Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կրնա՛ս Սատանային դէմ պայքարիլ եւ յաղթել

Կրնա՛ս Սատանային դէմ պայքարիլ եւ յաղթել

«[Սատանային] դէմ կեցէ՛ք հաւատքով հաստատուած» (Ա. ՊԵՏ. 5։9

1. ա) Սատանային դէմ մեր պայքարը ինչո՞ւ յատկապէս հիմա կարեւոր է։ բ) Ինչպէ՞ս գիտենք թէ կրնանք այս պայքարէն յաղթական դուրս գալ։

ՍԱՏԱՆԱՆ օծեալ մնացորդին եւ «ուրիշ ոչխարներ»ուն դէմ կը պատերազմի (Յովհ. 10։16)։ Անոր նպատակակէտն է՝ իր ունեցած կարճ ժամանակին մէջ կարելի եղածին չափ բազմաթիւ Եհովայի ծառաներ կլլել (կարդա՛ Յայտնութիւն 12։9, 12)։ Կրնա՞նք այս պայքարէն յաղթական դուրս գալ։ Այո՛։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Սատանային հակառա՛կ կեցէք եւ անիկա ձեզմէ պիտի փախչի» (Յակ. 4։7

2, 3. ա) Սատանային գոյութեան չհաւատալը ինչպէ՞ս իր նպատակները յառաջ կը մղէ։ բ) Ինչպէ՞ս գիտես որ Սատանան իրական է։

2 Շատեր Սատանային գոյութեան գաղափարն անգամ կը ծաղրեն։ Անոնք Սատանան ու դեւերը կը նկատեն վէպերու, սարսափեցուցիչ ֆիլմերու եւ տեսաերիզի խաղերու երեւակայական դերակատարներ։ Այսպիսիներ կը խորհին որ ո՛չ մէկ խելացի մարդ կը հաւատայ չար ոգիներու գոյութեան։ Արդեօք Սատանային դժուարին կ’երթա՞յ որ մարդիկ զինք ու դեւերը իրական չեն սեպեր։ Ո՛չ։ Իրեն համար աւելի դիւրին է այսպիսիներ խաբել (Բ. Կոր. 4։4)։ Իրականութեան մէջ, ան ասոր նման գաղափարներ յառաջ կը մղէ, որպէսզի կարենայ մարդիկը մոլորեցնել։

3 Եհովայի ծառաները ըլլալով, մենք մոլորած չենք։ Գիտենք որ Բանսարկուն իրական է, քանի որ օձի մը միջոցաւ ի՛նք խօսեցաւ Եւային հետ (Ծն. 3։1-5)։ Յոբի առնչութեամբ ան Եհովան նախատեց (Յոբ 1։9-12)։ Ինքն էր որ Յիսուսը փորձութեան ենթարկեց (Մատ. 4։1-10)։ Իսկ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը 1914–ին հաստատուելէ ետք, Սատանան էր որ սկսաւ օծեալ մնացորդին դէմ «պատերազմիլ» (Յայտ. 12։17)։ Այդ պատերազմը տակաւին բռնկած է, մինչ Սատանան կը ջանայ օծեալներուն եւ «ուրիշ ոչխարներ»ուն հաւատքը կործանել։ Որպէսզի յաղթական դուրս գանք, Սատանային պէտք է դիմադրենք ու հաւատքին մէջ հաստատ մնանք։ Այժմ քննարկենք ասիկա ընելու երեք կերպեր։

ՀՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐԺԷ

4. Սատանան ինչպէ՞ս ցոյց տուած է, թէ հպարտութեան մեծագոյն օրինակն է։

4 Սատանան բնաւ խոնարհ չէ։ Արդարեւ, ան Եհովայի գերիշխանութեան մարտահրաւէր ուղղելով եւ ինքզինք մրցակից աստուած ընելով, հպարտութեան ու յաւակնոտութեան մեծագոյն օրինակը հանդիսացած է։ Հետեւաբար, Սատանային դէմ դնելու մէկ կերպն է՝ հպարտութիւնը մերժել եւ խոնարհութիւնը մշակել (կարդա՛ Ա. Պետրոս 5։5)։ Բայց ի՞նչ է հպարտութիւնը։ Անիկա մի՞շտ գէշ յատկութիւն է։

