Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչի Աւետարաններուն ինչո՛ւ կրնաս վստահիլ

Աստուածաշունչի Աւետարաններուն ինչո՛ւ կրնաս վստահիլ

Աստուածաշունչի Աւետարաններուն ինչո՛ւ կրնաս վստահիլ

«Անոնք մեծ յաջողութիւն գտած են։ Անոնք բազմածախս շարժապատկերներու եւ հսկայ տպաքանակով սպառող գիրքերու ներշնչման աղբիւր դարձած են. . . քրիստոնեայ աղանդներ զանոնք որդեգրած են։ Անոնք կրօնքներու եւ դաւադրական տեսութիւններու ծագում տուած են» (SUPER INTERESSANTE, ՊՐԱԶԻԼԵԱՆ ՊԱՐԲԵՐԱԹԵՐԹ)։

ԱՅՍ ամբողջ ոգեւորումը ի՞նչ բանի առնչութեամբ էր։ Պարբերաթերթը կը խօսէր վերջերս ժողովրդական դարձած այն հետաքրքրութեան ու գործունէութիւններուն մասին, որոնք կեդրոնացած էին կեղծ աւետարաններու, նամակներու եւ յայտնութիւններու վրայ, որոնք 20–րդ դարու կիսուն յայտնագործուած էին Եգիպտոսի Նէկ Համատի եւ այլ շրջաններու մէջ։ Այսպիսի արձանագրութիւններ ընդհանրապէս կոչուած են գնոստիկեան կամ պարականոն գրութիւններ։ *

Դաւադրութիւն մը կա՞ր

Դարու մը մէջ, երբ մարդիկ ընդհանուր առմամբ չեն վստահիր Աստուածաշունչին եւ աւանդական կրօնքներուն, գնոստիկեան կամ պարականոն գրութիւնները ոմանց կոչ ըրած են։ Այս գրութիւնները մեծ ազդեցութիւն ունեցած են Յիսուս Քրիստոսի ուսուցումներուն եւ քրիստոնէութեան նկատմամբ շատերու տեսակէտին վրայ։ Ինչպէս պարբերաթերթ մը նշեց. «Թովմասի Աւետարանը եւ միւս պարականոն [երկերը] կոչ կ’ընեն խումբ մը մարդոց սրտին, որոնց թիւը արդի ժամանակներուն կը շարունակէ աւելնալ. այս անհատները հոգեւորութեան կը տենչան, բայց կրօնքին չեն վստահիր»։ Միայն Պրազիլի մէջ, «առնուազն 30 խումբեր կան, որոնց հաւատալիքները հիմնուած են անվաւեր մատեաններուն վրայ»։

Այս արձանագրութիւններուն յայտնաբերումը ժողովրդական դարձուցած է այն տեսութիւնը, թէ մ.թ. չորրորդ դարուն, Կաթողիկէ եկեղեցին դաւադրեց Յիսուսի մասին ճշմարտութիւնը ծածկել, թէ պարականոն գրութիւններուն նշած Յիսուսի կեանքին կարգ մը դէպքերը ջնջուած են, եւ թէ մերօրեայ Աստուածաշունչերուն բովանդակած չորս Աւետարանները խեղաթիւրուած են։ Կրօնքի ուսուցչապետ Իլան Բակըլզ սապէս բացատրեց. «Այժմ սկսանք տեսնել, թէ ինչ որ քրիստոնէութիւն կը կոչենք,– եւ ինչ որ կը բնորոշենք որպէս քրիստոնէական աւանդութիւն,– կը ներկայացնէ միայն մասնայատուկ աղբիւրներու փոքր հաւաքածոյ մը, ընտրուած՝ տասնեակ աղբիւրներու մէջէն»։

