Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչին պատասխանները

Աստուածաշունչին պատասխանները

Յիսուս ապագային ի՞նչ պիտի ընէ։

Ք.Ե. 33–ին, Յիսուս մահացաւ, յարուցանուեցաւ եւ երկինք համբարձաւ։ Յետագային, Յիսուսի հեղինակութիւն տրուեցաւ թագաւորելու (Դանիէլ 7։13, 14)։ Ապագային, Յիսուս որպէս Թագաւոր գործի պիտի լծուի, որպէսզի համաշխարհային խաղաղութիւն հաստատէ եւ աղքատութիւնը չքացնէ (կարդա՛ Սաղմոս 72։7, 8, 13

Որպէս Թագաւոր, Յիսուս երկրագունդը անարդարութենէ պիտի մաքրագործէ

Որպէս մարդկութեան Կառավարիչ, Յիսուս հոյակապ բաներ պիտի ընէ։ Ան իր Հօրմէն ստացած զօրութիւնը պիտի գործածէ մարդկութիւնը կատարելութեան հասցնելու համար։ Մարդիկ երկրի վրայ կեանքը պիտի վայելեն, առանց ծերանալու ու մահանալու (կարդա՛ Յովհաննէս 5։26-29. Ա. Կորնթացիս 15։25, 26

Այժմ Յիսուս ի՞նչ կ’ընէ։

Այժմ Յիսուս իր ճշմարիտ հետեւորդներուն աշխարհածաւալ քարոզչութիւնը կ’առաջնորդէ։ Անոնք մարդոց կ’այցելեն ցոյց տալու համար, թէ Աստուածաշունչը Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին ի՛նչ կ’ըսէ։ Յիսուս ըսաւ, թէ պիտի շարունակէր իր աշակերտներուն գործին աջակցիլ, մինչեւ որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մարդկային կառավարութիւնները վերացնէ (կարդա՛ Մատթէոս 24։14. 28։19, 20

Ճշմարիտ քրիստոնէական ժողովքին միջոցաւ, Յիսուս մարդոց կ’ուղղէ որ աւելի լաւ կեանք մը վարեն։ Ան պիտի շարունակէ զանոնք առաջնորդել՝ ներկայ աշխարհի կործանումէն մինչեւ Աստուծոյ խոստացեալ նոր աշխարհին հաստատուիլը (կարդա՛ Բ. Պետրոս 3։7, 13. Յայտնութիւն 7։17