Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԱՍՏՈՒԱԾ ԾԽԵԼԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԸ ՆԿԱՏԷ

Ի՞նչ է ծխելու շուրջ Աստուծոյ տեսակէտը

Ի՞նչ է ծխելու շուրջ Աստուծոյ տեսակէտը

Նախորդ յօդուածին մէջ նշուած Նաօքոն ծխախոտը ձգելու իր յաղթանակին առնչութեամբ ըսաւ. «Կրցայ կեանքս փոխել, քանի որ Աստուծոյ յատկութիւններուն եւ նպատակներուն մասին ճշմարտութիւնը գիտցայ»։ Անոր սորվածները կը գտնուին Աստուածաշունչին մէջ։ Թէեւ Աստուածաշունչը բնաւ ծխախոտին նիւթը չի բերեր, բայց մեզի կ’օգնէ հասկնալու թէ Աստուած ծխախոտի գործածութիւնը ինչպէ՛ս կը նկատէ *։ Շատերու համար, ասիկա գիտնալը զիրենք մղեց որ այս սովորութեան դէմ դնեն կամ զայն կեցնեն (Բ. Տիմոթէոս 3։16, 17)։ Նկատի առնենք ծխելուն առթած երեք հանրածանօթ վնասակար ազդեցութիւններ եւ տեսնենք թէ անոնց մասին Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ։

ԾԽԵԼԸ ՄՈԼՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՊԱՏՃԱՌԷ

Ծխախոտը կը պարունակէ նիքոթին, որ մեծապէս մոլութիւն կը պատճառէ։ Անիկա կը գործէ թէ՛ որպէս գրգռիչ եւ թէ որպէս ընկճիչ։ Ծխելը ուղեղին կը հասցնէ նիքոթինը անմիջապէս եւ կրկնակի կերպով։ Ի մտի ունենալով որ ամէն անգամ որ անհատը ծուխը կը ներքաշէ, մէկ դեղաչափ նիքոթին կը ստանայ, միջին հաշուով ան մէկ տուփ ծխելով գրեթէ 200 դեղաչափ կը ստանայ, ինչ որ իսկապէս մե՜ծ քանակ է։ Ասոր համար մարմինը մեծապէս նիքոթինի մոլին կը դառնայ։ Եւ անգամ մը որ ծխող անհատը ծխախոտին վարժուի, ան կը սկսի անհանգստանալ, եթէ նիքոթին չստանայ։

«Ծառայ կ’ըլլաք անոր՝ որուն որ կը հնազանդիք» (Հռովմայեցիս 6։16)

Իրապէս կրնա՞ս Աստուծոյ հնազանդիլ, երբ ծխախոտի մոլութեան գերի դարձած ես

Աստուածաշունչը մեզի կ’օգնէ որ այս հարցին շուրջ ճիշդ տեսակէտ ունենանք, երբ կ’ըսէ. «Չէ՞ք գիտեր թէ որու որ անձերնիդ իբր ծառայ ընծայէք հնազանդելու, ծառայ կ’ըլլաք անոր՝ որուն որ կը հնազանդիք» (Հռովմայեցիս 6։16)։ Երբ ծխախոտի տենչը անհատին մտածումներն ու արարքները ղեկավարէ, ան շուտով այդ նուաստացուցիչ սովորութեան գերին կը դառնայ։ Սակայն Աստուած, որուն անունը Եհովա է, կ’ուզէ որ ազատ ըլլանք, ոչ միայն այնպիսի սովորութիւններէ, որոնք մեր մարմինին կը վնասեն, այլեւ որոնք կ’ապականեն մեր հոգին, այսինքն մեր տիրական մտային հակումը (Սաղմոս 83։18. Բ. Կորնթացիս 7։1)։ Ուստի, մինչ Եհովային հանդէպ անհատին գնահատանքն ու յարգանքը կ’աւելնայ, ան կ’անդրադառնայ թէ Եհովան արժանի է որ իրեն իր լաւագոյնը տայ, եւ թէ չի կրնար ասիկա ընել եթէ այս մահաբեր սովորութեան գերին մնայ։ Այս գիտակցութիւնը անհատին կամքը կը զօրացնէ՝ վնասակար ցանկութիւններու դէմ դնելու։

