Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Պէ՞տք է սուրբերուն աղօթենք

Պէ՞տք է սուրբերուն աղօթենք

ԲՈԼՈՐՍ մտահոգութիւններ ունինք, եւ կը զգանք թէ օգնութեան համար մէկու մը պէտք է դիմենք։ Մտահոգութեան պատճառը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, հաւանաբար պիտի ուզէինք ընտրել կարեկից բարեկամ մը, որ այդ խնդրին նկատմամբ փորձառութիւն ունեցած է։ Կարեկցութիւնն ու փորձառութիւնը այդ անհատը իրապէս ցանկալի բարեկամ կը դարձնեն։

Ոմանք կը խորհին թէ նոյնն է պարագան, երբ հարցը առնչուած է աղօթքի։ Փոխանակ Աստուծոյ մօտենալու, անոնք աւելի հանգիստ կը զգան դիմելու սուրբերէն մէկուն, քանի որ կը կարծեն թէ Աստուած շա՜տ բարձր եւ ահարկու է։ Անոնք կը պատճառաբանեն թէ սուրբերը աւելի՛ կարեկից են, քանի որ մարդոց համար սովորական եղող փորձութիւններէն եւ դժուարութիւններէն անցած են։ Օրինակ, «սուրբ» Գրիգոր Նարեկացին նոյնիսկ երբ ողջ էր, նկատուեցաւ «հրեշտակ՝ մարմնի մէջ»։ Ասկէ զատ, ոմանք «սուրբ» Սարգիսին կ’աղօթեն, որ իրենց խնդրանքները Աստուծոյ լսելի դարձնէ։

Բայց ինչպէ՞ս կրնանք վստահ ըլլալ, թէ ըստ Աստուածաշունչին՝ սուրբերուն աղօթելը պատշաճ է կամ ոչ։ Քանի որ մեր աղօթքները Աստուծոյ ուղղուած արտայայտութիւններ են, վստահաբար պիտի ուզէինք գիտնալ, թէ ան մեր աղօթքները կը լսէ՞։ Ասկէ զատ, պէտք չէ՞ նաեւ հարց տանք, թէ արդեօք Աստուած սուրբերուն մատուցուած աղօթքներուն նկատմամբ ինչպէ՛ս կը զգայ։

ՍՈՒՐԲԵՐՈՒՆ ԱՂՕԹԵԼՈՒ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՏԵՍԱԿԷՏԸ

Սուրբերուն աղօթելու սովորութիւնը հիմնուած է՝ սուրբերու բարեխօսութեան վարդապետութեան վրայ, որ կաթողիկէ եկեղեցին կը սորվեցնէ։ Կաթողիկէ նոր համայնագիտարան–ը կը բացատրէ, որ հիմնական գաղափարն այն է՝ թէ «Աստուծոյ աչքին իրաւասութիւն ունեցողը կ’աղերսէ, ողորմութիւն խնդրելով կարիքաւոր անհատի մը համար»։ Ուստի, մարդիկ սուրբերուն կ’աղօթեն այն յոյսով որ Աստուծոյ մասնայատուկ հաճութիւնը պիտի ստանան, քանի որ այդ սուրբերը օրհնեալ դիրք ունին Աստուծոյ առջեւ։

Աստուածաշունչը այսպիսի վարդապետութիւն կը սորվեցնէ՞։ Ոմանք կ’ըսեն, թէ Պօղոս առաքեալ իր գրութիւններուն մէջ սուրբերուն աղօթելու հիմը դրաւ։ Օրինակ, Հռոմի քրիստոնեաներուն գրեց. «Ձեզի կ’աղաչեմ, եղբայրնե՛ր, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսով ու Հոգիին սիրովը, որ ինծի հետ պատերազմակից ըլլաք ձեր աղօթքներուն մէջ առ Աստուած ինծի համար» (Հռովմայեցիս 15։30)։ Արդեօք Պօղոս իր հաւատակիցներէն կը խնդրէ՞ր որ Աստուծոյ առջեւ իրեն համար բարեխօսեն։ Բնա՛ւ երբեք։ Պօղոս պարզապէս ցոյց կու տար, թէ յարմար է հաւատակիցէ մը խնդրել որ մեզի համար Աստուծոյ աղօթէ։ Բայց բոլորովին տարբեր բան է աղօթել մէկու մը, որ կը կարծուի թէ երկինքն է եւ կրնայ մեր խնդրանքը Աստուծոյ ներկայացնել։ Ինչո՞ւ։

Յովհաննէս 14։6–ի մէջ, Յիսուս կը նշէ. «Ես եմ ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքը. մէկը Հօրը քով չի գար՝ եթէ ոչ ինձմով»։ Ան նաեւ կ’ըսէ. «Իմ անունովս ինչ որ Հօրմէս խնդրէք, ձեզի [պիտի] տայ» (Յովհաննէս 15։16)։ Յիսուս չըսաւ որ մեր աղօթքները պէտք է իրեն ուղղենք եւ ինք իր կարգին մեզի ի նպաստ Աստուծոյ պիտի բարեխօսէր։ Փոխարէն, մեր աղօթքները լսուելու համար, պէտք է Աստուծոյ ուղղուին Յիսուսի անունով, եւ ոչ թէ ուրիշ մէկու մը միջոցաւ։