Ուսումնականներու կարծիքով, ինչպէս՝ Բակըլզ, Աստուածաշունչը քրիստոնէական հաւատքին միակ աղբիւրը չէ. ուրիշ աղբիւրներ ալ կան, ինչպէս՝ անկանոնական գրութիւնները։ Օրինակ, BBC–ի մէկ յայտագիրը՝ Աստուածաշնչական խորհուրդներ, «Իսկական Մարիամ Մագդաղենացին» նիւթին մէջ դիտել տուաւ, թէ պարականոն գրութիւնները Մարիամ Մագդաղենացին կը ներկայացնեն որպէս «միւս աշակերտներուն ուսուցչուհի եւ հոգեւոր առաջնորդ։ Ան պարզ աշակերտ մը չէ. ան առաքեալ է՝ առաքեալներուն համար»։ Մարիամ Մագդաղենացիին ենթադրեալ դերին մասին խօսելով, Խուան Արիաս պրազիլեան լրագրի մը մէջ (O Estado de S. Paulo) գրեց. «Ներկայիս ամէն բան մեզ կ’առաջնորդէ հաւատալու, թէ Յիսուսի կողմէ հիմնուած քրիստոնէական շարժումը, գլխաւորաբար ‘իգապաշտպան’ էր, նկատի առնելով որ առաջին եկեղեցիները կիներու տուներ էին, ուր անոնք կը ծառայէին իբրեւ քահանաներ եւ եպիսկոպոսներ»։

Շատեր աւելի կշիռ կու տան պարականոն աղբիւրներուն, քան՝ աստուածաշնչական աղբիւրին։ Սակայն այս նախընտրութիւնը կարգ մը կարեւոր հարցումներ կը յարուցէ. պարականոն գրութիւնները քրիստոնէական հաւատքին վաւերակա՞ն աղբիւր մըն են։ Երբ անոնք յստակ աստուածաշնչական ուսուցումներու հակասեն, ո՞ր աղբիւրին պէտք է հաւատանք,– Աստուածաշունչի՞ն թէ անկանոնական գիրքերուն։ Չորրորդ դարուն իրապէս դաւադրութիւն մը կա՞ր, այս գիրքերը խափանելու եւ չորս Աւետարանները խեղաթիւրելու, որպէսզի Յիսուսի, Մարիամ Մագդաղենացիի եւ ուրիշներու մասին կարեւոր տեղեկութիւններ դուրս ձգուին։ Այս հարցումներուն պատասխանելու համար, նկատի առնենք Աստուածաշունչի չորս Աւետարաններէն մէկը, Յովհաննէսի Աւետարանը։

Ապացոյցներ՝ Յովհաննէսի Աւետարանէն

Յովհաննէսի Աւետարանէն թանկարժէք պատառիկ մը գտնուեցաւ Եգիպտոսի մէջ, 20–րդ դարու սկիզբը, եւ այժմ ճանչցուած է որպէս Ռայլենտսի պապիրոս 457 (P52)։ Անիկա կը բովանդակէ Յովհաննէս 18։31-33, 37, 38–ի խօսքերը, եւ պահուած է Ճոն Ռայլենտսի գրադարանին մէջ (Մէնչէստըր, Անգլիա)։ Ասիկա Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններուն ամենահին պատառիկն է։ Բազմաթիւ ուսումնականներ կը հաւատան, որ անիկա գրուած է շուրջ մ.թ. 125–ին, Յովհաննէսի մահէն գրեթէ քառորդ դար ետք։ Հետաքրքրական է որ պատառիկին բովանդակութիւնը, յետագայ ձեռագիրներուն գրեթէ նոյն գրութիւնն է։ Այն իրողութիւնը թէ Յովհաննէսի Աւետարանին մէկ օրինակը արդէն իսկ կը գործածուէր Եգիպտոսի մէջ, ուր պատառիկը գտնուեցաւ, թիկունք կը կանգնի այն եզրակացութեան, թէ Յովհաննէսի Աւետարանը իրապէս գրուեցաւ մ.թ. առաջին դարուն եւ Յովհաննէսի կողմէ, ինչպէս Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ։ Հետեւաբար Յովհաննէսի գիրքը ականատեսի մը գրութիւնն է։

Միւս կողմէ, բոլոր պարականոն գրութիւնները երկրորդ դարէն սկսեալ գրուած են, իրենց նկարագրած դէպքերուն ժամանակէն աւելի քան հարիւր տարի ետք։ Կարգ մը մասնագէտներ կ’առարկեն՝ ըսելով թէ անկանոնական գրութիւնները հիմնուած են աւելի հին գրութիւններու կամ աւանդութիւններու վրայ. բայց ո՛չ մէկ բան կը փաստէ այս կէտը։ Արդ, տեղին է հարցնել. որո՞ւ աւելի պիտի հաւատաս,– ականատեսներու վկայութեա՞ն թէ իրադարձութիւններէն հարիւր տարի ետք ապրած մարդոց արձանագրութեան։ Պատասխանը բացայայտ է։ *

Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ այն պնդումին նկատմամբ, թէ աստուածաշնչական Աւետարանները փոփոխութեան ենթարկուեցան, Յիսուսի կեանքին կարգ մը իրադարձութիւնները ծածկելու համար։ Որեւէ ապացոյց կա՞յ թէ Յովհաննէսի Աւետարանը, զոր օրինակ, չորրորդ դարուն փոփոխութեան ենթարկուեցաւ, իրողութիւնները խեղաթիւրելու համար։ Այս հարցումին պատասխանելու համար, պէտք է ի մտի ունենանք թէ արդի Աստուածաշունչին գլխաւոր մէկ աղբիւրն է՝ չորրորդ դարու ձեռագիրը, որ կը կոչուի Վատիկանեան թիւ 1209 ձեռագիրը։ Եթէ մեր Աստուածաշունչը կը բովանդակէ չորրորդ դարուն կատարուած փոփոխութիւններ, այս ձեռագիրը զանոնք պիտի յայտնէր։ Բարեբախտաբար ուրիշ ձեռագիր մը՝ Պոտմէր 14, 15 (P75), որ Ղուկասի եւ Յովհաննէսի Աւետարաններուն մեծ մասը կը բովանդակէ, գրուած է մ.թ. 175–ի եւ 225–ի միջեւ։ Մասնագէտներու համաձայն, անոր բովանդակութիւնը շատ նման է Վատիկանեան թիւ 1209 ձեռագրին բովանդակութեան։ Ուրիշ խօսքով, աստուածաշնչական Աւետարաններուն մէջ կարեւոր փոփոխութիւններ չեն կատարուած, եւ ասիկա ապացուցանելու համար ունինք Վատիկանեան թիւ 1209 ձեռագիրը։

Ո՛չ մէկ ապացոյց կայ, վաւերագրական կամ ուրիշ, թէ Յովհաննէսի Աւետարանը,– կամ միւս Աւետարանները,– չորրորդ դարուն փոփոխութեան ենթարկուեցաւ։ Օքսիրինքըսի մէջ (Եգիպտոս) յայտնաբերուած պատառիկներու հաւաքածոյ մը քննելէ ետք, Քէմպրիճ համալսարանէն դոկտ. Փիթըր Մ. Հէտ կը գրէ. «Ընդհանուր առմամբ այս ձեռագիրները կը հաստատեն կարեւոր երկաթագիր բնագիրները [չորրորդ դարէն սկսեալ գլխագիր գրուած ձեռագիրներ], որոնք հին [յունարէն] բնագրին արդի հրատարակութիւններուն հիմը կը կազմեն։ Ասոնց մէջ չկայ բան մը, որ կը պահանջէ արմատական նոր հասկացողութիւն մը Նոր Կտակարանի այն բնագրին, որ սկիզբը փոխանցուեցաւ»։

Ի՞նչ կրնանք եզրակացնել

Առնուազն երկրորդ դարուն կիսուն, չորս կանոնական Աւետարանները,– Մատթէոս, Մարկոս, Ղուկաս եւ Յովհաննէս,– ամէնուրեք քրիստոնեաներուն կողմէ ընդունուած էին։ Տատիանոսի հանրածանօթ Տիաթեսարոն–ը (յունարէն բառ մը, որ կը նշանակէ «չորսին ընդմէջէն»), մէկտեղուած մ.թ. 160-175, հիմնուած էր միայն չորս կանոնական Աւետարաններուն վրայ, եւ ոչ թէ գնոստիկեան «աւետարաններ»ուն վրայ (տե՛ս  «Կանուխ ժամանակէն Աւետարանները ջատագովել» շրջանակը)։ Նաեւ ուշադրութեան արժանի է Իրենիոսի մէկ դիտողութիւնը, որ մ.թ. երկրորդ դարուն վերջաւորութեան ապրեցաւ։ Ան պնդեց թէ չո՛րս Աւետարաններ պէտք է ըլլան, ինչպէս որ երկիրը չորս կողմ ունի եւ կան չորս գլխաւոր հովեր։ Թէեւ անոր համեմատութիւնները կրնան հարցականի տակ դրուիլ, բայց նշած կէտը նեցուկ կը կանգնի այն գաղափարին, թէ այդ ժամանակ՝ միայն չորս կանոնական Աւետարաններ կային։