Օլաֆ, որ Գերմանիոյ մէջ կ’ապրի, յաղթահարեց ծխիկի 16 տարուան իր մոլութիւնը, որ 12 տարեկանէն ի վեր սկսած էր։ «Առաջին ծխիկը անվնաս ձիւնագունդի պէս էր», ըսաւ ան։ «Բայց տարիներու ընթացքին անիկա հսկայ ձիւնակոյտ եղաւ։ Օր մը երբ ծխիկ չունէի, այնքան վհատեցայ որ մոխրամանէն ծխուկները հաւաքեցի, անոնց մէջի ծխախոտը հանեցի, եւ զայն թերթի կտորի մը մէջ փաթթելով ծխիկ շինեցի։ Յետադարձ ակնարկով կրնամ ըսել թէ ասիկա շատ ամօթալի արարք մըն էր»։ Ան ծխելու նուաստացուցիչ սովորութենէն ինչպէ՞ս ձերբազատուեցաւ։ «Ամենակարեւոր ազդակը Եհովան հաճեցնելու փափաքս էր», ըսաւ ան։ «Մարդկութեան հանդէպ Եհովայի սէրը եւ իր տուած յոյսը, զիս զօրացուցին որ այս մոլութիւնը մէկ անգամ ընդմիշտ ձգեմ»։

ԾԽԵԼԸ ՄԱՐՄԻՆԻՆ ԿԸ ՎՆԱՍԷ

«Գիտականօրէն փաստուած է թէ ծխիկ ծխելը. . . կը վնասէ մարմնին գրեթէ իւրաքանչիւր անդամին եւ թէ կ’աւելցնէ ախտաւորութիւնն ու մահացութիւնը», կ’ըսէ գիրք մը (The Tobacco Atlas)։ Հանրածանօթ է որ ծխելը կը պատճառէ ոչ–վարակիչ հիւանդութիւններ, ինչպէս՝ քաղցկեղ, սրտի հիւանդութիւն եւ թոքի ախտեր։ Բայց Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան համաձայն (ԱՀԿ), ծխելը նաեւ վարակիչ հիւանդութիւններով,– ինչպէս թոքախտ,– մեռնելու հիմնական պատճառն է։

«Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ» (Մատթէոս 22։37)

Արդեօք Աստուած սիրած եւ յարգած կ’ըլլա՞ս, եթէ նուաստացուցիչ սովորութեամբ մը աստուածատուր մարմինդ չարաչար գործածես

Եհովա Աստուած իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին միջոցաւ մեզի կը սորվեցնէ որ մեր կեանքին, մարմնին եւ մտային կարողութիւններուն նկատմամբ պատշաճ տեսակէտ ունենանք։ Իր Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս, այս բանին ակնարկեց, երբ ըսաւ. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ» (Մատթէոս 22։37)։ Յստակ է թէ Աստուած կ’ուզէ որ մեր կեանքը եւ մարմինը լաւ կերպով գործածենք եւ անոնց նկատմամբ յարգանք դրսեւորենք։ Մինչ Եհովային ու իր խոստումներուն մասին կը սորվինք, կը սկսինք զինք սիրել եւ մեզի համար իր ըրած բոլոր բաները արժեւորել։ Ասիկա մեզ կը մղէ որ հեռու մնանք ամէն բանէ որ մեր մարմինը կ’ապականէ։

Ճայավանդ՝ Հնդկաստանի մէջ բժիշկ մը, 38 տարի ծխեց։ Ան ըսաւ. «Բժշկական պարբերաթերթերու միջոցաւ տեղեկացայ ծխելու վտանգներուն մասին։ Գիտէի թէ ծխախոտի գործածութիւնը սխալ էր, եւ հիւանդներուս կը յանձնարարէի որ այս սովորութիւնը դադրեցնեն։ Բայց ես անձամբ զայն չէի կրնար կեցնել, հակառակ որ հինգ կամ վեց անգամ փորձեցի»։ Ի վերջոյ ի՞նչ բան իրեն օգնեց որ ծխելէ դադրի։ Ան կը պատմէ. «Աստուածաշունչը սերտելը պատճառ դարձաւ որ ծխելը ձգեմ։ Եհովան հաճեցնելու փափաքս զիս մղեց որ անմիջապէս այդ սովորութիւնը կեցնեմ»։

ԾԽԵԼԸ ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ ԿԸ ՎՆԱՍԷ

Արտաշնչուած ծուխը եւ մխացող ծխախոտին արձակած ծուխը թունաւոր են։ Զանոնք ներշնչելը կը պատճառէ քաղցկեղ եւ այլ հիւանդութիւններ, ամէն տարի սպաննելով 600,000 չծխող անհատներ, որոնց մեծամասնութիւնը կիներ ու երեխաներ են։ ԱՀԿ–ը կ’ազդարարէ. «Անուղղակի կերպով ներշնչուած ծուխին ապահով քանակ չկայ»։

«Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս» (Մատթէոս 22։39)

Իսկապէս ընկերդ ու ընտանիքդ սիրած կ’ըլլա՞ս, եթէ զիրենք անուղղակի ծխողներ դարձնելու վտանգին ենթարկես