Երբ Յիսուսի աշակերտները իրմէ խնդրեցին որ իրենց աղօթել սորվեցնէ, Յիսուս պատասխանեց. «Երբ աղօթք կ’ընէք՝ ըսէք. ‘Ով Հայր մեր, որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ’» (Ղուկաս 11։2)։ Արդարեւ, «երբ» կամ ամէն անգամ որ աղօթենք, պէտք է Աստուծո՛յ աղօթենք եւ ոչ թէ Յիսուսի կամ ուրիշ ոեւէ մէկու։ Յիսուսի այս բացայայտ ուսուցումները նկատի ունենալով, տրամաբանական չէ՞ եզրակացնել թէ մեր աղօթքները պէտք է Աստուծո՛յ ուղղուին Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ, եւ ոչ թէ բարեխօսներու կամ «սուրբեր»ու։

Աղօթելը մեր պաշտամունքին կարեւոր մէկ երեսակն է, եւ յստակ է որ Աստուծմէ զատ ուրիշ մը պաշտելը Աստուածաշունչի ուսուցումին հետ ներդաշնակ չէ (Յովհաննէս 4։23, 24. Յայտնութիւն 19։9, 10)։ Անոր համար, մեր աղօթքները միա՛յն Աստուծոյ պէտք է ուղղենք։

ՊԷ՞ՏՔ Է ՎԱԽՆԱՍ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄՕՏԵՆԱԼՈՒ

Իր Լերան քարոզին մէջ, Յիսուս օրինակ մը տուաւ որդիի մը մասին, որ իր հօրմէն ուտելիք կը խնդրէ։ Արդեօք հայրը հացին փոխարէն քա՞ր պիտի տար. կամ ձուկի փոխարէն օ՞ձ պիտի տար (Մատթէոս 7։9, 10)։ Սիրալիր ծնողքի մը մտքէն իսկ չ’անցնիր այսպիսի բան մը ընել։

Սիրալիր հօր մը նման, Աստուած կ’ուզէ որ իրեն հետ հաղորդակցինք

Համանման օրինակ մը նկատի առ, բայց այս անգամ ծնողին տեսանկիւնէն դիտուած։ Երեւակայէ որ զաւակդ որոշ խնդրանքներ ունի։ Դուն ուշադրութեամբ իրեն հետ քու փոխյարաբերութիւնդ զարգացուցած ես եւ միշտ մատչելի եղած ես։ Բայց եւ այնպէս, քանի որ ան քու հակազդեցութեանդ հանդէպ անհիմն վախ ունի, ուրիշէ մը կը պահանջէ որ այդ խնդրանքները քեզի ներկայացնէ։ Ինչպէ՞ս պիտի զգայիր։ Լաւ, պիտի ուրախանայի՞ր եթէ ան սովորութիւն դարձնէր միայն այդ անհատին միջոցաւ քեզի հետ հաղորդակցիլ, ցոյց տալով որ մտադրած է այդպէս շարունակել։ Անշուշտ ոչ։ Սիրալիր ծնողներ կ’ուզեն որ իրենց զաւակները ուղղակի իրենց մօտենան եւ հանգիստ զգան իրենցմէ հարկ եղած բաները խնդրելու։

Ուտելիք խնդրող զաւակին առակը կիրարկելով, Յիսուս բազմութեան ըսաւ. «Ուստի եթէ դուք որ չար էք, ձեր զաւակներուն աղէկ ընծաներ տալ գիտէք, ո՜րչափ աւելի ձեր Հայրը որ երկինքն է, բարի բաներ պիտի տայ անոնց որ իրմէ կը խնդրեն» (Մատթէոս 7։11)։ Անկասկած, ծնող մը շա՜տ կը փափաքի իր զաւակին լաւ բաներ հայթայթել։ Եւ մեր երկնաւոր Հօր բուռն փափաքն է մեր աղօթքները լսել եւ անոնց պատասխանել։

Աստուած կ’ուզէ որ աղօթքով ուղղակի իրեն մօտենանք, նոյնիսկ երբ մեր անձնական թերութիւններով ջախջախուած կը զգանք։ Ան ուրիշներ չի նշանակեր որ մեր աղօթքները լսեն։ Աստուածաշունչը մեզի սա յորդորը կու տայ. «Քու հոգդ Տէրոջը վրայ ձգէ՛ ու ան քեզ պիտի խնամէ» (Սաղմոս 55։22)։ Փոխանակ սուրբերու կամ ուրիշներու բարեխօսութենէն կախեալ ըլլալու, լաւ կ’ընենք եթէ Եհովա Աստուծոյ հանդէպ դրական տեսակէտ զարգացնենք։

Մեր երկնաւոր Հայրը անհատապէս մեզմով հետաքրքրուած է։ Ան կ’ուզէ մեզի օգնել երբ խնդիրներու առջեւ գտնուինք, եւ մեզ կը հրաւիրէ որ իրեն մօտենանք (Յակոբոս 4։8)։ Որքա՜ն ուրախ ենք որ մեր Աստուծոյն ու Հօր՝ «աղօթքի լսող»ին՝ մօտենալու պատեհութիւնը ունինք (Սաղմոս 65։2