Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Գիտէի՞ր

Գիտէի՞ր

Գիտէի՞ր

Անապատին մէջ իսրայէլացիները սնուցանելու համար, Աստուած ինչո՞ւ լորամարգիներ ընտրեց։

Իսրայէլացիները Եգիպտոսէն ելլելէ ետք, Աստուած անոնց երկու անգամ առատ միս հայթայթեց՝ լորամարգիներ ղրկելով (Ելից 16։13. Թուոց 11։31

Լորամարգիները փոքր թռչուններ են, որոնց մարմնի երկարութիւնը շուրջ 18 սմ. է եւ քաշը՝ շուրջ 100 կրամ։ Անոնք արեւմտեան Ասիոյ եւ Եւրոպայի մէջ կը գտնուին։ Գաղթող թռչուններ ըլլալով, անոնք ձմեռը Հիւսիսային Ափրիկէի եւ Արաբիոյ մէջ կ’անցընեն։ Գաղթելու ժամանակ, լորամարգիներու հսկայ երամներ կ’անցնին Միջերկրական ծովու արեւելեան ափէն եւ կը թռչին Սինայի թերակղզիին վրայ։

Ըստ բառարանի մը, լորամարգիները «արագ եւ ճկունութեամբ կը թռչին, հովը օգտագործելով. իսկ եթէ հովը իր ընթացքը փոխէ, կամ եթէ թռչունները երկար ճամբորդութենէ ուժասպառ դառնան, ամբողջ երամը կրնայ հակամէտ ըլլալ գետին իյնալու, ուր թռչունները շփոթած կը մնան» (The New Westminster Dictionary of the Bible)։ Իրենց գաղթը շարունակելէ առաջ, անոնք ստիպուած են գետինը մէկ կամ երկու օր հանգչիլ, այսպէս որսորդներուն դիւրին որս դառնալով։ 20–րդ դարու սկիզբը, Եգիպտոս տարեկան շուրջ երեք միլիոն լորամարգի որպէս ուտելիք կ’արտածէր։

Երկու անգամներուն ալ երբ իսրայէլացիները լորամարգիներով սնուցանուեցան, գարուն էր։ Թէեւ լորամարգիները այդ ժամանակաշրջանին կանոնաւորաբար կը թռչէին Սինայի շրջանին վրայ, սակայն Եհովա ինք «հով մը» պատճառեց, որպէսզի այս թռչունները դէպի իսրայէլի բանակավայրը ուղղէ (Թուոց 11։31

Յովհաննէս 10։22–ի մէջ նշուած «նաւակատիքի տօն»ը ի՞նչ էր։

Աստուած իսրայէլացիներուն պատուիրեց որ երեք եղանակային տօներ պահեն. Բաղարջակերաց տօն, Պէնտէկոստէի տօն եւ Հաւաքելու տօն, որոնք յաջորդաբար տեղի կ’ունենային՝ գարնան սկիզբը, գարնան վերջաւորութեան եւ աշնան։ Սակայն, Յովհաննէս 10։22–ի մէջ նշուած տօնը տեղի կ’ունենար ‘ձմրան’, եւ կը յիշատակէր Եհովայի տաճարին երկրորդ նաւակատիքը մ.թ.ա. 165–ին։ Այս տօնը ութ օր կը տեւէր, սկսելով քասղեւ ամսու 25–ին, ձմեռնային արեւադարձին ատենները։ Ի՞նչ բան անոր հաստատման առաջնորդեց։

Մ.թ.ա. 168–ին, Սուրիոյ Սելեւկեան կառավարիչը՝ Անտիոքոս Դ. (Եփիփանոս), ջանալով հրէական պաշտամունքն ու սովորութիւնները արմատախիլ ընել, Երուսաղէմի մէջ Եհովայի տաճարի զոհասեղանին վրայ հեթանոսական զոհասեղան մը կառուցանել տուաւ, եւ ատոր վրայ յոյներու Զեւս աստուծոյն զոհեր մատուցանուեցան։

Այս դէպքը մակաբայեցիներու ապստամբութիւնը հրահրեց։ Հրեայ առաջնորդ Յուդա Մակաբէ, Երուսաղէմը Սելեւկեաններուն ձեռքէն ազատագրեց, եւ ապա պղծուած զոհասեղանը կործանել տուաւ, եւ ատոր տեղը նորը կառուցանեց։ Զոհասեղանը սրբապղծուելէն ճիշդ երեք տարի ետք, Յուդա մաքրուած տաճարին նաւակատիքը կատարեց։ Անկէ ի վեր, հրեաները այս «նաւակատիքի տօն»ը դեկտեմբերին կը տօնակատարեն։ Ներկայիս, այս տօնը ծանօթ է որպէս Հանուգա։

[Նկար՝ էջ 20]

Յուդա Մակաբէ, Լիոն, 1553

[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 20]

From the book Wood’s Bible Animals. 1876