Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի վկաները Աստուածաշունչը փոխա՞ծ են, որ իրենց հաւատալիքներուն յարմարի

Եհովայի վկաները Աստուածաշունչը փոխա՞ծ են, որ իրենց հաւատալիքներուն յարմարի

 Ո՛չ, մենք Աստուածաշունչը չենք փոխած։ Ընդհակառակը, մենք մեր հաւատալի՛քները փոխած ենք, երբ նկատած ենք թէ ատոնք Աստուածաշունչի ուսուցումներուն չեն համապատասխաներ։

 Մենք Աստուածաշունչը քննեցինք Սուրբ Գրութիւններու նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը 1950–ին հրատարակուելէ բաւական առաջ։ Մենք գործածեցինք որեւէ Աստուածաշունչ որ այդ ատեն մատչելի էր եւ ըստ այնմ մեր հաւատալիքները հիմնեցինք։ Նկատի առ քանի մը հաւատալիքներ, որոնք Եհովայի վկաները որդեգրած են երկա՜ր ժամանակէ ի վեր, եւ անձամբ որոշէ թէ արդեօք ատոնք Աստուածաշունչին ուսուցումներուն կը համապատասխանե՛ն, կամ ոչ։

  1.   Ինչ որ մենք կը հաւատանք. Աստուած Երրորդութիւն մը չէ։ Սիօնի դիտարանը յուլիս 1882–ի թիւին մէջ ըսաւ. «Մեր ընթերցողները գիտեն թէ մենք Եհովային, Յիսուսին եւ սուրբ հոգիին կը հաւատանք, բայց եւ այնպէս կը մերժենք այն ուսուցումը, որ կ’ըսէ թէ անոնք երեք Աստուածներ են մէկ անձի մէջ, կամ ինչպէս ոմանք կ’ըսեն՝ մէկ Աստուած երեք անձի մէջ, քանի որ այս ուսուցումը Աստուածաշունչին վրայ չէ հիմնուած»։

      Ինչ որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Տէրը՝ մեր Աստուածը միա՛կ Տէրն է» (Բ. Օրինաց 6։4, Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ՝ ծանօթագրութիւններով)։ «Մենք մէկ Աստուած ունինք՝ Հայրը՝ որմէ են բոլոր բաները եւ մենք ալ անով ու մէկ Տէր Յիսուս Քրիստոս, որմէ են բոլոր բաները ու մենք ալ անով» (Ա. Կորնթացիս 8։6)։ Յիսուս ի՛նք ըսաւ. «Իմ Հայրս ինձմէ մեծ է» (Յովհաննէս 14։28

  2.   Ինչ որ մենք կը հաւատանք. Չկայ դժոխքի կրակ, ուր մարդիկ յաւիտեան կը տանջուին։ Սիօնի դիտարան–ի յունիս 1882–ի թիւին խորագիրն էր՝ «Մեղքին վարձքը մահ է», որ մէջբերուած է Հռովմայեցիս 6։23–էն։ Այդ թիւին մէջ գրուած էր. «Որքա՜ն յստակ եւ պարզ է այս խօսքը։ Ի՜նչ զարմանալի է որ շատեր, որոնք Աստուածաշունչը Աստուծոյ Խօսքը կը համարեն, այս համարին խօսքը չեն ընդունիր եւ կը պնդեն թէ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ որ մեղքին վարձքը յաւիտենական տանջանք է դժոխքին մէջ»։

      Ինչ որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. Աստուծոյ հակառակողներուն վերջնական պատիժն է՝ «յաւիտենական աւերում» եւ ոչ թէ յաւիտենական տանջանք (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։9

  3.   Ինչ որ մենք կը հաւատանք. Աստուծոյ Թագաւորութիւնը իսկական կառավարութիւն մըն է, եւ ոչ թէ՝ սրտի վիճակ։ Աստուծոյ Թագաւորութեան առնչութեամբ Սիօնի դիտարան–ի դեկտեմբեր 1881–ի թիւը ըսաւ. «Այս թագաւորութեան հաստատուիլը անշուշտ պատճառ պիտի դառնայ, որ երկրի բոլոր թագաւորութիւնները տապալին»։

      Ինչ որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Այն թագաւորներուն օրերը երկնքի Աստուածը ուրիշ թագաւորութիւն մը պիտի հանէ, որ յաւիտեան պիտի չաւերուի։ Այս թագաւորութիւնը ուրիշ ժողովուրդի պիտի չթողուի։ Անիկա այս բոլոր թագաւորութիւնները պիտի փշրէ ու պիտի հատցնէ ու ինք յաւիտեան պիտի մնայ» (Դանիէլ 2։44

Եհովայի վկաները իրենց հաւատալիքները փաստելու համար միայն Նոր աշխարհի թարգմանութի՞ւն–ը կը գործածեն

 Ո՛չ, երբ կը քարոզենք մենք Աստուածաշունչի շատ մը թարգմանութիւններ կը գործածենք։ Հակառակ անոր որ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու համար մարդոց ձրիաբար կը բաշխենք Նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը, բայց նաեւ ուրախութեամբ կ’ուսումնասիրենք անոնց հետ, որոնք կը նախընտրեն այլ թարգմանութիւններ գործածել։