5, 6. ա) Հպարտութիւնը մի՞շտ գէշ յատկութիւն է. բացատրէ։ բ) Ինչպիսի՞ հպարտութիւն վտանգաւոր է, եւ սուրբգրային ո՞ր օրինակները այս մէկը կը լուսաբանեն։

5 Բառարան մը կը սահմանէ հպարտութիւնը որպէս «արժանապատուութեան եւ ինքնայարգանքի զգացում» եւ «գոհունակութեան զգացում՝ որ կ’ունենաս, քանի որ դուն կամ քեզի մօտիկ եղող անհատները լաւ բան մը ըրած էք կամ լաւ բան մը ունիք»։ Այս մէկը սխալ չէ։ Պօղոս առաքեալ թեսաղոնիկեցիներուն ըսաւ. «Ձեզմով կը պարծենանք Աստուծոյ եկեղեցիներուն մէջ՝ ձեր համբերութեանը ու հաւատքին համար ձեր բոլոր հալածանքներուն ու նեղութիւններուն մէջ՝ որոնց կը համբերէք» (Բ. Թես. 1։4)։ Ուստի, ուրիշներու ըրածին նկատմամբ լաւ զգալը եւ նոյնիսկ մեր անձով որոշ չափով հպարտանալը կրնան մեզի օգտակար ըլլալ։ Մեզմէ չ’ակնկալուիր ամչնալ մեր ընտանիքէն, մշակոյթէն կամ ծննդավայրէն (Գործք 21։39

6 Միւս կողմէ, հպարտութեան տեսակ մը կայ, որ կրնայ փոխյարաբերութիւնները քայքայել եւ Եհովայի հետ մեր բարեկամութեան վնասել։ Այս հպարտութիւնը կրնայ պատճառել որ հարկ եղած խրատը մերժենք, փոխանակ զայն խոնարհաբար ընդունելու (Սաղ. 141։5)։ Անիկա սահմանուած է որպէս «չափազանց ինքնահամարում» կամ «մեծամտութիւն, ցուցաբերուած՝ անհատներու կողմէ, որոնք կը հաւատան,– յաճախ անարդարանալիօրէն,– թէ ուրիշներէ աւելի լաւ են»։ Եհովան ամբարտաւանութիւնը եւ գոռոզութիւնը կ’ատէ (Եզեկ. 33։28. Ամովս 6։8)։ Իսկ Սատանային հաճոյք կը պատճառէ, երբ մարդիկ կը յոխորտան, ի՛ր սնապարծութիւնը արձագանգելով։ Ան որքա՜ն քէֆ ըրած ըլլալու էր, երբ Նեբրովթ, փարաւոն ու Աբիսողոմ անպատշաճ հպարտութեան զոհը գացին (Ծն. 10։8, 9. Ել. 5։1, 2. Բ. Թագ. 15։4-6)։ Հպարտութիւնը նաեւ Կայէնի անկման մէջ դեր խաղցաւ։ Աստուծո՛յ կողմէ խրատուելով հանդերձ, ան այնքան հպարտ էր որ սրբագրութիւնը չընդունեց. յամառօրէն յորդորը անտեսեց ու անվարան մեղք գործեց (Ծն. 4։6-8

7, 8. ա) Ի՞նչ է ցեղապաշտութիւնը, եւ ինչպէ՞ս կրնայ հպարտութեան մէկ տեսակը ըլլալ։ բ) Բացատրէ թէ հպարտութիւնը ինչպէ՛ս կրնայ ժողովքին խաղաղութիւնը խանգարել։

