Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ՝ ՈՐ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄԸ ՊԻՏԻ ԿԱՏԱՐԷ

«Քու թագաւորութիւնդ գայ»

«Քու թագաւորութիւնդ գայ»

Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը բոլոր մարդիկը կը քաջալերէ, որ իրարու հետ համագործակցին, մարդկային իրաւունքները յարգեն եւ երկրագունդը պաշտպանեն։ Պատճա՞ռը։ Ինչպէս որ UN Chronicle–ի մէջ Մահեր Նասեր ըսաւ, «կլիմայի փոփոխութիւնը, կազմակերպուած ոճիրը, երթալէն աւելցող անհաւասարութիւնները, լուծում չգտած պատերազմները, հաւաքական տեղահանումը, համաշխարհային ահաբեկչութիւնը, վարակիչ հիւանդութիւնները եւ նոյնանման վտանգներ, երկիրներու սահմանները չեն ճանչնար»։

Ուրիշներ նոյնիսկ քաջալերած են համաշխարհային կառավարութիւն մը հաստատել։ Անոնցմէ են՝ իտալացի փիլիսոփայ, բանաստեղծ եւ դիւանագէտ Տանթէ (1265-1321) եւ բնագէտ Ալպերթ Այնշթայն (1879-1955)։ Տանթէ կը հաւատար որ խաղաղութիւնը չի կրնար յարատեւել քաղաքականօրէն բաժնուած աշխարհի մը մէջ։ Յիսուս Քրիստոսին խօսքը մէջբերելով, ան ըսաւ որ թագաւորութիւն մը «իրեն դէմ բաժնուած՝ կ’աւերի» (Ղուկաս 11։17

Համաշխարհային Բ. պատերազմէն քիչ ետք, որուն ընթացքին երկու հիւլէական ռումբեր գործածուեցան, Ալպերթ Այնշթայնը Միացեալ ազգերու ընդհանուր համագումարին բաց նամակ մը գրեց։ Ան ըսաւ. «ՄԱԿ–ը պէտք է շատ արագ գործի անցնի, որպէսզի միջազգային ապահովութեան անհրաժեշտ պայմանները ստեղծէ, իսկական համաշխարհային կառավարութեան մը հիմերը դնելով»։

Բայց կրնա՞նք վստահ ըլլալ որ այն քաղաքագէտները, որոնք այս զօրաւոր կառավարութեան մաս պիտի կազմէին, բնաւ պիտի չդառնային փտած, անզօր, անարդար ու դաժան։ Այս հարցումը մեզի կը յիշեցնէ անգլիացի պատմաբան Լորտ Էգթընի խօսքը. «Հեղինակութիւնը ապականելու հակամէտ է, իսկ բացարձակ հեղինակութիւնը բացարձակապէս կ’ապականէ»։

Բայց եւ այնպէս, որպէսզի մարդկային ընտանիքը կարենայ իսկական խաղաղութիւն եւ համերաշխութիւն վայելել, պէտք է միացած ըլլայ։ Ինչպէ՞ս կարելի է այդ նպատակակէտին հասնիլ։ Արդեօք ատիկա իրատեսակա՞ն է։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ այո՛. այդ նպատակակէտը պիտի իրագործուի։ Ինչպէ՞ս։ Ո՛չ թէ ապականելի քաղաքագէտներէ բաղկացած համաշխարհային կառավարութեան մը միջոցաւ, հապա Աստուծոյ կողմէ հաստատուած կառավարութեան մը միջոցաւ։ Ասկէ աւելին, ատոր միջոցաւ Աստուած իր ստեղծագործութեան վրայ իշխելու իր իրաւունքը ի գործ պիտի դնէ։ Ի՞նչ է այդ կառավարութիւնը։ Սուրբ Գիրքը նոյնիսկ անոր անուն կու տայ. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը» (Ղուկաս 4։44

«ՔՈՒ ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԴ ԳԱՅ»

