Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԽՆԴԻՐԸ

Մեր ապահովութիւնը վտանգի տակ է

Մեր ապահովութիւնը վտանգի տակ է

«Այս սերունդը ամէն ժամանակէ աւելի արհեստագիտական, գիտական եւ տնտեսական միջոցներ ունի. . . բայց եւ այնպէս, թերեւս առաջին սերունդն է, որ աշխարհը հասցուցած է [քաղաքական, տնտեսական եւ կենսոլորտային] կործանումի սեմին» (The Global Risks Report 2018, World Economic Forum

ԱՇԽԱՐՀԻ ՎԻՃԱԿՆԵՐԷՆ ՏԵՂԵԱԿ ԵՂՈՂ ԱՆՀԱՏՆԵՐ ԻՆՉՈ՞Ւ ՄՏԱՀՈԳ ԵՆ ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԵՐԿՐԱԳՈՒՆԴԻՆ ԱՊԱԳԱՅՈՎ։ ՆԿԱՏԻ ԱՌ ԱՅՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐԷՆ ՈՄԱՆՔ, ՈՐՈՆՔ ՆԵՐԿԱՅԻՍ ԿԸ ԴԻՄԱԳՐԱՒԵՆՔ։

  • ԵԼԵԿՏՐՈՆԱՅԻՆ ՈՃԻՐ։ Լրագիր մը կ’ըսէ որ համացանցը երթալէն աւելի վտանգաւոր վայր մը կը դառնայ։ Հոն ազատութիւն կ’առնեն՝ մանկամոլներ, կայքահէններ (hacker), մարդիկ որոնք կը սիրեն ուրիշները վախցնել, նուաստացնել կամ անոնց սպառնալ, եւ մարդիկ որոնք դիտմամբ չարամիտ, գրգռիչ կամ թշնամական նիւթեր կը դնեն։ Նաեւ կ’ըսէ. «Ինքնութիւնը գողնալը ամէնէն արագ շատցող ոճիրներէն մէկն է։ . . .Համացանցը մարդոց առիթ կու տայ, որ դրսեւորեն մարդկային ամէնէն գէշ յատկութիւններէն մէկը. վայրագ եւ անգութ ըլլալ» (The Australian

  • ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԱՆՀԱՒԱՍԱՐՈՒԹԻՒՆ։ Oxfam International–ի վերջին մէկ տեղեկագրութիւնը կ’ըսէ, որ աշխարհի ամենահարուստ ութ անհատները նոյնքան հարստութիւն ունին, որքան 3,6 միլիառ աղքատներ միասնաբար ունին։ Նաեւ կը նշէ. «Տնտեսական վատ կացութիւնը հարուստ խաւը կը հարստացնէ աղքատ խաւին հաշւոյն, որուն մեծամասնութիւնը կիներ են»։ Ոմանք կը վախնան, որ հետզհետէ աւելցող անհաւասարութիւնը պատճառ դառնայ որ մարդիկ ըմբոստանան։

  • ՊԱՏԵՐԱԶՄ ԵՒ ՀԱԼԱԾԱՆՔ։ ՄԱԿ–ի Գաղթականներու հարցերով գործակալութեան 2018–ի տեղեկագրութեան համաձայն, «այժմ աննախընթաց հաւաքական տեղահանում կ’արձանագրուի»։ Աւելի քան 68 միլիոն հոգի ստիպուեցան իրենց տուները ձգել, մեծաւ մասամբ պատերազմի կամ հալածանքի պատճառով։ Տեղեկագրութիւնը ըսաւ. «Ամէն երկու երկվայրկեան՝ 1 անհատ բռնի ուժով կը տեղահանուի»։

  • ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻՆ ՍՊԱՌՆԱՑՈՂ ՎՏԱՆԳՆԵՐ։ Տեղեկագիր մը կ’ըսէ. «Բոյսերու եւ անասուններու զանազան տեսակներ շատ արագ կ’անհետանան» եւ «օդին ու ծովուն ապականութիւնը երթալէն աւելի վտանգ կը հանդիսանայ մարդուն առողջութեան» (The Global Risks Report 2018)։ Նաեւ, կարգ մը երկիրներու մէջ միջատներու թիւը շա՜տ կը նուազի։ Որովհետեւ միջատներուն մէկ դերն է բոյսերուն բեղմնափոշին տարածել, գիտնականները ներկայիս կը զգուշացնեն, որ մեր կենսոլորտը թերեւս ամբողջութեամբ կործանի։

Արդեօք կարո՞ղ ենք պէտք եղած փոփոխութիւնները ընել, աւելի ապահով աշխարհ մը ունենալու համար։ Ոմանք կը խորհին որ կրթութիւնը կարեւոր դեր ունի։ Բայց ի՞նչ տեսակ կրթութիւն կրնայ իրապէս փոխել մարդոց մտածելակերպն ու վարուելակերպը։ Յաջորդ յօդուածները այս հարցումներուն պիտի պատասխանեն։