7 Ներկայիս մարդիկ կարգ մը կործանիչ կերպերով կը հպարտանան։ Երբեմն հպարտութիւնը ձեռք–ձեռքի կ’ընթանայ ցեղապաշտութեան հետ։ Բառարան մը կը սահմանէ ցեղապաշտութիւնը որպէս «կանխադատութիւն կամ ատելութիւն՝ միւս ցեղերուն պատկանող մարդոց հանդէպ» եւ «համոզում, թէ տարբեր ցեղերէ եղող մարդիկ ունին իրարմէ տարբեր յատկութիւններ ու կարողութիւններ, եւ թէ ցեղերէն ոմանք ի բնէ գերադաս կամ ստորադաս են»։ Ցեղային հպարտութիւնը դուռ բացած է խռովութիւններու, պատերազմներու եւ նոյնիսկ զանգուածային մարդասպանութեան։

8 Անշուշտ այսպիսի բաներ տեղ չունին քրիստոնէական ժողովքին մէջ։ Բայց եւ այնպէս, երբեմն հպարտութեան պատճառաւ կրնան հաւատակիցներու միջեւ վէճեր ծագիլ ու բարդանալ։ Ակներեւ է որ առաջին դարու քրիստոնեաներէն ոմանք այս խնդիրը ունեցան։ Յակոբոս աշակերտ անոնց հարցուց. «Ուրկէ՞ են պատերազմները եւ ուրկէ՞ կռիւները ձեր մէջ» (Յակ. 4։1)։ Այո, ատելութեան եւ գերադասութեան խոր զգացումները կրնան մեր խօսելակերպին ու արարքներուն ազդել, ուրիշներուն անպատում ցաւ պատճառելով (Առ. 12։18)։ Բացորոշ է որ հպարտութիւնը կրնայ ժողովքին խաղաղութիւնը խանգարել։

9. Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ որ ցեղապաշտութիւնը եւ անպատշաճ հպարտութեան միւս տեսակները մերժենք (տե՛ս բացման պատկերը)։

9 Եթէ անձամբ հակում ունինք զգալու, թէ ուրիշներէ գերադաս ենք, հարկ է որ մտաբերենք թէ «բոլոր սրտով հպարտները Տէրոջը առջեւ պիղծ են» (Առ. 16։5)։ Նաեւ տեղին է քննել մեր տեսակէտը անոնց նկատմամբ, որոնք ուրիշ ցեղի, ազգի կամ մշակոյթի կը պատկանին։ Եթէ ցեղային կամ ազգային հպարտութեան զգացումներ ունինք, ուրեմն կ’անտեսենք այն իրողութիւնը, թէ Աստուած «բոլոր ազգերը մէկ արիւնէ [«մարդէ», ՆԹ] ըրաւ» (Գործք 17։26)։ Այս առումով, կրնանք ըսել որ միայն մէկ ցեղ կայ, քանի որ ամբողջ մարդկութիւնը մէկ հասարակաց նախահայր ունի՝ Ադամ։ Ուստի, ի՜նչ յիմարութիւն է հաւատալ թէ կարգ մը ցեղեր ի բնէ գերադաս կամ ստորադաս են։ Այսպէս մտածելը պիտի յարմարէր Սատանային դիտաւորութեան, որ մեր քրիստոնէական սէրն ու միութիւնը խանգարէ (Յովհ. 13։35)։ Սատանային դէմ պայքարելու եւ յաղթելու համար, անպատշաճ հպարտութեան բոլոր տեսակները պէտք է մերժենք (Առ. 16։18

ՆԻՒԹԱՊԱՇՏՈՒԹԵՆԷՆ ՈՒ ԱՇԽԱՐՀԸ ՍԻՐԵԼԷՆ ԽՈՒՍԱՓԷ

10, 11. ա) Ինչո՞ւ դիւրաւ կարելի է աշխարհը սիրել։ բ) Դեմաս թերեւս ինչպէ՞ս աշխարհը սիրեց։

