Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի վկաները տունէ տուն կը քարոզեն որ փրկուելու արժանի՞ ըլլան

Եհովայի վկաները տունէ տուն կը քարոզեն որ փրկուելու արժանի՞ ըլլան

 Ո՛չ։ Ճիշդ է որ կանոնաւորաբար տունէ տուն կը քարոզենք, բայց չենք կարծեր որ այսպէս ընելով փրկուելու արժանի պիտի ըլլանք (Եփեսացիս 2։8)։ Ինչո՞ւ։

 Օրինակով մը բացատրենք. երեւակայէ որ բարեսէր մարդ մը կը խոստանայ թանկարժէք նուէր մը տալ բոլոր անոնց՝ որոնք որոշ օր մը իր որոշած վայրը պիտի գտնուին։ Եթէ իսկապէս հաւատաս անոր խոստումին, իր ցուցմունքներուն չե՞ս հետեւիր։ Անշո՛ւշտ կը հետեւիս։ Թերեւս նաեւ բարեկամներուդ եւ ընտանիքիդ պատմես, որ իրենք ալ առիթէն օգտուին։ Ասով հանդերձ, դուն այդ նուէրին չես արժանանար պարզապէս քանի որ իր ցուցմունքներուն հետեւեցար, այլ քանի որ ի՛նք ուզեց քեզի այդ նուէրը տալ։

 Նմանապէս, Եհովայի վկաները կը հաւատան Աստուծոյ այն խոստումին, որ յաւիտենական կեանք պիտի շնորհէ բոլոր իրեն հնազանդողներուն (Հռովմայեցիս 6։23)։ Մենք կը ջանանք մեր հաւատքին մասին ուրիշներուն պատմել, յուսալով որ անոնք Աստուծոյ խոստումներէն օգտուին։ Բայց մենք չենք խորհիր թէ քարոզելով փրկութեան պիտի արժանանանք (Հռովմայեցիս 1։17. 3։28)։ Իրականութեան մէջ մարդ արարածը ի՛նչ ալ ընէ, չի կրնար իր ջանքերով Աստուծոյ այս հոյակապ օրհնութեան արժանանալ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Ո՛չ թէ արդարութեան գործերէն՝ որոնք մենք ըրինք, հապա իր ողորմութեան համաձայն մեզ փրկեց» (Տիտոս 3։5