Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԱՍՏՈՒԱԾ ՔԵԶՄՈՎ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԱ՞Ծ Է

Աստուած քեզի ուշադրութիւն կ’ընծայէ՞

Աստուած քեզի ուշադրութիւն կ’ընծայէ՞

«Թէեւ ես դժբախտ եւ աղքատ եմ, Տէրը կը մտածէ իմ մասիս» (ՍԱՂՄՈՍ 40։17, ԱԾ. ԴԱՒԻԹ ԹԱԳԱՒՈՐ, Ք.Ա. 11–ՐԴ ԴԱՐ)։

«Ազգերը դոյլէն կաթած կաթիլի պէս են» (ԵՍԱՅԻ 40։15)

Տրամաբանակա՞ն էր որ Դաւիթ Աստուծմէ ակնկալէր իրեն ուշադրութիւն ընծայել։ Աստուած քեզի ուշադրութիւն կ’ընծայէ՞։ Շատեր դժուար կը գտնեն հաւատալ, թէ Ամենակալ Աստուած իրենցմով հետաքրքրուած է։ Ինչո՞ւ։

Մէկ պատճառը այն է թէ Աստուած շա՜տ աւելի գերադաս էակ է քան մարդ արարածը։ Իր վեհ դիրքէն դիտուած, բոլոր ազգերը «դոյլէն կաթած կաթիլի պէս են ու կշիռքին մէջի մանր փոշիին պէս կը սեպուին» (Եսայի 40։15)։ Արդի սկեպտիկ գրող մը հեռուները գնաց՝ եզրակացնելով թէ «ծայրայեղ ինքնահաւանութիւն է հաւատալ, թէ կայ աստուածային էակ մը, որ ըրածներուդ հանդէպ անձնական ու անմիջական հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ»։

Միւս կողմէ, ոմանք կը խորհին թէ իրենց վարքին պատճառաւ արժանի չեն որ Աստուած իրենց ուշադրութիւն ընծայէ։ Օրինակ, Ճիմ անունով միջին տարիքի մարդ մը կը պատմէ. «Անդադար աղօթքով խաղաղութիւն եւ ժուժկալութիւն կը խնդրէի, բայց ուշ թէ կանուխ՝ դարձեալ կը բարկանայի։ Ի վերջոյ եզրակացուցի թէ ամբողջովին վատ անհատ մըն էի եւ թէ Աստուած չէր կրնար ինծի օգնել»։

Արդեօք Աստուած այնքա՞ն հեռու է մարդ արարածէն որ մեզ չի նկատեր։ Ան իր անկատար արարածներուն նկատմամբ իսկապէս ի՞նչ կը զգայ։ Առանց աստուածային յայտնութեան, ո՛չ մէկ անհատ արդարացիօրէն կրնայ Աստուծոյ անունով խօսիլ եւ այս հարցումներուն պատասխանել։ Սակայն, մարդկութեան ուղղուած Աստուծոյ ներշնչեալ պատգամը,– Աստուածաշունչը,– մեզ կը վստահեցնէ թէ Ան անհատներով չհետաքրքրուող Աստուած մը չէ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Մեր ամէն մէկէն ալ հեռու չէ» (Գործք 17։27)։ Յաջորդ չորս յօդուածներուն մէջ, նկատի պիտի առնենք թէ Աստուած ի՛նչ կ’ըսէ անհատներու հանդէպ իր հետաքրքրութեան մասին եւ թէ ինչպէ՛ս այսպիսի հետաքրքրութիւն ցոյց տուած է քեզի նման մարդոց։