Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Փտածութիւնը վերջ պիտի գտնէ՛

Փտածութիւնը վերջ պիտի գտնէ՛

Փտածութիւնը վերջ պիտի գտնէ՛

«Տէրոջը համբերէ՛ ու անոր ճամբան պահէ՛. . . Ամբարիշտներուն սատակումը պիտի տեսնես» (ՍԱՂՄՈՍ 37։34

ԱՐԴԵՕՔ բազմաթիւ մարդոց նման վախ ունի՞ս որ փտածութիւնը անխուսափելի է եւ բնա՛ւ ամբողջապէս արմատախիլ պիտի չըլլայ։ Եթէ այդպէս է, վախդ հասկնալի է։ Պատմութեան ընթացքին, մարդիկ ամէն տեսակի կառավարութիւն փորձած են։ Բայց եւ այնպէս բնաւ չեն կրցած մնայուն կերպով փտածութիւնը արմատահան ընել։ Արդեօք յոյս կա՞յ որ ժամանակ պիտի գայ, երբ բոլոր մարդիկ իրարու հետ պարկեշտութեամբ պիտի վարուին։

Աստուածաշունչը կը պատասխանէ՝ այո՛։ Ատիկա կ’ըսէ թէ Աստուած շուտով գործի պիտի անցնի փտածութիւնը երկրագունդին երեսէն մաքրելու համար։ Ինչպէ՞ս։ Իր Թագաւորութեան՝ երկնային կառավարութեան մը՝ միջոցաւ, որ մեր ամբողջ երկրագունդը դրախտի պիտի վերածէ։ Յիսուս իր հետեւորդներուն սորվեցուց որ ա՛յդ Թագաւորութեան համար աղօթեն։ Տէրունական աղօթքին կամ «Հայր մեր»ին մէջ, Յիսուս ըսաւ. «Քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ. . . երկրի վրայ» (Մատթէոս 6։10

Այդ Թագաւորութեան Թագաւորին՝ Յիսուս Քրիստոսին՝ մասին Աստուածաշունչը կը նախագուշակէ. «Աղքատը պիտի փրկէ աղաղակելու ատենը, խեղճն ալ ու զանիկա ալ, որ օգնական չունի։ Պիտի խղճայ աղքատին ու տնանկին եւ տնանկներուն անձերը պիտի ազատէ։ Հարստահարութենէ ու բռնութենէ պիտի փրկէ անոնց անձը» (Սաղմոս 72։12-14)։ Նկատի առ թէ Յիսուս փտածութեան զոհերուն կը խղճայ եւ հարստահարութեան նկատմամբ բան մը պիտի ընէ։ Ի՜նչ մխիթարութիւն։

Այդ կարեկից եւ զօրաւոր Իշխանին միջոցաւ, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը փտածութիւնը պիտի ոչնչացնէ։ Ինչպէ՞ս։ Վերացնելով փտածութեան երեք պատճառները։

Մեղքին ազդեցութիւնը

Ներկայիս, պէտք է բոլորս պայքարինք մեղաւոր հակումներու դէմ, որոնք մեզ կը մղեն անձնասիրութեամբ վարուելու (Հռովմայեցիս 7։21-23)։ Բայց, կա՛ն բարի մարդիկ, որոնք կ’ուզեն ճիշդը ընել։ Անոնք Յիսուսի թափած արեան քաւիչ արժէքին կը հաւատան եւ կրնան մեղքերու թողութիւն ստանալ (Ա. Յովհաննէս 1։7, 9) *։ Այսպիսի մարդիկ Աստուծոյ ցուցաբերած մեծագոյն սէրէն պիտի կարենան օգտուիլ, ինչպէս որ կը կարդանք Յովհաննէս 3։16–ի մէջ. «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ»։

Աստուած հաւատարիմներուն համար հոյակապ բան մը պիտի ընէ։ Գալիք նոր աշխարհին մէջ, ան մեղքին բոլոր հետքերը ի վերջոյ պիտի վերացնէ, հաւատարիմ մարդկութիւնը աստիճանաբար կատարելութեան եւ իր առջեւ արդար կեցուածքի հասցնելով (Եսայի 26։9. Բ. Պետրոս 3։13)։ Ա՛լ մեղքին ազդեցութիւնը ո՛չ ոքի պատճառ պիտի ըլլայ որ փտածութեամբ վարուի։ Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ, հաւատարիմները փտածութեան ստրկութենէն պիտի ազատին։

Ներկայ չար աշխարհին ազդեցութիւնը

Ցաւօք սրտի, ներկայիս շատեր ուրիշները դիտմամբ կը խաբեն։ Անոնք կ’օգտագործեն խոնարհներն ու աղքատները ե՛ւ ուրիշներուն կ’ազդեն որ փտածութեամբ վարուին։ Աստուածաշունչը այսպիսիները կը յորդորէ. «Թող ամբարիշտը՝ իր ճամբայէն ու անօրէն մարդը իր խորհուրդներէն հրաժարի»։ Եթէ այսպիսի փտած անհատներ զղջան, Աստուածաշունչը կը խոստանայ որ Աստուած ‘առատապէս պիտի ներէ’ (Եսայի 55։7

Սակայն անոնք՝ որոնք յամառօրէն կը մերժեն փոխուիլ, Աստուծոյ կողմէ պիտի բնաջնջուին։ Աստուծոյ Թագաւորութեան միջոցաւ, Աստուածաշունչի սա խոստումը պիտի իրականանայ. «Տէրոջը համբերէ՛ ու անոր ճամբան պահէ՛. . . Ամբարիշտներուն սատակումը պիտի տեսնես» (Սաղմոս 37։34)։ Երբ անսրբագրելի չարերը չքանան, Աստուծոյ հաւատարիմ երկրպագուները այլեւս փտածութեան զոհը պիտի չերթան։

Բանսարկու Սատանային ազդեցութիւնը

Խստասիրտ մեղաւորներուն առաջնագոյնը Բանսարկու Սատանան է։ Որքա՜ն շնորհապարտ կրնանք ըլլալ որ Եհովան շուտով Սատանան պիտի արգելափակէ, որպէսզի մարդոց չազդէ։ Ի վերջոյ, ան Սատանան ամբողջովին պիտի բնաջնջէ։ Ա՛լ այդ հրէշը կարող պիտի չըլլայ մարդոց ազդել որ փտածութեամբ վարուին։

Ճիշդ է որ կրնայ բաղձալից մտածմունք թուիլ այն գաղափարը, թէ Աստուած փտածութեան բոլոր պատճառները պիտի վերցնէ։ Թերեւս խորհիս. ‘Աստուած իրապէս կրնա՞յ այդ փոփոխութիւնները բերել։ Եթէ այո՛, ինչո՞ւ ասկէ առաջ գործի չէ անցած’։ Ասոնք կարեւոր հարցումներ են, եւ Աստուածաշունչը գոհացուցիչ պատասխաններ կու տայ *։ Կը քաջալերենք քեզ որ անձամբ քննես, թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կը սորվեցնէ մօտ ապագային մասին, երբ ամբողջ փտածութիւնը յաւերժ պիտի չքանայ։

[Ստորանիշներ]

^ պարբ. 8 Յիսուսի մահուան քաւիչ արժէքին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 5–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։