10 Սատանան «այս աշխարհին իշխանն» է, եւ անիկա իր հեղինակութեան ենթակայ է (Յովհ. 12։31. Ա. Յովհ. 5։19)։ Հետեւաբար, այս աշխարհի քաջալերած բաներուն մեծամասնութիւնը կը հակասէ Աստուածաշունչի բովանդակած չափանիշներուն։ Թէեւ աշխարհին հրամցուցած բոլոր բաները գէշ չեն, սակայն պէտք է ակնկալենք որ Սատանան իր աշխարհը կը գործածէ մեր ցանկութիւնները շահագործելու եւ մեզ մղելու որ մեղանչենք կամ աշխարհը սիրենք ու Եհովայի պաշտամունքը լքենք (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 2։15, 16

11 Ակներեւաբար, աշխարհի սէրը ազդեց առաջին դարու կարգ մը քրիստոնեաներու։ Օրինակ՝ Պօղոս առաքեալ գրեց. «Դեմասը զիս թողուց ու աշխարհը սիրեց» (Բ. Տիմ. 4։10)։ Աստուածաշունչը չ’ըսեր թէ Դեմաս յատկապէս աշխարհի ո՛ր երեսակը սիրեց, պատճառ դառնալով որ Պօղոսը երեսի վրայ ձգէ։ Թերեւս ան սկսաւ աւելի սիրել նիւթական բաները քան՝ հոգեւոր հետապնդումները։ Եթէ այս էր պարագան, ան հոգեւոր կարեւոր առանձնաշնորհումներ փախցուց, եւ վասն ինչի՞։ Աշխարհի տուածը կրնա՞ր որեւէ կերպով գերազանցել այն օրհնութիւնները, զորս Եհովան կրնար իրեն շնորհել որպէս Պօղոսի ընկերակից (Առ. 10։22

12. Ի՞նչ կերպերով կրնանք «հարստութեան խաբէութեան» զոհը երթալ։

12 Համանման բան մը կրնայ մեզի պատահիլ։ Քրիստոնեաներ ըլլալով, բնական է որ ջանանք մեր ու մեր ընտանիքին ապրուստը ճարել (Ա. Տիմ. 5։8)։ Եհովա կ’ուզէ որ հանգստաւէտ կեանք վարենք,– իրողութիւն մը որ յստակ կը դառնայ, երբ նկատի կ’առնենք գեղեցիկ միջավայրը, որուն մէջ դրաւ Ադամն ու Եւան (Ծն. 2։9)։ Բայց Սատանան «հարստութեան խաբէութեամբ» կրնայ մեր ցանկութիւնները շահագործել (Մատ. 13։22)։ Շատեր կը խորհին թէ դրամը զիրենք պիտի երջանկացնէ կամ թէ նիւթական ստացուածքները յաջողութեան բանալին են։ Այս մտածումը զուտ խաբէութիւն է, եւ կրնայ պատճառ դառնալ որ կորսնցնենք մեր ամէնէն արժէքաւոր ինչքը,– Եհովայի բարեկամութիւնը։ Յիսուս իր հետեւորդները զգուշացուց. «Մարդ մը չի կրնար երկու տիրոջ ծառայութիւն ընել. վասն զի կա՛մ մէկը պիտի ատէ եւ միւսը սիրէ, կա՛մ մէկուն պիտի յարի եւ միւսը պիտի արհամարհէ. չէք կրնար ծառայել Աստուծոյ ու մամոնային» (Մատ. 6։24)։ Եթէ բացարձակապէս մամոնային ծառայենք, դադրած կ’ըլլանք Եհովայի ծառայելէ, ինչ որ ճիշդ Սատանային ուզածն է։ Բնաւ թոյլ չտանք դրամին կամ ինչքին որ Եհովայի հետ մեր բարեկամութիւնը շուքի մէջ ձգէ։ Սատանային դէմ պայքարելու համար, նիւթական բաներու նկատմամբ հաւասարակշռուած տեսակէտ պէտք է պահպանենք (կարդա՛ Ա. Տիմոթէոս 6։6-10

ՍԵՌԱՅԻՆ ԱՆԲԱՐՈՅՈՒԹԵԱՆ ԴԻՄԱԴՐԷ

13. Ամուսնութեան եւ սեռին նկատմամբ, աշխարհը ինչպէ՞ս խեղաթիւրուած տեսակէտ մը յառաջ մղած է։

