Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի վկաները կը խորհի՞ն որ իրենց կրօնքը միակ ճշմարիտ կրօնքն է

Եհովայի վկաները կը խորհի՞ն որ իրենց կրօնքը միակ ճշմարիտ կրօնքն է

 Ան որ կրօնքի հարցը լուրջի կ’առնէ, պէտք է համոզուած ըլլայ որ իր ընտրած կրօնքը Աստուծոյ եւ Յիսուսի աչքին ընդունելի է։ Ապա թէ ոչ, ինչո՞ւ այդ կրօնքին պատկանի։

 Յիսուս Քրիստոս համաձայն չէր այն գաղափարին, թէ բազմաթիւ կրօնքներ ու ճամբաներ փրկութեան կ’առաջնորդեն։ Փոխարէն, ան ըսաւ. «Նեղ է այն դուռը ու նեղուացք է այն ճամբան, որ դէպի կեանք կը տանի եւ քիչուոր են անոնք որ զանիկա կը գտնեն» (Մատթէոս 7։14)։ Եհովայի վկաները կը հաւատան թէ այդ ճամբան գտած են։ Ապա թէ ոչ, ուրիշ կրօնքի մը կը հետեւէին։