Այս բոլոր իրողութիւնները ի՞նչ ցոյց կու տան։ Թէ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները,– ի ներառեալ չորս Աւետարանները,– ինչպէս այսօր զանոնք ունինք, երկրորդ դարէն ի վեր մեծ մասամբ անփոփոխ մնացած են։ Զօրաւոր պատճառ մը չկայ հաւատալու, թէ չորրորդ դարուն դաւադրութիւն մը կար՝ ներշնչուած Սուրբ Գրութիւններէն մաս մը փոխելու կամ խեղաթիւրելու։ Ընդհակառակը, Աստուածաշունչի ուսումնական Պրուս Մէցկըր գրեց. «Երկրորդ դարու վերջաւորութեան. . . Նոր Կտակարանի մեծամասնութեան նկատմամբ մեծ տարողութեամբ միահաւանութիւն կար՝ այլազան ու ցիրուցան ժողովքներուն մէջ, թէ՛ Միջերկրականի ամբողջ շրջանը եւ թէ Բրիտանիայէն մինչեւ Միջագետք»։

Պօղոս ու Պետրոս առաքեալները Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութեան ջատագովներ էին։ Երկուքն ալ քրիստոնեաները զգուշացուցին, որ իրենց սորված բաներէն զատ, ոչինչ ընդունին կամ հաւատան։ Օրինակ՝ Պօղոս Տիմոթէոսի գրեց. «Ո՜վ Տիմոթէոս, քեզի տրուած աւանդը պահէ, փախչելով պիղծ ունայնաբանութիւններէ եւ սուտանուն գիտութեան հակառակութիւններէ։ Մէկ քանիները զանոնք դաւանելով՝ հաւատքէն մոլորեցան»։ Պետրոս վկայեց. «Ո՛չ թէ մենք վարպետութեամբ շինուած առասպելներու ետեւէ երթալով՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին զօրութիւնը ու գալուստը ձեզի ցուցուցինք, հապա անոր մեծափառութեանը ականատես ըլլալով» (Ա. Տիմոթէոս 6։20, 21. Բ. Պետրոս 1։16

Դարեր առաջ, ներշնչման ներքեւ Եսայի մարգարէն ըսած էր. «Խոտը կը չորնայ, ծաղիկը կը թառամի, բայց մեր Աստուծոյն խօսքը յաւիտեան պիտի մնայ» (Եսայի 40։8)։ Կրնանք նոյն վստահութիւնը ունենալ, թէ Ան որ Սուրբ Գրութիւնները ներշնչեց, նաեւ զանոնք պահեց դարերու ընթացքին, որպէսզի «բոլոր մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան» (Ա. Տիմոթէոս 2։4

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 3 «Գնոստիկեան» եւ «պարականոն» թարգմանուած յունարէն բառերը յաջորդակի կը հաղորդեն «գաղտնի գիտութիւն» եւ «ուշադրութեամբ ծածկուած» գաղափարները։ Այս արտայայտութիւնները կը գործածուին ակնարկելու անհարազատ կամ անկանոնական գրութիւններու, որոնք կը փորձեն նմանիլ Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւններու Աւետարաններուն, Գործ Առաքելոցին, նամակներուն եւ բովանդակած յայտնութիւններուն։

^ պարբ. 11 Պարականոն գրութիւններուն առնչութեամբ այլ դժուարութիւն մը կայ. փոքրաթիւ կրկնօրինակներ մնացած են։ Մարիամ Մագդաղենացիին Աւետարանը, որուն ակնարկուեցաւ վերը, ունի երկու փոքր պատառիկ ու մեծ պատառիկ մը, որ հաւանաբար կը բովանդակէ բնագրին միայն կէսը։ Ասկէ զատ, մատչելի ձեռագիրներուն միջեւ կարեւոր տարբերութիւններ կան։

[Մէջբերում՝ էջ 9]

Ռայլենտսի պապիրոս 457 (P52), մ.թ. երկրորդ դարէն մնացած պատառիկ մը, որ կը բովանդակէ Յովհաննէսի Աւետարանէն կարգ մը համարներ, բնագրէն միայն քանի մը տասնամեակներ ետք գրուած է

