Անցնիլ բովանդակութեան

Ի՞նչ է Եհովայի վկաներուն տեսակէտը թաղման արարողութիւններու նկատմամբ

Ի՞նչ է Եհովայի վկաներուն տեսակէտը թաղման արարողութիւններու նկատմամբ

 Թաղման արարողութիւններու հետ կապուած մեր տեսակէտը հիմնուած է Աստուածաշունչին վրայ։ Եւ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ որ...

  •   Բնական է սգալ, երբ սիրելի մը մեռնի։ Յիսուսին աշակերտները սգացին՝ երբ իրենց սիրելիները մահացան (Յովհաննէս 11։33-35, 38. Գործք 8։2. 9։39)։ Ուրեմն, մեզի համար թաղումը լուրջ առիթ է (Ժողովող 3։1, 4. 7։1-4)։ Անիկա ժամանակ է որ ուրիշներուն կարեկցինք (Հռովմայեցիս 12։15

  •   Մեռելները անգիտակից վիճակի մէջ են։ Ինչ էթնիկ կամ մշակութային ծագում ալ որ ունենանք, մենք չենք հետեւիր թաղման արարողութիւններու կամ սովորութիւններու, որոնք հիմնուած են սուրբգրային չեղող հաւատալիքի մը վրայ, ըստ որուն մեռելները գիտակից վիճակի մէջ են եւ կրնան ողջ մարդոց կեանքին ազդել (Ժողովող 9։5, 6, 10)։ Այդ սովորութիւններէն են՝ հոգեհանգիստ, հոգեճաշ, տարելից, մեռելին քով արթուն նստիլ եւ այլն...։ Մենք այդ բոլոր սովորութիւններէն եւ արարողութիւններէն կը խուսափինք, քանի որ կը հնազանդինք Աստուածաշունչի այս պատուէրին. «Զատուեցէ՛ք... Պիղծ բանի մի՛ դպչիք» (Բ. Կորնթացիս 6։17

  •   Մեռելները ետ կեանքի պիտի գան։ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ, որ յարութիւն պիտի ըլլայ եւ թէ ժամանակ պիտի գայ՝ երբ այլեւս մահ պիտի չըլլայ (Գործք 24։15. Յայտնութիւն 21։4)։ Ինչպէս որ այս յոյսը առաջին դարու քրիստոնեաներուն օգնեց, անիկա մեզի ալ կ’օգնէ, որ մեր վիշտն ու ցաւը ծայրայեղ կերպով չարտայայտենք (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։13

  •   Համեստ ըլլանք (Առակաց 11։2)։ Մենք չենք սեպեր որ թաղումը առիթ է, որ մենք մեզ կամ մեր դրամական վիճակը ցուցադրենք (Ա. Յովհաննէս 2։16)։ Մենք հսկայ գումարներ չենք ծախսեր ճոխ թաղումներ ունենալու համար, ոչ ալ սուղ դագաղներ կը գնենք կամ մեռելը արտասովոր կերպով կը հագցնենք՝ ներկաները տպաւորելու նպատակով։

  •   Թաղման նկատմամբ մեր կարծիքը չպարտադրենք ուրիշներուն վրայ։ Մենք կը հետեւինք Աստուածաշունչի այս սկզբունքին. «Մեզմէ ամէն մէկը Աստուծոյ հաշիւ պիտի տայ իր անձին համար» (Հռովմայեցիս 14։12)։ Բայց եթէ մարդիկ մեզի առիթ տան, մենք «հեզութեամբ ու երկիւղածութեամբ» մեր հաւատալիքները կը բացատրենք (Ա. Պետրոս 3։15

Եհովայի վկաները ինչպէ՞ս կը թաղեն իրենց մեռելները

 Վայր։ Եթէ ընտանիքը որոշէ որ թաղման արարողութիւն ըլլայ, անիկա կրնայ տեղի ունենալ հոն՝ ուր ընտանիքը կ’որոշէ. ինչպէս՝ Թագաւորութեան սրահին մէջ, դիակիզարանը կամ գերեզմանատունը։

 Արարողութիւն։ Դասախօսութիւն կը տրուի սգացողները մխիթարելու համար։ Դասախօսը կը բացատրէ այն ինչ որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ մահուան եւ յարութեան յոյսին մասին (Յովհաննէս 11։25. Հռովմայեցիս 5։12. Բ. Պետրոս 3։13)։ Դասախօսութեան մէջ թերեւս յիշուի մեռելին լաւ յատկութիւնները կամ այն քաջալերական դասերը, որոնք կարելի է քաղել իր հաւատարիմ օրինակէն (Բ. Թագաւորաց 1։17-27

 Կարելի է Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած երգ երգել (Կողոսացիս 3։16)։ Արարողութիւնը կ’աւարտի մխիթարիչ աղօթքով (Փիլիպպեցիս 4։6, 7

 Ծախս կամ հանգանակութիւն։ Մենք թաղման արարողութիւններու համար հանգանակութիւն չենք կատարեր, ինչպէս որ մեր ժողովներուն մէջ հանգանակութիւն չենք կատարեր (Մատթէոս 10։8

 Ներկաներ։ Վկայ չեղողներն ալ կրնան ներկայ գտնուիլ թաղման արարողութեան մը, որ տեղի կ’ունենայ մեր Թագաւորութեան սրահին մէջ։ Ինչպէս որ է պարագան մեր ժողովներուն, թաղման արարողութիւնները հանրութեան առջեւ բաց են։

Եհովայի վկաները ներկայ կ’ըլլա՞ն ուրիշ կրօնքի պատկանող մարդոց թաղման արարողութեան

 Ասիկա անձնական որոշում է։ Ամէն մէկ Վկայ որոշում կ’առնէ Աստուածաշունչով մարզուած իր խղճմտանքին համաձայն (Ա. Տիմոթէոս 1։19)։ Բայց եւ այնպէս մենք չենք մասնակցիր կրօնական արարողութիւններու, որոնք Աստուածաշունչին կը հակասեն (Բ. Կորնթացիս 6։14-17