Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի վկաներուն առաջարկած Սուրբ Գիրքի դասընթացքը ի՞նչ է

Եհովայի վկաներուն առաջարկած Սուրբ Գիրքի դասընթացքը ի՞նչ է

 Եհովայի վկաները կրնան քեզի գործնական կերպով օգնել, որ գիտնաս Սուրբ Գիրքին սորվեցուցածները։ Մեր առաջարկած Սուրբ Գիրքի դասընթացքը կրնայ քեզի օգնել, որ...

  •   ուրախ կեանք ունենաս

  •   Աստուծոյ հետ մտերիմ ըլլաս

  •   ապագային նկատմամբ Սուրբ Գիրքին խոստումները գիտնաս

Դասընթացքին մասին կարգ մը հարցումներ

 Սուրբ Գիրքի դասընթացքը ինչպէ՞ս կ’ըլլայ

 Եհովայի վկայ մը քեզի պիտի օգնէ, որ Սուրբ Գիրքին ծանօթանաս՝ նիւթ առ նիւթ։ Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գիրքը սերտելը քեզի պիտի օգնէ, որ կամաց–կամաց գիտնաս Սուրբ Գիրքին սորվեցուցածները, եւ թէ ինչպէ՛ս կրնաս ատոնցմէ օգտուիլ։ Այս վիտէոյէն կրնաս աւելի տեղեկութիւններ առնել։

 Սուրբ Գիրքը սերտելու համար պէ՞տք է դրամ վճարեմ

 Ո՛չ։ Եհովայի վկաները կը հետեւին Յիսուսի այս ուղղութեան. «Ձրի առեր էք, ձրի տուէք» (Մատթէոս 10։8)։ Ասկէ զատ, դասընթացքին համար գործածուած գիրքերը,– այսինքն՝ Աստուածաշունչը եւ Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գիրքը,– ձրի են։

 Սուրբ Գիրքի դասընթացքը որքա՞ն կը տեւէ

 Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գիրքը ունի 60 դասեր։ Դուն կրնաս որոշել թէ ո՛րքանէն կ’ուզես դասընթացքը ամբողջացնել։ Բայց սերտողներէն շատեր կը նախընտրեն շաբաթը մէկ կամ աւելի՛ դասեր ամբողջացնել։

 Ինչպէ՞ս կրնամ սկսիլ սերտել

  1.  1. jw.org կայքին վրայ գտնուող դիմումնագիրը լեցուր։ Մենք քու տուած անձնական տեղեկութիւններդ պիտի գործածենք միա՛յն՝ որ Եհովայի վկայ մը քեզի հետ կապուի։

  2.  2. Եհովայի վկայ մը քեզի հետ կապ պիտի պահէ։ Ան քեզի դասընթացքին մասին պէտք եղած տեղեկութիւնները պիտի տայ եւ հարցումներուդ պիտի պատասխանէ։

  3.  3. Դուն եւ հետդ սերտողը համաձայնեցէք թէ ինչպէ՛ս պիտի սերտէք։ Կրնաք սերտել դէմ դիմաց կամ ալ հեռաձայնով, վիտէոյով, նամակով կամ ե–նամակով։ Ընդհանրապէս, սերտողութիւնը մէկ ժամ կ’առնէ, բայց կրնայ աւելի կարճ կամ աւելի երկար ըլլալ,– ինչպէս որ քեզի յարմար է։

 Կրնա՞մ նախ դասընթացքը փորձել

 Այո՛։ Ասիկա ընելու համար, կրնաս այս կայքին վրայ գտնուող դիմումնագիրը լեցնել։ Երբ Եհովայի վկայ մը քեզի հետ կապ պահէ, իրեն ըսէ որ նախ կ’ուզես դասընթացքը փորձել՝ տեսնելու համար թէ պիտի սիրես կամ ոչ։ Ան քեզի հետ պիտի սերտէ Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն գրքոյկը, որ երեք դասեր ունի։ Ասիկա քեզի պիտի օգնէ, որ տեսնես թէ սերտողութիւնը սիրեցի՛ր կամ ոչ։

 Եթէ Սուրբ Գիրքի դասընթացքը ընդունիմ, ստիպուա՞ծ եմ Եհովայի վկայ ըլլալ

 Ո՛չ։ Ճիշդ է որ մենք կը սիրենք մարդոց Սուրբ Գիրքին մասին պատմել, բայց բնա՛ւ մէկը չենք ստիպեր որ Եհովայի վկայ դառնայ։ Մենք յարգանքով կը ներկայացնենք Սուրբ Գիրքին ըսածները, բայց նոյն ատեն գիտենք, որ ամէն անհատ իրաւունք ունի ընտրելու թէ ինչի՛ պիտի հաւատայ (Ա. Պետրոս 3։15

 Կրնա՞մ իմ Սուրբ Գիրքս գործածել

 Այո՛, կրնաս ուզած Սուրբ Գիրքդ գործածել։ Ճիշդ է որ կը սիրենք Սուրբ Գրութիւններու նոր աշխարհի թարգմանութիւն–ը գործածել, քանի որ պարզ եւ ճշգրիտ է, բայց կը հասկնանք երբ շատեր նախընտրեն իրենց ծանօթ Սուրբ Գիրք մը գործածել։

 Կրնա՞ն ուրիշներ ալ սերտողութեանս ներկայ ըլլալ

 Ո՛վ որ ուզես կրնայ ներկայ ըլլալ,– ըլլա՛յ ընտանիքդ կամ ընկերներդ։

 Եթէ ասկէ առաջ Եհովայի վկաներուն հետ սերտած եմ, կրնա՞մ նորէն սերտել

 Այո՛, իրականութեան մէջ թերեւս նոյնիսկ հիմակուան դասընթացքը աւելի՛ սիրես, քանի որ ատիկա անանկ մէկ պատրաստուած է, որ մեր օրերու մարդիկը հետաքրքրէ եւ անոնց օգնէ։ Այս դասընթացքին մէջ աւելի՛ վիտէօներ եւ նկարներ կան։ Եւ, դուն եւ հետդ սերտողը կրնաք նիւթերուն մասին աւելի՛ առնել–տալ իրարու հետ։

 Կրնա՞մ Սուրբ Գիրքը սերտել առա՛նց Եհովայի վկայի մը

 Այո՛։ Ճիշդ է որ շատեր աւելի՛ կ’օգտուին, երբ սերտեն Եհովայի վկայի մը հետ, բայց ոմանք կը նախընտրեն սկիզբը առանձին սերտել։ Անոր համար, մեր կայքին վրայ պատրաստուած է «Աստուածաշունչը սերտելու միջոցներ» բաժինը, որ քեզի կրնայ օգնել Սուրբ Գիրքը սերտելու։ Օրինակ, հոն կը գտնես՝