13 Սեռային անբարոյութիւնը Սատանայի աշխարհին այլ մէկ թակարդն է։ Այսօր, շատեր ամուսնական հաւատարմութիւնը,– եւ նոյնիսկ ամուսնութիւնը ինքնին,– կը նկատեն կաշկանդիչ եւ հնաձեւ։ Օրինակ, հռչակաւոր դերասանուհի մը նշեց. «Թէ՛ տղամարդուն համար եւ թէ կնոջ համար, մէկ կողակից ունենալը անկարելի է։ Չեմ ճանչնար անհատ մը, որ հաւատարիմ է կամ կ’ուզէ հաւատարիմ ըլլալ»։ Դերասան մը ըսաւ. «Վստահ չեմ թէ իրապէս մեր բնոյթին մէջ է, որ մեր ամբողջ կեանքը մէկ կողակիցի հետ անցընենք»։ Սատանան անկասկած կը հաճի, երբ երեւելի անհատներ Աստուծոյ կողմէ տրուած ամուսնութեան պարգեւը կը վարկաբեկեն։ Ան ո՛չ ամուսնութեան կարգադրութեան թիկունք կը կանգնի, ոչ ալ անոր յաջողութեան կը նպաստէ։ Ուստի, Սատանային դէմ պայքարելու եւ յաղթելու համար, ամուսնութիւնը պէտք է նկատենք այնպէս՝ ինչպէս Աստուած կը նկատէ։

14, 15. Ինչպէ՞ս կրնանք սեռային անբարոյութեան դիմադրել։

14 Ըլլանք ամուսնացած թէ ամուրի, սեռային անբարոյութեան բոլոր տեսակներուն անխոնջօրէն պէտք է դիմադրենք։ Այս պայքարը հե՞շտ է։ Բնաւ երբեք։ Եթէ պատանի ես, զոր օրինակ, թերեւս նշմարես ինչպէս դասընկերներդ հպարտօրէն կը նշեն, թէ սեռային յարաբերութիւն ունեցած են, կամ թէ բջիջային հեռաձայնով եւ համացանցի միջոցաւ սեռի մասին նիւթ կ’ընեն ու տռփագրգիռ նկարներ կը փոխանակեն,– ինչ որ ոմանք մանկական պոռնկագրութիւն բաշխելուն համազօր կը նկատեն։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ան որ կը պոռնկանայ, իր մարմնին դէմ կը մեղանչէ» (Ա. Կոր. 6։18)։ Սեռային գետնի վրայ փոխանցուած հիւանդութիւնները տառապանք ու մահ պատճառած են։ Իսկ անբարոյութիւն գործող պատանիներուն մեծամասնութիւնը կ’ըսէ, թէ իրենց ըրածին համար կ’ափսոսան։ Ֆիլմերը եւ ժամանցի այլ աղբիւրներ կը փորձեն մեզ համոզել, թէ Աստուծոյ օրէնքները բեկանելը հետեւանքներ չունի։ Այս սուտին հաւատալով, մարդիկ «մեղքին խաբէութիւնով» կը մոլորին (Եբ. 3։13

15 Եթէ սեռային անբարոյութիւն գործելու փորձութեան դէմ կը մաքառիս, ի՞նչ կրնաս ընել։ Ընդունէ թէ այս տկարութիւնը ունիս (Հռով. 7։22, 23)։ Աղօթքով Աստուծմէ զօրութիւն խնդրէ (Փլպ. 4։6, 7, 13)։ Անբարոյութեան առաջնորդող պարագաներէն խուսափէ (Առ. 22։3)։ Իսկ երբ փորձութեան առջեւ գտնուիս, անյապաղ զայն մերժէ (Ծն. 39։12

16. Յիսուս Սատանայի փորձութիւններուն ինչպէ՞ս ընդառաջեց, եւ իր օրինակէն ի՞նչ կը սորվինք։

