Անցնիլ բովանդակութեան

Բեթէլի մէջ շրջագայութիւն

Քեզ ջերմօրէն կը հրաւիրենք որ շրջագայիս մեր մասնաճիւղերուն մէջ, որոնք կը կոչուին Բեթէլ։

Կարգ մը մասնաճիւղեր ունին ցուցասրահներ, ուր կրնաս առանձին շրջագայիլ։

Շրջագայութիւնները կը վերսկսին։ Շատ մը երկիրներու մէջ, մեր մասնաճիւղերուն մէջ շրջագայութիւնները պիտի վերսկսին՝ 1 յունուար 2023-էն սկսեալ։ Աւելի մանրամասնութիւններ առնելու համար, կապ պահէ այն մասնաճիւղին հետ, ուր կ’ուզես շրջագայիլ։ Կը խնդրենք որ մեր մասնաճիւղերը չայցելես, եթէ ՔՈՎԻՏ-19 ժահրով վարակուած ես, կը զգաս որ հարբուխ ես կամ պաղ առած ես կամ ալ վերջերս կապի մէջ էիր մէկու մը հետ, որ ՔՈՎԻՏ-19 ունէր։

Պրազիլ

Շրջագայութեան մասին տեղեկութիւններ

Ժամադրութիւն առնել

Ժամադրութիւնները տեսնել կամ փոխել

Բեռնել շրջագայութեան գրքոյկ

Ցուցասրահ, ուր կրնաք առանձին շրջագայիլ

Աստուածաշունչ գիրքը եւ անոր Հեղինակը։ Այս ցուցասրահը կը պատուէ Աստուածաշունչի յարգարժան Հեղինակը՝ Եհովա Աստուած։ Անիկա Աստուածաշունչին գլխաւոր բնաբանը կ’ընդգծէ, որ է՝ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը։ Այցելուները կրնան տեսնել, թէ Աստուածաշունչը ինչպէ՛ս մինչեւ օրս գոյատեւած է եւ թէ Եհովան ինչպէ՛ս պահպանած է անոր բուն պատգամը, թէեւ հակառակորդներ փորձած են փոփոխութիւններ մտցնել ատոր մէջ։

Պատմական ցուցասրահ։ Այս ցուցասրահը կը ցուցնէ թէ Եհովան ինչպէ՛ս 120 տարիէ աւելի օրհնած է մեր քարոզչութիւնը Պրազիլի մէջ։ Այցելուները կրնան պատմական փնտռտուքի շնորհիւ վերջերս յայտնաբերուած նոր տեղեկութիւն մը տեսնել, թէ Պրազիլի մէջ մեր գործունէութիւնը ինչպէ՛ս սկիզբ առաւ ու զարգացաւ, հակառակ ընդդիմութեան ու հալածանքին։

Հասցէ եւ հեռաձայնի թիւ

Վայրը գտնել