Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի վկաները ինչո՞ւ Սուրբ Ծնունդը չեն տօներ

Եհովայի վկաները ինչո՞ւ Սուրբ Ծնունդը չեն տօներ

Սխալ կարծիքներ մեր մասին

 Կարծիք։ Եհովայի վկաները Սուրբ Ծնունդը չեն տօներ, քանի որ անոնք Յիսուսի չեն հաւատար։

 Իրողութիւն։ Մենք քրիստոնեաներ ենք։ Մենք կը հաւատանք թէ փրկութիւնը կարելի է միայն Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ (Գործք 4։12

 Կարծիք։ Դուք ընտանիքներ կը քանդէք, ձեր անդամներուն սորվեցնելով որ Սուրբ Ծնունդը չտօնեն։

 Իրողութիւն։ Մենք շատ կարեւորութիւն կու տանք ընտանիքներուն, եւ Աստուածաշունչը կը գործածենք մարդոց օգնելու համար որ իրենց ընտանեկան կապերը ամրացնեն։

 Կարծիք։ Դուք չէք ցուցաբերեր առատաձեռնութեան, խաղաղասիրութեան եւ բարեացակամութեան հոգին, որ Սուրբ Ծնունդի շրջանին կը տիրէ։

 Իրողութիւն։ Մենք կը ջանանք առատաձեռն ու խաղաղասէր ըլլալ ամէն օր (Առակաց 11։25. Հռովմայեցիս 12։18)։ Օրինակ, մեր ժողովներուն եւ քարոզչութեան մէջ կը կիրարկենք Յիսուսի այս պատուէրը. «Ձրի առեր էք, ձրի տուէք» (Մատթէոս 10։8)։ Ասկէ զատ, մենք մարդոց կը քարոզենք թէ երկրի վրայ խաղաղութիւն հաստատելու միակ յոյսը Աստուծոյ Թագաւորութիւնն է (Մատթէոս 10։7

Եհովայի վկաները ինչո՞ւ Սուրբ Ծնունդը չեն տօներ

  •   Յիսուս պատուիրեց որ իր մահը յիշատակենք, եւ ոչ թէ իր ծնունդը (Ղուկաս 22։19, 20

  •   Յիսուսի առաքեալները եւ աշակերտները Սուրբ Ծնունդը չտօնեցին։ Համայնագիտարան մը կ’ըսէ. «Սուրբ Ծնունդի տօնակատարութիւնը սկսաւ միայն [Ք.Ե.] 243–էն ետք». այսինքն՝ վերջին առաքեալը մահանալէն աւելի քան դար մը ետք (New Catholic Encyclopedia

  •   Որեւէ փաստ չկայ, որ Յիսուս դեկտեմբեր 25–ին կամ յունուար 6–ին ծնած է. իր ծննդեան թուականը Աստուածաշունչին մէջ չէ արձանագրուած։

  •   Մենք կը հաւատանք որ Աստուած չի հաճիր այս տօնակատարութեան, քանի որ անիկա հեթանոսական սովորութիւններէն եւ ծէսերէն ծագում առած է (Բ. Կորնթացիս 6։17

Ինչո՞ւ Սուրբ Ծնունդը հարցի մը վերածել

 Շատեր տակաւին Սուրբ Ծնունդը կը տօնեն, գիտնալով հանդերձ թէ անիկա հեթանոսական ծագում ունի եւ թէ Աստուածաշունչը անոր թիկունք չի կանգնիր։ Անոնք թերեւս հարց տան. «Ինչո՞ւ մեծամասնութեան չհետեւիլ։ Ինչո՞ւ այս տօնը հարցի մը վերածել»։

 Աստուածաշունչը մեզ կը քաջալերէ, որ մեր տրամաբանութիւնը գործածենք եւ թոյլ չտանք ուրիշներուն որ մեր տեղը իրենք մտածեն (Հռովմայեցիս 12։1, 2)։ Անիկա նաեւ մեզի կը սորվեցնէ ճշմարտութիւնը արժեւորել (Յովհաննէս 4։23, 24)։ Ուստի, թէեւ մեզ կը հետաքրքրէ մարդոց կարծիքը մեր մասին, բայց մենք Աստուածաշունչի սկզբունքներուն կառչած կը մնանք, նոյնիսկ եթէ մարդիկ մեզի ցած աչքով նային։

 Թէեւ մենք Սուրբ Ծնունդը չենք տօներ, բայց կը յարգենք իւրաքանչիւր անհատի որոշումը այս հարցին շուրջ, եւ չենք միջամտեր երբ մարդիկ զայն տօնեն։