16 Յիսուս փորձութիւններու դիմադրելուն մէջ հոյակապ օրինակ հանդիսացաւ։ Ան Սատանայի խոստումներէն չխաբուեցաւ, ոչ ալ ժամանակ տուաւ՝ առաւելութիւններն ու անպատեհութիւնները նկատի առնելու. ան անմիջապէս պատասխանեց՝ ըսելով. «Գրուած է» (կարդա՛ Մատթէոս 4։4-10)։ Յիսուս Աստուծոյ Խօսքին քաջածանօթ էր, ինչ որ կարելի դարձուց որ փորձութեան առջեւ արագօրէն գործէ ու համարներ մէջբերէ։ Սատանային դէմ պայքարելու եւ յաղթելու համար, սեռային անբարոյութիւն գործելու փորձութեան պէտք չէ առիթ տանք (Ա. Կոր. 6։9, 10

ՏՈԿԱԼՈՎ ՈՒ ՀԱՄԲԵՐԵԼՈՎ ՅԱՂԹԱՆԱԿ ՏԱՐ

17, 18. ա) Սատանան ուրիշ ի՞նչ զէնքեր կը գործածէ, եւ ասիկա ինչո՞ւ մեզ չի զարմացներ։ բ) Սատանային ի՞նչ ապագայ կը սպասէ, եւ ասիկա ինչպէ՞ս քեզ կը քաջալերէ որ տոկաս ու համբերես։

17 Քննարկեցինք Սատանային գործածած զէնքերէն երեք հատ. հպարտութիւնը, նիւթապաշտութիւնն ու սեռային անբարոյութիւնը։ Այլ զէնքերէն կրնանք նշել՝ ընտանեկան հակառակութիւնը, դասընկերներու կողմէ ծաղրանքը, եւ քարոզչութեան վրայ կառավարութեան կողմէ դրուած արգելքները։ Այսպիսի նեղութիւններ մեզ չեն զարմացներ, քանի որ Յիսուս իր հետեւորդները զգուշացուց. «Իմ անուանս համար ամենուն ատելի պիտի ըլլաք. բայց ով որ մինչեւ վերջը համբերէ, անիկա պիտի ապրի» (Մատ. 10։22

Սատանան ի վերջոյ պիտի անգոյանայ (տե՛ս պարբերութիւն 18)

18 Ինչպէ՞ս կրնանք Սատանային դէմ պայքարիլ ու յաղթել։ Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ. «Ձեր համբերութիւնովը հոգինիդ պիտի փրկէք» (Ղուկ. 21։19)։ Ոեւէ անհատ ի՛նչ որ ալ ընէ, պիտի չկարենայ մեզի մնայուն վնաս հասցնել։ Մեր կամքէն անկախ, ոեւէ անհատ չի կրնար մեզմէ խլել Աստուծոյ հետ մեր ունեցած բարեկամութիւնը (Հռով. 8։38, 39)։ Սատանան յաղթանակ չ’արձանագրեր նոյնիսկ Եհովայի ծառային մահուան պարագային, քանի որ Եհովան յարութիւն տալը երաշխաւորած է (Յովհ. 5։28, 29)։ Միւս կողմէ, Սատանային ապագան իսկապէս տժգոյն է։ Իր ամբարիշտ աշխարհը վերջ գտնելէ ետք, Սատանան 1000 տարի անդունդը պիտի արգելափակուի (Յայտ. 20։1-3)։ Յիսուսի հազարամեայ իշխանութեան աւարտին, «պիտի արձակուի Սատանան իր բանտէն», որպէսզի կատարեալ մարդիկը մոլորեցնելու վերջին փորձ մը ընէ։ Անկէ ետք, ան պիտի բնաջնջուի (Յայտ. 20։7-10)։ Սատանան անխուսափելիօրէն դէպի անգոյութիւն կ’ուղղուի. ան ապագայ չունի, բայց դուն ունիս։ Ուստի շարունակէ անոր դիմադրել ու հաւատքդ անխախտ պահէ։ Սատանային դէմ կրնա՛ս պայքարիլ ու յաղթել։