Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

«Մինչեւ ե՞րբ. . . պիտի աղաղակեմ»

«Մինչեւ ե՞րբ. . . պիտի աղաղակեմ»

«Մինչեւ ե՞րբ. . . պիտի աղաղակեմ»

«Միայն կ’ուզեմ որ ցաւերս դադրին», լալով ըսաւ Ճէյն։ Ան իր մարմնին մէջ տարածուած քաղցկեղէ կը տառապէր։ Անոր ընտանիքը եւ բարեկամները ո՜րքան կը փափաքէին, որ անոր հիւանդութիւնն ու չարչարանքը վերջ գտնէին։ Անոնք Աստուծոյ աղօթեցին որ անոր օգնէ։ Ան մտիկ պիտի ընէ՞ր։ Ան կը հոգա՞ր։

ԱՍՏՈՒԱԾ մարդկային ընտանիքին կացութեան գիտակից է։ Իր Խօսքը՝ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Բոլոր ստեղծուածները մինչեւ հիմա մէկտեղ կը հառաչեն ու ծնանելու ցաւ կը քաշեն» (Հռովմայեցիս 8։22)։ Աստուած գիտէ թէ հարիւր միլիոնաւոր մարդիկ, Ճէյնի նման, ամէն օր կը տառապին ֆիզիքական, զգացական կամ մտային ցաւերէ։ Աստուած կը տեսնէ այն 800 միլիոն անհատները, որոնք ամէն գիշեր անօթի կը քնանան, տնային վայրագութեան ենթարկուող միլիոնաւորները, եւ այն բազմաթիւ ծնողները՝ որոնք իրենց զաւակներուն ապագային ու բարօրութեան նկատմամբ մտահոգութիւն կը յայտնեն։ Բնաւ հարց տուա՞ծ ես, թէ արդեօք Աստուած քայլ մը պիտի առնէ՛։ Եթէ մե՛նք կ’ուզենք մեր սիրելիներուն օգնել, Աստուա՞ծ պիտի չուզէ մարդկային ընտանիքին օգնել, որ իր ստեղծագործութիւնն է։

Շատեր այսպիսի հարցումներ ուղղած են։ Աւելի քան 2600 տարի առաջ, Ամբակում անունով հաւատարիմ մարդ մը Աստուծոյ ըսաւ. «Մինչեւ ե՞րբ, ով Տէր, պիտի աղաղակեմ ու պիտի չլսես եւ զրկանքի համար քեզի պիտի կանչեմ ու պիտի չազատես։ Ինչո՞ւ անօրէնութիւնը կը ցուցնես եւ նեղութիւնը կ’երեւցնես։ Իմ առջեւս յափշտակութիւն եւ զրկանք կայ եւ դատ ու վէճ հանող կայ» (Ամբակում 1։2, 3)։ Եբրայեցի Ամբակում մարգարէն տեսաւ ահռելի բռնարարքներ եւ անիրաւութիւններ։ Ներկայիս, այսպիսի արարքներ առօրեայ լուրեր են, որոնք գթասիրտ անհատները կը տրտմեցնեն։

Աստուած Ամբակումի մտահոգութիւնները նսեմացո՞ւց։ Ո՛չ։ Ան վշտահար Ամբակումի անկեղծ հարցումները մտիկ ըրաւ, ապա զինք մխիթարեց ու քաջալերեց։ Եհովա Աստուած Ամբակումի հաւատքը ամրացուց, խոստանալով տառապանքին վերջ դնել։ Աստուծոյ յոյսի պատգամը կրնայ քեզ ալ հաւաստիացնել, ինչպէս հաւաստիացուց Ճէյնն ու իր ընտանիքը։ Յաջորդ յօդուածները պիտի պատասխանեն հետեւեալ հարցումներուն. ի՞նչպէս կրնանք վստահ ըլլալ, թէ Աստուած իրապէս կը հոգայ մեզ։ Աստուած ի՞նչպէս տառապանքին վերջ պիտի դնէ եւ ե՞րբ։