Յիսուս Քրիստոս Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի մտի ունէր, երբ տիպար աղօթքին մէջ ըսաւ. «Քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ. . . երկրի վրայ» (Մատթէոս 6։9, 10)։ Իրապէս ալ, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը վստահ պիտի ըլլայ, որ երկրի վրայ Աստուծոյ կամքը կը կատարուի եւ ոչ թէ հեղինակութեան տենչացող անձնասէր մարդոց կամքը։

Աստուծոյ Թագաւորութիւնը նաեւ կը կոչուի «երկնքի թագաւորութիւնը» (Մատթէոս 5։3)։ Ինչո՞ւ։ Ճիշդ է որ երկրի վրայ պիտի իշխէ, բայց պիտի չիշխէ երկրէն, հապա՝ երկինքէն։ Ասիկա կը նշանակէ, որ այս համաշխարհային կառավարութիւնը պէտք պիտի չունենայ մարդոցմէ տուրքեր առնելու։ Ի՜նչ հանգստութիւն իր հպատակներուն։

Ինչպէս որ «թագաւորութիւն» բառը ցոյց կու տայ, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը արքայական կառավարութիւն մըն է։ Ունի Թագաւոր մը՝ Յիսուս Քրիստոս, որ Աստուծմէ հեղինակութիւն ստացած է։ Աստուածաշունչը Յիսուսի մասին կ’ըսէ.

  • «Իշխանութիւնը անոր ուսին վրայ պիտի ըլլայ. . . անոր իշխանութեանը մեծնալուն ու խաղաղութեանը սահման չկայ» (Եսայի 9։6, 7

  • «Անոր իշխանութիւն, պատիւ ու թագաւորութիւն տրուեցաւ, որպէս զի բոլոր ժողովուրդները, ազգերն ու լեզուները անոր ծառայութիւն ընեն։ Անոր իշխանութիւնը. . . պիտի չանցնի» (Դանիէլ 7։14

  • «Աշխարհի թագաւորութիւնները մեր Տէրոջը [Աստուծոյ] ու իր Օծեալինը եղան» (Յայտնութիւն 11։15

Յիսուսի տիպար աղօթքին առ ի կատարում, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը լիովին պիտի ընէ Աստուծոյ կամքը երկրի վրայ։ Այս Թագաւորութեան ներքեւ, ամբողջ մարդկութիւնը պիտի սորվի երկրագունդին հոգ տանիլ, այնպէս որ անգամ մը եւս առողջ ըլլայ եւ կեանքով վխտայ։

Ամէն բանէ առաջ, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը իր հպատակները պիտի կրթէ։ Բոլոր մարդիկը նոյն չափանիշները պիտի սորվին։ Մարդոց միջեւ անհամաձայնութիւն կամ բաժանում պիտի չըլլայ։ Եսայի 11։9–ն կ’ըսէ. «Անոնք պիտի չվնասեն ու չապականեն. . . քանզի երկիրը Տէրոջը գիտութիւնովը պիտի լեցուի, ինչպէս ջուրերը ծովը կը ծածկեն»։

Ամբողջ աշխարհի մէջ մարդիկ միացած պիտի ըլլան եւ խաղաղութեամբ իրարու հետ պիտի ապրին. բան մը, որ ՄԱԿ–ը չկրցաւ իրագործել։ Անոնք «խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան», կ’ըսէ Սաղմոս 37։11–ը։ Ժամանակի ընթացքին, «ոճիր», «ապականութիւն», «աղքատութիւն» եւ «պատերազմ» բառերը մեր բառամթերքէն պիտի անհետանան։ Բայց ասիկա ե՞րբ պիտի ըլլայ։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ե՞րբ ամբողջ երկրի վրայ պիտի իշխէ եւ ինչպէ՞ս։ Իսկ դուն ինչպէ՞ս անոր իշխանութենէն կրնաս օգտուիլ։ Յաջորդ յօդուածը կը պատասխանէ։