[Շրջանակ/Նկարներ՝ էջ 11]

 Կանուխ ժամանակէն Աւետարանները ջատագովել

Քրիստոնէութեան պատմութեան սկիզբը, քննադատներ առարկեցին թէ Աւետարանները իրարու կը հակասեն, եւ հետեւաբար կարելի չէ անոնց բովանդակութեան վստահիլ։ Սուրիացի հեղինակ Տատիանոս (շուրջ մ.թ. 110-180) Աւետարանները ջատագովեց։ Ան խորհեցաւ թէ երեւութական հակասութիւնները պիտի անյայտանան, եթէ Աւետարանները հմտութեամբ ներդաշնակուին ու միաձուլուին մէկ արձանագրութեան մէջ, փոխանակ չորսի։

Տատիանոս ջանաց այսպիսի ներդաշնակութիւն մը մէջտեղ բերել։ Յայտնի չէ թէ ան ի՛նչ լեզուով գրեց,– յունարէ՞ն թէ ասորերէն։ Յամենայնդէպս, շուրջ մ.թ. 170–ին, Տատիանոս ամբողջացուց իր աշխատասիրութիւնը, որ կոչուեցաւ Տիաթեսարոն,– յունարէն բառ մը, որ կը նշանակէ «չորսին ընդմէջէն»։ Ինչո՞ւ այս ոչ–ներշնչեալ երկը պէտք է հետաքրքրէ քեզ։

19–րդ դարուն, քննադատներ սկսան յառաջ մղել այն տեսակէտը, թէ Աւետարաններէն ո՛չ մէկը գրուած էր մ.թ. երկրորդ դարուն կէսէն առաջ. ուստի, անոնք չնչին պատմական արժէք կը ներկայացնեն։ Սակայն անկէ ի վեր յայտնաբերուած Տիաթեսարոն–ի ձեռագիրները հաստատ ապացոյց կը հայթայթեն, թէ մ.թ. երկրորդ դարուն կիսուն՝ չորս Աւետարանները,– եւ միայն չորսը,– արդէն իսկ միասնաբար հանրածանօթ եւ ընդունուած էին։

Տիաթեսարոն–ը եւ արաբերէն, լատիներէն, հայերէն ու յունարէն լեզուներով անոր մեկնաբանութիւնները յայտնաբերուելով, Աստուածաշունչի ուսումնական Սըր Ֆրէտերիք Քէնյըն գրեց. «Այս յայտնագործութիւնները ի վերջոյ Տիաթեսարոն–ի ինքնութեան վերաբերեալ ամէն կասկած փարատեցին, եւ ապացուցանեցին թէ շուրջ Յ.Տ. 170–ի ատենները, չորս կանոնական Աւետարանները անվիճելիօրէն կը գերազանցէին բոլոր միւս պատմութիւնները մեր Փրկիչին կեանքին մասին»։

[Նկար՝ էջ 10]

Վատիկանեան թիւ 1209 ձեռագիրը

Այս 4–րդ դարու Վատիկանեան թիւ 1209 ձեռագիրը ցոյց կու տայ, թէ Աւետարանները չնչին փոփոխութիւն կրած են

[Նկարին աղբիւրը]

From the book Bibliorum Sacrorum Graecus Codex Vaticanus 1868

[Ցուցակ՝ էջ 8 եւ 9]

(Լման շարադրանքին համար, տե՛ս հրատարակութիւնը)

«շ.» կը նշանակէ «շուրջ»։

Մ.թ. 33

Յիսուս կը մեռնի

շ. 41

Մատթէոսի Աւետարանը կը գրուի

շ. 58

Ղուկասի Աւետարանը կը գրուի

շ. 65

Մարկոսի Աւետարանը կը գրուի

շ. 98

Յովհաննէսի Աւետարանը կը գրուի

125

Ռայլենտս 457 (P52)

շ. 140

Պարականոն գրութիւնները կը սկսին

շ. 175

Պոտմէր 14, 15 (P75)

Չորրորդ դար

Վատիկանեան թիւ 1209 ձեռագիրը

[Նկար՝ էջ 9]

Տատիանոս

[Նկար՝ էջ 9]

Տիաթեսարոն արաբերէն լեզուով

[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 9]

© The Trustees of the Chester Beatty Library Dublin