բարեշրջութեան տեսութիւնը կը փաստեն, կամ ալ կրցած են տարրալուծարաններուն մէջ ապացուցանել, թէ կեանքը կրնայ ինքնաբերաբար գոյութիւն ունենալ։ Կեանքին ծագումը գրքոյկը կ’օգնէ աշակերտներուն, որ անձամբ որոշեն թէ այս տեղեկագրութիւնները ճշգրիտ են կամ ոչ։ Ո՛վ ծնողներ, այս գրքոյկները գործածեցէք ձեր զաւակներուն օգնելու, որ աւելի՛ ինքնավստահութեամբ բացատրեն թէ ինչո՛ւ Ստեղծիչին գոյութեան կը հաւատան (կարդա՛ Ա. Պետրոս 3։15

19. Բոլորս ի՞նչ առանձնաշնորհում ունինք։

19 Ստեղծագործութեան մասին Աստուծոյ կազմակերպութեան պատրաստած յօդուածները, մեզի կ’օգնեն Իր գեղեցիկ յատկութիւններուն մասին աւելի՛ն սորվելու։ Այդ բոլոր ապացոյցները մեզ կը մղեն սրտանց Եհովան փառաբանելու (Սաղ. 19։1, 2)։ Առանձնաշնորհում է տալ Եհովայի՝ բոլոր բաներուն Ստեղծիչին՝ այն պատիւն ու փառքը, որոնց շատ արժանի է (Ա. Տիմ. 1։17

^ պարբ. 3 Ստեղծականութիւնը յառաջ մղող անհատներու հետ ինչպէ՛ս պատճառաբանելու առնչութեամբ, կրնաս յաւելեալ տեղեկութիւններ գտնել Կեանքը ստեղծագործութեա՞մբ գոյացաւ գրքոյկին մէջ, էջ 24-28 (անգլերէնով)։