Յիսուս կ’ըսէ թէ մեր ընկերը սիրելը,– ընտանիքը, բարեկամները եւ շուրջինները,– երկրորդ մեծագոյն պատուիրանն է՝ Աստուած սիրելու պատուիրանէն ետք։ «Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս», ըսաւ ան (Մատթէոս 22։39)։ Եթէ յարատեւենք սովորութեան մը մէջ, որ մեր մօտ եղողներուն կը վնասէ, դրացիական սէր ցոյց տուած չենք ըլլար։ Անկեղծ սէրը թոյլ կու տայ որ Աստուածաշունչին սա յորդորին հետեւինք. «Չըլլայ որ մէկը միայն իր անձին օգուտը փնտռէ, հապա իր ընկերինն ալ» (Ա. Կորնթացիս 10։24

Արմէն, որ Հայաստան կը բնակի, կը մտաբերէ. «Ընտանիքիս անդամները խնդրում էին ինձ, որ չծխեմ, քանի որ ծխախոտի ծուխը ազդում էր իրենց վրայ։ Բայց ես չէի ուզում ընդունել, որ այն կարող էր վատ ազդեցութիւն ունենալ նրանց վրայ»։ Ան կը բացատրէ թէ ի՛նչ բան իր տեսակէտը փոխեց, ըսելով. «Աստուածաշնչեան գիտելիքներն ու Եհովայի հանդէպ սէրն օգնեցին, որ թողնեմ ծխելը, ինչպէս նաեւ ընդունեմ, որ այն վնասում է ոչ միայն ինձ, այլեւ իմ շուրջը գտնուող մարդկանց»։

ԾԽԵԼԸ ՅԱՒԻՏԵԱՆ ՎԵՐՋ ՊԻՏԻ ԳՏՆԷ

Աստուածաշունչի գիտութիւնը Օլաֆին, Ճայավանդին եւ Արմէնին օգնեց որ ձերբազատուին այս նուաստացուցիչ սովորութենէն, որ թէ՛ իրենց եւ թէ ուրիշներուն կը վնասէր։ Անոնք ծխախոտի գործածութիւնը յաջողապէս ձգեցին, ոչ թէ պարզապէս քանի որ անոր վնասակար ըլլալը շօշափեցին, այլ՝ քանի որ սկսան Եհովան սիրել եւ փափաքեցան զինք հաճեցնել։ Սիրոյ կարեւոր դերը կը շեշտուի Ա. Յովհաննէս 5։3–ի մէջ, որ կ’ըսէ. «Ասիկա է Աստուծոյ սէրը, որ անոր պատուիրանքները պահենք եւ անոր պատուիրանքները ծանր բան չեն»։ Անշուշտ, աստուածաշնչական սկզբունքներուն հետեւիլը միշտ ալ դիւրին պիտի չըլլայ, բայց երբ անհատ մը Աստուած խորապէս սիրէ, հնազանդիլը ծանր բան պիտի չըլլայ։

Երկրապարփակ դաստիարակչական արշաւի մը միջոցաւ, Եհովա Աստուած այժմ միլիոնաւորներու կ’օգնէ որ ձերբազատուին կամ հեռու մնան ծխախոտի գերութենէն (Ա. Տիմոթէոս 2։3, 4)։ Շատ շուտով, ան իր Թագաւորութեան միջոցաւ,– Յիսուս Քրիստոսի գլխաւորութեամբ երկնային կառավարութիւն մը,– պիտի չքացնէ առեւտրական ագահ դրութիւնը, որ միլիոնաւորներ մղած է ծխախոտին գերի դառնալու։ Եհովան ծխելու համաճարակը առյաւէտ մէջտեղէն պիտի վերցնէ, եւ հնազանդ մարդկութեան կատարեալ մարմին ու միտք պիտի շնորհէ (Եսայի 33։24. Յայտնութիւն 19։11, 15

Եթէ ծխելը կեցնելու համար կը պայքարիս, մի՛ յանձնուիր։ Եթէ սորվիս Եհովան սիրել եւ ծխելու նկատմամբ իր տեսակէտը յարգել, դո՛ւն ալ կրնաս յաջողելու պէտք եղած մղումը ունենալ։ Եհովայի վկաները ուրախ պիտի ըլլան քեզի գործնական, անհատական օգնութիւն տալով, որպէսզի կարենաս աստուածաշնչական սկզբունքները սորվիլ ու կիրարկել։ Վստահ եղիր որ եթէ ծխախոտի մոլութենէն ձերբազատուելու համար ուզես Եհովային օգնութիւնը, ան քեզի պիտի տայ հարկ եղած զօրութիւնը (Փիլիպպեցիս 4։13

^ պարբ. 3 Ծխելը հոս կ’ակնարկէ ուղղակիօրէն այն ծուխը շնչելուն, որ կ’ելլէ ծխիկէն, ծխագլանէն, ծխամորճէն կամ կլկլակէն։ Սակայն, քննարկուած սկզբունքները նոյնպէս կը կիրարկուին ծամելիք ծխախոտի, քթախոտի, նիքոթին պարունակող ելեկտրոնային ծխիկներու եւ ուրիշ արտադրութիւններու գործածութեան։